ՍՈՓՈՆԵԱՅ 3
3
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻՆ ՄԵՂՔԸ ԵՒ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ
1Վա՜յ ապստամբ ու պիղծ քաղաքին,
Հարստահարութիւն ընող քաղաքին։
2Խօսք մտիկ չըրաւ, խրատ չընդունեց,
Տէրոջը չապաւինեցաւ, իր Աստուծոյն չմօտեցաւ։
3Անոր իշխանները անոր մէջ մռնչող առիւծներ են,
Անոր դատաւորները երեկոյեան գայլեր են,
Որոնք մինչեւ առտու բան մը չեն թողուր։
4Անոր մարգարէները սնապարծ ու նենգաւոր մարդիկ են,
Անոր քահանաները սրբարանը պղծեցին
Ու օրէնքը բռնադատեցին։
5Արդար Տէրը անոր մէջ է,
Անիկա անօրէնութիւն չի գործեր.
Առաւօտէ առաւօտ իր իրաւունքը կը ցուցադրէ ու ետ չի մնար,
Բայց անիրաւը ամչնալ չի գիտեր։
6«Ազգերը բնաջինջ ըրի,
Անոնց աշտարակները կործանուեցան։
Անոնց փողոցները աւերեցի,
Որպէս զի անոնցմէ անցնող չըլլայ։
Անոնց քաղաքները ամայացան,
Անմարդ ու անբնակ եղան։
7Ըսի թէ ‘Դուն անշուշտ ինծմէ պիտի վախնաս
Ու խրատ պիտի ընդունիս’։
Անոր բնակարանը բնաջինջ պիտի ըլլայ,
Որչափ որ սահմանած էի,
Սակայն անոնք կանուխ ելան
Ու իրենց բոլոր գործերը ապականեցին»։
8«Ուրեմն ինծի սպասեցէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը,
Մինչեւ այն օրը, որ որսի համար ոտքի ելլեմ։
Քանզի վճռած եմ ազգերը հաւաքել,
Թագաւորութիւնները գումարել,
Որպէս զի անոնց վրայ իմ սրտմտութիւնս,
Իմ բոլոր սաստիկ բարկութիւնս թափեմ.
Քանզի բոլոր երկիրը իմ նախանձիս կրակովը պիտի սպառի։
9Վասն զի այն ժամանակ ժողովուրդներուն շրթունքները
Մաքուր շրթունքներու պիտի դարձնեմ,
Որպէս զի ամէնքը Տէրոջը անունը կանչեն
Ու մէկ #3:9 Եբր., ուսովսրտով անոր ծառայութիւն ընեն։
10Եթովպիայի գետերուն անդիի կողմէն
Ինծի աղերսողները, իմ ցրուածներուս աղջիկը,
Ինծի պատարագ պիտի մատուցանեն։
11«Այն օրը պիտի չամչնաս քու այն բոլոր գործերուդ համար,
Որոնցմով ինծի դէմ ապստամբեցար։
Քանզի այն ատեն քու հպարտութիւնովդ զուարճացողները քու մէջէդ պիտի վերցնեմ
Ու անգամ մըն ալ իմ սուրբ լերանս վրայ պիտի չգոռոզանան։
12Քու մէջդ խոնարհ ու աղքատ ժողովուրդ մը իբր մնացորդ պիտի թողում,
Որոնք Տէրոջը անուանը պիտի յուսան։
13Իսրայէլին մնացորդները անօրէնութիւն պիտի չընեն
Ու սուտ պիտի չխօսին,
Անոնց բերնին մէջ նենգաւոր լեզու պիտի չգտնուի.
Քանզի անոնք պիտի արածին ու պիտի պառկին
Ու վախցնող պիտի չըլլայ»։
ՑՆԾՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
14Ցնծա՛, ո՛վ Սիօնի աղջիկ,
Բարձրաձայն աղաղակէ՛, ո՛վ Իսրայէլի,
Բոլոր սրտով ուրախ եւ զուարթ եղի՛ր,
Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ։
15Տէրը քու դատապարտութիւնդ հեռացուց քեզմէ,
Քու թշնամիդ վռնտեց.
Իսրայէլի թագաւորը՝ Տէրը՝ քու մէջդ է,
Անգամ մըն ալ չարիք պիտի չտեսնես։
16Այն օրը Երուսաղէմին պիտի ըսուի՝ ‘Մի՛ վախնար’
Ու Սիօնին՝ ‘Ձեռքերդ թող չթուլնան’։
17Քու Տէր Աստուածդ քու մէջդ զօրաւոր է,
Անիկա քեզ պիտի փրկէ։
Անիկա քեզի համար ուրախութեամբ պիտի զուարճանայ
Ու իր սիրովը քեզի թողութիւն պիտի տայ
Եւ քու վրադ ցնծութեամբ պիտի ուրախանայ։
18«Հանդիսաւոր օրուան մը նման քեզմէ ցրուածները պիտի հաւաքեմ
Ու նախատինքը քեզմէ պիտի հեռացնեմ։
19Ահա ես այն ժամանակ բոլոր քեզ նեղողները պիտի սպառեմ։
Կաղը պիտի ազատեմ ու վռնտուածը պիտի հաւաքեմ։
Զանոնք գովելի ու անուանի պիտի ընեմ
Այն բոլոր երկիրներուն մէջ ուր նախատինք կրեր էին։
20Այն ատեն ձեզ ետ պիտի բերեմ,
Այն ատեն ձեզ պիտի հաւաքեմ
Եւ երկրի բոլոր ժողովուրդներուն մէջ ձեզ անուանի ու գովելի պիտի ընեմ,
Երբ ձեր գերութիւնը ձեր աչքերուն առջեւ դադրեցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
Currently Selected:
ՍՈՓՈՆԵԱՅ 3: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.