YouVersion Logo
Search Icon

ՍՈՓՈՆԵԱՅ 2

2
ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅՈՐԴՈՐ ՄԸ
1 # 2:1 Կամ, հաւաքուեցէ՛ք, հաւաքուեցէ՛ք Քննեցէ՛ք ձեր անձերը, քննեցէ՛ք՝ ՝,
Ո՛վ չամչցող ազգ,
2Դեռ մղեղի պէս մէկ կողմ չքշուած,
Դեռ Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը ձեր վրայ չեկած,
Դեռ Տէրոջը բարկութեան օրը ձեր վրայ չհասած
3Տէրը փնտռեցէ՛ք, ո՛վ երկրի բոլոր խոնարհներ։
Դուք որ անոր օրէնքը կը գործադրէք,
Արդարութի՛ւն փնտռեցէք, խոնարհութի՛ւն փնտռեցէք,
Թերեւս Տէրոջը բարկութեան օրը ծածկուիք։
ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՇՈՒՐՋԻ ԱԶԳԵՐՈՒՆ ԴԱՏԱՎՃԻՌԸ
4Քանզի Գազանը պիտի լքուի,
Ասկաղոնը պիտի ամայանայ,
Ազովտոսը կէսօրուան ատեն պիտի վռնտուի
Եւ Ակկարոնը արմատէն պիտի խլուի։
5Վա՜յ ծովեզերքը բնակողներուն, Քերեթիներու ազգին։
Ո՛վ Քանան, Փղշտացիներու երկիր, Տէրոջը խօսքը քեզի դէմ է,
Քեզ ալ պիտի աւերեմ, այնպէս որ բնակիչ չունենաս։
6Ծովեզերքը հովիւներու #2:6 Կամ, գետնափոր բնակարաններբնակարաններ ու աւազաններ՝ ՝
Ու հօտերու փարախներ պիտի ըլլան։
7Ծովեզերքը Յուդային տանը մնացորդին պիտի ըլլայ։
Հոն պիտի արածին։
Իրիկունը Ասկաղոնին տուներուն մէջ պիտի պառկին,
Քանզի անոնց Տէր Աստուածը անոնց այցելութիւն պիտի ընէ
Եւ զանոնք գերութենէ պիտի դարձնէ։
8Մովաբին նախատինքը
Ու Ամմոնին որդիներուն հայհոյութիւնները լսեցի,
Որոնք իմ ժողովուրդս նախատեցին
Ու անոնց սահմանին դէմ հպարտացան։
9Անոր համար Իսրայէլին Աստուածը՝ զօրքերու Տէրը՝ այսպէս կ’ըսէ.
«Կենդանի եմ ես, որ Մովաբը Սոդոմին պէս
Ու Ամմոնին որդիները Գոմորին պէս
Եղիճներու կալուածք, աղի հանք
Ու յաւիտենապէս ամայի պիտի ըլլայ։
Իմ ժողովուրդիս մնացորդը զանոնք պիտի յափշտակէ
Ու իմ ազգիս մնացորդները զանոնք պիտի ժառանգեն։
10Ասիկա անոնց հպարտութեանը համար պիտի ըլլայ,
Քանզի անոնք զօրքերու Տէրոջը ժողովուրդը նախատեցին
Ու անոր դէմ հպարտացան։
11Տէրը անոնց վրայ ահարկու պիտի ըլլայ,
Քանզի անիկա երկրի բոլոր աստուածները բնաջինջ պիտի ընէ
Եւ ազգերու բոլոր կղզիները,
Ամէն մէկը իր տեղը, երկրպագութիւն պիտի ընեն իրեն։
12Դո՛ւք ալ, ո՛վ Եթովպիացիներ,
Իմ սուրովս պիտի սպաննուիք։
13Անիկա իր ձեռքը հիւսիսին վրայ պիտի երկնցնէ
Ու Ասորեստանցին պիտի կորսնցնէ
Եւ Նինուէն աւերակի
Ու անապատի պէս չոր երկրի պիտի վերածէ
14Եւ անոր մէջ հօտեր,
Ազգերու բոլոր գազանները պիտի պառկին։
Հաւալուսն ու ոզնին ալ
Անոր խոյակներուն մէջտեղերը գիշերը պիտի անցընեն։
Պատուհաններէն ձայն պիտի լսուի,
Սեմերուն մէջ աւերում պիտի ըլլայ,
Քանզի եղեւնափայտը պիտի քակուի։
15Զբօսասէր քաղաքը ասիկա է, որ ապահովութեամբ կը բնակէր.
Որ իր սրտին մէջ կ’ըսէր թէ
‘Ես եմ ու ինծմէ զատ ուրիշ մէկը չկայ’,
Ի՜նչպէս աւերակ ու գազաններու որջ եղաւ։
Անկէ ամէն անցնող պիտի սուլէ ու ձեռքը պիտի շարժէ։

Currently Selected:

ՍՈՓՈՆԵԱՅ 2: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in