1
ՍՈՓՈՆԵԱՅ 3:17
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Քու Տէր Աստուածդ քու մէջդ զօրաւոր է, Անիկա քեզ պիտի փրկէ։ Անիկա քեզի համար ուրախութեամբ պիտի զուարճանայ Ու իր սիրովը քեզի թողութիւն պիտի տայ Եւ քու վրադ ցնծութեամբ պիտի ուրախանայ։
Compare
Explore ՍՈՓՈՆԵԱՅ 3:17
2
ՍՈՓՈՆԵԱՅ 3:20
Այն ատեն ձեզ ետ պիտի բերեմ, Այն ատեն ձեզ պիտի հաւաքեմ Եւ երկրի բոլոր ժողովուրդներուն մէջ ձեզ անուանի ու գովելի պիտի ընեմ, Երբ ձեր գերութիւնը ձեր աչքերուն առջեւ դադրեցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
Explore ՍՈՓՈՆԵԱՅ 3:20
3
ՍՈՓՈՆԵԱՅ 3:15
Տէրը քու դատապարտութիւնդ հեռացուց քեզմէ, Քու թշնամիդ վռնտեց. Իսրայէլի թագաւորը՝ Տէրը՝ քու մէջդ է, Անգամ մըն ալ չարիք պիտի չտեսնես։
Explore ՍՈՓՈՆԵԱՅ 3:15
4
ՍՈՓՈՆԵԱՅ 3:19
Ահա ես այն ժամանակ բոլոր քեզ նեղողները պիտի սպառեմ։ Կաղը պիտի ազատեմ ու վռնտուածը պիտի հաւաքեմ։ Զանոնք գովելի ու անուանի պիտի ընեմ Այն բոլոր երկիրներուն մէջ ուր նախատինք կրեր էին։
Explore ՍՈՓՈՆԵԱՅ 3:19