YouVersion Logo
Search Icon

ԱՆԳԵԱՅ 1

1
ԱՍՏՈՒԱԾ ՏԱՃԱՐԸ ՇԻՆԵԼ ԿԸ ՀՐԱՄԱՅԷ
1Դարեհ թագաւորին երկրորդ տարուան վեցերորդ ամսուան առաջին օրը, Տէրոջը խօսքը Անգէ մարգարէին միջոցով Յուդայի իշխանին Սաղաթիելեան Զօրաբաբէլին ու մեծ քահանային Յովսեդեկեան Յեսուին եղաւ՝ ըսելով, 2Զօրքերու Տէրը կը խօսի ու այսպէս կ’ըսէ. «Այս ժողովուրդը կ’ըսէ թէ դեռ ժամանակը չէ հասած, Տէրոջը տունը վերաշինելու»։ 3Այն ատեն Անգէ մարգարէին միջոցով Տէրոջը խօսքը եղաւ՝ ըսելով.
4«Արդեօք ժամանա՞կն է, որ դուք ձեղունազարդ տուներու մէջ բնակիք,
Իսկ այս տունը աւերակ մնայ»։
5Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ձեր ճամբաներուն մասին մտածեցէ՛ք։
6Շատ ցանեցիք, բայց քիչ բերիք։
Կերաք, բայց չկշտացաք։
Խմեցիք, բայց ծարաւնիդ չանցուցիք։
Հագուեցաք, բայց չտաքցաք
Ու վարձքով բանողը ծակ քսակի համար կը վաստկի»։
7Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ձեր ճամբաներուն մասին մտածեցէ՛ք։
8Լեռը ելէ՛ք, փայտ բերէ՛ք
Ու տունը շինեցէ՛ք եւ անոր պիտի հաճիմ
Ու պիտի փառաւորուիմ։
9Շատին սպասեցիք, բայց քիչը եկաւ.
Երբ ձեր տուները բերիք, անոնց վրայ փչեցի։
Ինչո՞ւ համար» կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
«Իմ տանս համար, որ աւերակ է,
Մինչ ձեզմէ ամէն մէկը իր տունով կը զբաղի։
10Անոր համար երկինք ձեզի իր ցօղը կը զլանայ,
Երկիրն ալ իր պտուղը չի տար։
11Ես երկրին վրայ ու լեռներուն վրայ,
Ցորենին վրայ ու գինիին վրայ ու իւղին վրայ,
Գետնի բերքերուն վրայ,
Մարդոց վրայ ու անասուններուն վրայ,
Ձեռքերու բոլոր վաստակին վրայ երաշտութիւն բերի»։
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԸ ՀՆԱԶԱՆԴԻ
12Այն ատեն Սաղաթիելեան Զօրաբաբէլն ու մեծ քահանայ Յովսեդեկեան Յեսուն եւ ժողովուրդին բոլոր մնացորդը հնազանդեցան իրենց Տէր Աստուծոյն ձայնին ու Անգէ մարգարէին խօսքերուն, ինչպէս իրենց Տէր Աստուածը զանիկա ղրկեր էր ու ժողովուրդը Տէրոջը երեսէն փախաւ։ 13Տէրոջը դեսպանը՝ Անգէն՝ Տէրոջը ըսած պատգամները ժողովուրդին հաղորդեց ու ըսաւ. «Ես ձեզի հետ եմ», կ’ըսէ Տէրը։ 14Տէրը Յուդայի իշխան Սաղաթիելեան Զօրաբաբէլին հոգին ու մեծ քահանայ Յովսեդեկեան Յեսուին հոգին եւ ժողովուրդին բոլոր մնացորդին հոգին արթնցուց, որոնք գացին եւ իրենց Աստուծոյն, զօրքերուն Տէրոջը, տանը մէջ աշխատեցան, 15Դարեհ թագաւորին երկրորդ տարուան վեցերորդ ամսուան քսանըչորրորդ օրը։

Currently Selected:

ԱՆԳԵԱՅ 1: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in