YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 51

51
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՆԵՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը Նաթան մարգարէին եկած ժամանակը
1Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Աստուած, քու ողորմութեանդ համեմատ,
Քու առատ գթութեանդ համեմատ ջնջէ իմ յանցանքներս։
2Իմ անօրէնութենէս բոլորովին զիս լուա
Ու իմ մեղքէս զիս սրբէ։
3Վասն զի ես կը ճանչնամ իմ յանցանքներս
Ու իմ մեղքս միշտ իմ առջեւս է։
4Քեզի՛՝ միա՛յն քեզի դէմ մեղանչեցի
Եւ քու աչքերուդ առջեւ չարութիւն ըրի,
Որպէս զի արդար ըլլաս խօսքերուդ մէջ
Ու անարատ ըլլաս դատաստանիդ մէջ։
5Ահա ես անօրէնութիւնով ծնայ
Ու իմ մայրս մեղքով յղացաւ զիս։
6Ահա դուն ճշմարտութիւն կ’ուզես երիկամունքներու մէջ.
Ու ծածուկ տեղը իմաստութիւնդ պիտի յայտնես ինծի։
7Զոպայի մշտիկով մաքրէ զիս ու մաքուր պիտի ըլլամ։
Զիս լուայ ու ձիւնէն աւելի ճերմակ պիտի ըլլամ։
8Ցնծութեամբ եւ ուրախութեամբ լեցուր զիս։
Թող ցնծան այն ոսկորները, որոնք կոտրեցիր։
9Իմ մեղքերէս երեսդ ծածկէ՛
Ու բոլոր անօրէնութիւններս ջնջէ՛։
10Ո՛վ Աստուած, իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ՛
Եւ իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ։
11Զիս երեսէդ մի՛ ձգեր
Ու քու Սուրբ Հոգիդ ինծմէ մի՛ առներ։
12Քու փրկութեանդ ցնծութիւնը ինծի վերադարձո՛ւր
Ու #51:12 Կամ, ազնիւկամաւոր հոգի մը թող հաստատէ՛ զիս։
13Ամբարիշտներուն պիտի սորվեցնեմ քու ճամբաներդ
Ու մեղաւորները քեզի պիտի դառնան։
14Ո՛վ Աստուած, իմ փրկութեանս Աստուածը,
Փրկէ՛ զիս արիւնահեղութենէ.
Լեզուս ցնծութեամբ պիտի խօսի քու արդարութեանդ վրայով։
15Ո՛վ Տէր, իմ շրթունքներս բա՛ց
Ու բերանս պիտի պատմէ քու գովութիւնդ։
16Վասն զի զոհի չես հաճիր, որ զանիկա մատուցանեմ։
Դուն ողջակէզի ա՛լ չես հաճիր։
17Աստուծոյ զոհը կոտրած հոգին է.
Կոտրած ու խոնարհ սիրտը, ո՛վ Աստուած, դուն չես անարգեր։
18Քու բարեսրտութիւնովդ Սիօնի բարիք ըրէ,
Երուսաղէմի պարիսպները շինէ։
19Այն ատեն պիտի հաճիս արդարութեան զոհերուն,
Ողջակէզներուն ու բոլորովին այրուած զոհերուն.
Այն ատեն քու սեղանիդ վրայ զուարակներ պիտի մատուցանեն։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 51: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in