1
ՍԱՂՄՈՍ 51:10
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Ո՛վ Աստուած, իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ՛ Եւ իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ։
Compare
Explore ՍԱՂՄՈՍ 51:10
2
ՍԱՂՄՈՍ 51:12
Քու փրկութեանդ ցնծութիւնը ինծի վերադարձո՛ւր Ու կամաւոր հոգի մը թող հաստատէ՛ զիս։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 51:12
3
ՍԱՂՄՈՍ 51:11
Զիս երեսէդ մի՛ ձգեր Ու քու Սուրբ Հոգիդ ինծմէ մի՛ առներ։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 51:11
4
ՍԱՂՄՈՍ 51:17
Աստուծոյ զոհը կոտրած հոգին է. Կոտրած ու խոնարհ սիրտը, ո՛վ Աստուած, դուն չես անարգեր։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 51:17
5
ՍԱՂՄՈՍ 51:1-2
Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Աստուած, քու ողորմութեանդ համեմատ, Քու առատ գթութեանդ համեմատ ջնջէ իմ յանցանքներս։ Իմ անօրէնութենէս բոլորովին զիս լուա Ու իմ մեղքէս զիս սրբէ։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 51:1-2
6
ՍԱՂՄՈՍ 51:7
Զոպայի մշտիկով մաքրէ զիս ու մաքուր պիտի ըլլամ։ Զիս լուայ ու ձիւնէն աւելի ճերմակ պիտի ըլլամ։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 51:7
7
ՍԱՂՄՈՍ 51:4
Քեզի՛՝ միա՛յն քեզի դէմ մեղանչեցի Եւ քու աչքերուդ առջեւ չարութիւն ըրի, Որպէս զի արդար ըլլաս խօսքերուդ մէջ Ու անարատ ըլլաս դատաստանիդ մէջ։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 51:4