ՍԱՂՄՈՍ 50
50
ՃՇՄԱՐԻՏ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ
Սաղմոս Ասափի
1Աստուածներուն Աստուածը, Տէրը, խօսեցաւ
Ու երկիրը կանչեց արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք։
2Սիօնէն, գեղեցկութեան կատարելութենէն,
Աստուած փայլեցաւ։
3Մեր Աստուածը պիտի գայ ու պիտի չլռէ.
Անոր առջեւ մաշող կրակ,
Ու բոլորտիքը սաստիկ փոթորիկ պիտի ըլլայ։
4Վերէն պիտի կանչէ երկինքը
Ու երկիրը՝ իր ժողովուրդը դատելու համար։
5«Ինծի հաւաքեցէք իմ սուրբերս
Ու ինծի հետ զոհով ուխտ ընողները»։
6Երկինքները անոր արդարութիւնը պիտի պատմեն,
Վասն զի Աստուած ինք դատաւոր է։ (Սէլա։)
7«Լսէ՛, ով իմ ժողովուրդս ու խօսիմ,
Ով Իսրայէլ ու քեզի վկայութիւն ընեմ,
Թէ ես եմ Աստուած, քու Աստուածդ։
8Ոչ թէ քու զոհերուդ համար քեզ կը յանդիմանեմ
Ու քու ողջակէզներուդ համար՝ որոնք միշտ իմ առջեւս են։
9Քու տունէդ զուարակ չեմ առներ,
Ոչ ալ քու գոմերէդ՝ նոխազներ։
10Վասն զի իմս են անտառին բոլոր գազանները,
Հազարաւոր լեռներուն անասունները։
11Ես կը ճանչնամ լեռներուն բոլոր թռչունները
Ու դաշտի #50:11 Կամ, առատութիւնը իմ քովս էգազանները իմ քովս են՝ ՝»։
12«Եթէ անօթենամ՝ քեզի պիտի չըսեմ.
Վասն զի աշխարհ ու անոր լիութիւնը իմս է։
13Միթէ ես ցուլերու միս կ’ուտե՞մ
Կամ նոխազներու արիւն կը խմե՞մ։
14Շնորհակալութեան զոհ մատուցանէ Աստուծոյ,
Ու քու ուխտերդ կատարէ Բարձրելոյն
15Ու նեղութեան օրը ինծի կանչէ.
Ես քեզ պիտի ազատեմ ու դուն զիս պիտի փառաւորես»։
16Սակայն Աստուած ամբարշտին կ’ըսէ.
«Քեզ ի՞նչ՝ որ դուն իմ օրէնքներս կը պատմես
Ու իմ ուխտս բերանդ կ’առնես։
17Վասն զի դուն խրատը ատեցիր
Ու իմ խօսքերս ետիդ ձգեցիր.
18Գողը տեսնելով՝ անոր հետ միաբանեցար
Ու շնացողներուն հետ բաժին ունեցար.
19Քու բերանդ չարութեան տուիր,
Ու քու լեզուդ նենգութիւն կը հնարէ.
20Կը նստիս եղբորդ դէմ կը խօսիս,
Մօրդ որդիին դէմ չարախօսութիւն կ’ընես։
21Այս բաները ըրիր ու ես լռեցի.
Կարծեցիր թէ ես բոլորովին քեզի կը նմանիմ,
Բայց քեզ պիտի յանդիմանեմ
Ու աչքերուդ առջեւ պիտի շարեմ քու ըրածներդ։
22Արդ, իմացէ՛ք ասիկա, ո՛վ դուք Աստուած մոռցողներ.
Չըլլայ որ ձեզ պատռեմ եւ ազատող մըն ալ չգտնուի։
23Շնորհակալութիւն մատուցանողը զիս կը փառաւորէ.
Ու իր ճամբուն զգուշութիւն ընողին
Պիտի ցուցնեմ Աստուծոյ փրկութիւնը»։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 50: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.