ՍԱՂՄՈՍ 52
52
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ՇՀՈՐՀՔԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը, երբ Դովեկ իմացուց Սաւուղին թէ Դաւիթ Աքիմելէքին տունն է
1Ինչո՞ւ անօրէնութիւնով կը պարծիս, ո՛վ բռնաւոր.
Աստուծոյ ողորմութիւնը յաւիտենական է։
2Լեզուդ չարութիւններ կը հնարէ
Եւ սուր ածելիի պէս նենգութիւն կը գործէ։
3Չարութիւնը բարութենէն աւելի կը սիրես
Ու ստութիւնը՝ արդարութիւն խօսելէն աւելի։ (Սէլա։)
4Ամէն կործանման խօսք
Ու նենգաւոր լեզու կը սիրես։
5Ուստի Աստուած յաւիտեան քեզ պիտի կործանէ,
Քեզ պիտի բռնէ ու քեզ հանէ քու բնակարանէդ
Ու քեզ արմատէդ պիտի խլէ կենդանիներուն երկրէն։ (Սէլա։)
6Արդարները պիտի տեսնեն ու վախնան
Ու անոր վրայ պիտի ծիծաղին՝ ըսելով.
7«Ահա այն մարդը, որ Աստուած իրեն ապաւէն չըրաւ,
Հապա իր շատ հարստութեանը վստահեցաւ
Ու իր անօրէնութիւնովը զօրացաւ»։
8Սակայն ես Աստուծոյ տանը մէջ կանանչ ձիթենիի պէս եմ.
Աստուծոյ ողորմութեանը կը յուսամ յաւիտեանս յաւիտենից։
9Քեզ պիտի գովեմ յաւիտեան,
Որ այս բանը կատարեցիր
Ու քու անուանդ պիտի յուսամ,
Վասն զի բարի է սուրբերուդ առջեւ։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 52: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.