ՍԱՂՄՈՍ 2
2
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԸՆՏՐԱԾ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
1Ինչո՞ւ հեթանոսները խռովութիւն կ’ընեն
Ու ժողովուրդները պարապ բան կը մտածեն,
2Երկրի թագաւորները ինքզինքնին կը հաստատեն
Ու իշխանները մէկտեղ խորհուրդ կ’ընեն
Տէրոջը դէմ ու անոր Օծեալին դէմ,
3 Ըսելով. «Կոտրե՛նք անոնց կապերը,
Ու մեզմէ ձգե՛նք անոնց #2:3 Եբր., չուաններըլուծը»։
4Երկինքը բնակողը անոնց վրայ պիտի ծիծաղի։
Տէրը ծաղր պիտի ընէ զանոնք։
5Այն ատեն իր բարկութիւնովը պիտի խօսի անոնց
Եւ իր սրտմտութիւնովը պիտի խռովեցնէ զանոնք, ըսելով.
6«Ե՛ս օծեցի իմ թագաւորս
Իմ սուրբ լերանս՝ Սիօնին վրայ»։
7Հրամանը պիտի պատմեմ։
Տէրը ինծի ըսաւ.
«Դո՛ւն իմ որդիս ես,
Ես այսօր քեզ ծնայ։
8Խնդրէ՛ ինծմէ ու հեթանոսները քեզի ժառանգութիւն պիտի տամ
Ու երկրի ծայրերը քեզի ստացուածք։
9Զանոնք երկաթէ գաւազանով պիտի #2:9 Կամ, հովուեսկոտրես,
Բրուտի ամանի պէս պիտի փշրես զանոնք»։
10Ուստի հիմա, ո՛վ թագաւորներ, մտքերնիդ առէք,
Երկրի՛ դատաւորներ, խրատուեցէ՛ք։
11Երկիւղով ծառայեցէ՛ք Տէրոջը,
Ու դողալով #2:11 Կամ, ցնծացէքանկէ վախցէ՛ք՝ ՝։
12Որդին համբուրեցէք՝ որպէս զի չբարկանայ
Ու ճամբուն մէջ չկորսուիք,
Երբ անոր բարկութիւնը քիչ մը բորբոքի։
Երանի՜ այն ամենուն որոնք անոր կը յուսան։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 2: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.