ՍԱՂՄՈՍ 1
1
ՃՇՄԱՐԻՏ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ
1Երանելի է այն մարդը,
Որ ամբարիշտներուն խորհուրդին մէջ չի քալեր,
Ու մեղաւորներուն ճամբուն մէջ չի կենար,
Եւ ծաղր ընողներուն նստած տեղը չի նստիր.
2Հապա անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է,
Եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ։
3Անիկա ջուրի ճամբաները տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ,
Որ իր ժամանակին իր պտուղը պիտի տայ.
Ու անոր տերեւը պիտի չթափի,
Եւ ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի։
4Այսպէս չեն ամբարիշտները,
Հապա մղեղի պէս՝ որ հովը կը ցրուէ։
5Ասոր համար ամբարիշտները դատաստանի մէջ պիտի չկրնան կենալ,
Ո՛չ ալ մեղաւորները՝ արդարներուն ժողովին մէջ։
6Վասն զի Տէրը կը ճանչնայ արդարներուն ճամբան,
Բայց ամբարիշտներուն ճամբան պիտի կորսուի։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 1: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.