YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 3

3
ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Սաղմոս Դաւիթի, իր որդիին Աբիսողոմին երեսէն փախած ժամանակը։
1Ո՛վ Տէր, իմ թշնամիներս որչա՜փ շատցան։
Իմ վրաս ելլողները շատուոր են։
2Շատերը իմ անձիս համար կ՛ըսեն թէ՝
«Ասոր փրկութիւն չկայ Աստուծմէն»։ (Սէլա։)
3Բայց, ո՛վ Տէր, դուն ես իմ ասպարս,
Իմ փառքս ու իմ գլուխս բարձրացնողը։
4Իմ ձայնովս Տէրոջը կանչեցի
Ու իր սուրբ լեռնէն ինծի պատասխանեց։ (Սէլա։)
5Ես պառկեցայ ու քնացայ.
Արթնցայ, վասն զի Տէրը զիս պաշտպանեց։
6Ես պիտի չվախնամ բիւրաւոր ժողովուրդներէն,
Որոնք իմ չորս կողմս պատեցին։
7Ելի՛ր, ո՛վ Տէր, զիս փրկէ, ո՛վ իմ Աստուածս,
Վասն զի դուն զարկիր իմ բոլոր թշնամիներուս թուշը։
Ամբարիշտներուն ակռաները փշրեցիր։
8Փրկութիւնը Տէրոջն է։
Քու օրհնութիւնդ քու ժողովուրդիդ վրայ է։ (Սէլա։)

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 3: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in