1
ՍԱՂՄՈՍ 2:8
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Խնդրէ՛ ինծմէ ու հեթանոսները քեզի ժառանգութիւն պիտի տամ Ու երկրի ծայրերը քեզի ստացուածք։
Compare
Explore ՍԱՂՄՈՍ 2:8
2
ՍԱՂՄՈՍ 2:12
Որդին համբուրեցէք՝ որպէս զի չբարկանայ Ու ճամբուն մէջ չկորսուիք, Երբ անոր բարկութիւնը քիչ մը բորբոքի։ Երանի՜ այն ամենուն որոնք անոր կը յուսան։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 2:12
3
ՍԱՂՄՈՍ 2:2-3
Երկրի թագաւորները ինքզինքնին կը հաստատեն Ու իշխանները մէկտեղ խորհուրդ կ’ընեն Տէրոջը դէմ ու անոր Օծեալին դէմ, Ըսելով. «Կոտրե՛նք անոնց կապերը, Ու մեզմէ ձգե՛նք անոնց լուծը»։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 2:2-3
4
ՍԱՂՄՈՍ 2:10-11
Ուստի հիմա, ո՛վ թագաւորներ, մտքերնիդ առէք, Երկրի՛ դատաւորներ, խրատուեցէ՛ք։ Երկիւղով ծառայեցէ՛ք Տէրոջը, Ու դողալով անկէ վախցէ՛ք՝ ՝։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 2:10-11