YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 143

143
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Սաղմոս Դաւիթի
1Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղօթքս,
Ակա՛նջ դիր իմ աղաչանքիս,
Պատասխան տուր ինծի քու ճշմարտութիւնովդ
Ու քու արդարութիւնովդ։
2Քու ծառայիդ հետ դատաստանի մի՛ մտներ,
Վասն զի բնաւ կենդանի մը պիտի չարդարանայ քու առջեւդ։
3Վասն զի թշնամին իմ անձս հալածեց,
Իմ կեանքս գետինը զարկաւ,
Զիս շատոնց մեռածներուն պէս
Մութը նստեցուց։
4Իմ հոգիս ներսիդիս մարեցաւ,
Իմ սիրտս ներսիդիս խռովեցաւ։
5Նախկին օրերը կը յիշեմ,
Քու բոլոր գործերուդ վրայ կը մտածեմ,
Քու ձեռքերուդ ըրածներուն վրայ կը խորհիմ։
6Ձեռքերս դէպի քեզ կ’երկնցնեմ։
Իմ անձս չոր երկրի պէս քեզի կը ծարաւի։ (Սէլա։)
7Շուտով պատասխան տուր ինծի, ո՛վ Տէր.
Իմ հոգիս մարեցաւ.
Քու երեսդ մի՛ ծածկեր ինծմէ,
Որպէս զի գուբը իջնողներուն պէս չըլլամ։
8Առտուն քու ողորմութիւնդ ինծի լսել տուր,
Վասն զի քեզի յուսացի։
Իմ երթալու ճամբաս ինծի ցուցուր,
Վասն զի իմ անձս դէպի քեզ վերցուցի։
9Ո՛վ Տէր, փրկէ՛ զիս իմ թշնամիներէս,
Վասն զի քեզ իմ ապաւէնս ըրի։
10Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ,
Քանզի դուն ես իմ Աստուածս.
Թող քու բարի Հոգիդ զիս ուղիղ երկիրը առաջնորդէ։
11Ո՛վ Տէր, քու անուանդ համար կենդանացո՛ւր զիս,
Քու արդարութեանդ համար իմ անձս նեղութենէ հանէ՛.
12Քու ողորմութիւնովդ սատկեցուր իմ թշնամիներս
Ու կորսնցուր բոլոր իմ անձս վշտացնողները,
Վասն զի ես քու ծառադ եմ։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 143: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in