YouVersion Logo
Search Icon

ՍԱՂՄՈՍ 142

142
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Դաւիթին երգն ու աղօթքը՝ երբ ինք այրին մէջ էր
1Իմ ձայնովս Տէրոջը կ’աղաղակեմ,
Իմ ձայնովս Տէրոջը կ’աղաչեմ։
2Իմ գանգատս անոր առջեւ կը թափեմ.
Իմ նեղութիւնս անոր առջեւ կը պատմեմ։
3Երբ հոգիս իմ մէջս կը նուաղէր,
Դուն իմ շաւիղս գիտցար։
Իմ քալած ճամբուս մէջ
Ինծի համար գաղտուկ որոգայթ լարեցին։
4Աջ կողմս կը նայիմ ու կը տեսնեմ թէ
Ոչ ոք կը ճանչնայ զիս։
Ապաւէնը ինծմէ կորսուեցաւ.
Բնաւ մէկը չկայ, որ իմ անձիս համար հոգ ընէ։
5Ո՛վ Տէր, քեզի աղաղակեցի
Ու ըսի. «Դո՛ւն ես իմ ապաւէնս
Եւ իմ բաժինս կենդանիներու երկրին մէջ։
6Ակա՛նջ դիր իմ աղաղակիս,
Վասն զի շատ նուաստացայ։
Ազատէ՛ զիս իմ հալածիչներէս,
Վասն զի ինծմէ զօրաւոր են։
7Իմ անձս բանտէն հանէ՛,
Որպէս զի քու անուանդ գոհութիւն մատուցանեմ։
Արդարները իմ չորս կողմս պիտի պատեն,
Երբ ինծի բարութիւն ընես»։

Currently Selected:

ՍԱՂՄՈՍ 142: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in