1
ՍԱՂՄՈՍ 143:10
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ, Քանզի դուն ես իմ Աստուածս. Թող քու բարի Հոգիդ զիս ուղիղ երկիրը առաջնորդէ։
Compare
Explore ՍԱՂՄՈՍ 143:10
2
ՍԱՂՄՈՍ 143:8
Առտուն քու ողորմութիւնդ ինծի լսել տուր, Վասն զի քեզի յուսացի։ Իմ երթալու ճամբաս ինծի ցուցուր, Վասն զի իմ անձս դէպի քեզ վերցուցի։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 143:8
3
ՍԱՂՄՈՍ 143:9
Ո՛վ Տէր, փրկէ՛ զիս իմ թշնամիներէս, Վասն զի քեզ իմ ապաւէնս ըրի։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 143:9
4
ՍԱՂՄՈՍ 143:11
Ո՛վ Տէր, քու անուանդ համար կենդանացո՛ւր զիս, Քու արդարութեանդ համար իմ անձս նեղութենէ հանէ՛.
Explore ՍԱՂՄՈՍ 143:11
5
ՍԱՂՄՈՍ 143:1
Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղօթքս, Ակա՛նջ դիր իմ աղաչանքիս, Պատասխան տուր ինծի քու ճշմարտութիւնովդ Ու քու արդարութիւնովդ։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 143:1
6
ՍԱՂՄՈՍ 143:7
Շուտով պատասխան տուր ինծի, ո՛վ Տէր. Իմ հոգիս մարեցաւ. Քու երեսդ մի՛ ծածկեր ինծմէ, Որպէս զի գուբը իջնողներուն պէս չըլլամ։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 143:7
7
ՍԱՂՄՈՍ 143:5
Նախկին օրերը կը յիշեմ, Քու բոլոր գործերուդ վրայ կը մտածեմ, Քու ձեռքերուդ ըրածներուն վրայ կը խորհիմ։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 143:5