ՍԱՂՄՈՍ 144
144
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՀԱՄԱՐ
Սաղմոս Դաւիթի
1Օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրը, իմ Վէմս,
Որ իմ ձեռքերս մարտնչելու կը վարժեցնէ
Ու իմ մատներս՝ պատերազմելու։
2Անիկա է իմ ողորմութիւնս ու պարիսպս,
Իմ ապաւէնս ու փրկիչս,
Իմ վահանս, ուստի ես անոր կը յուսամ,
Որ իմ ժողովուրդս ինծի կը հնազանդեցնէ։
3Ո՛վ Տէր, մարդը ի՞նչ է որ զանիկա կը ճանչնաս
Ու մարդու որդին, որ զանիկա կը յարգես։
4Մարդը ունայնութեան պէս է
Անոր օրերը անցնող շուքի պէս են։
5Ո՛վ Տէր, խոնարհեցո՛ւր քու երկինքդ ու վա՛ր իջիր,
Լեռներուն դպչէ ու պիտի մխան։
6Փայլակը նետէ ու ցրուէ զանոնք,
Քու նետերդ ղրկէ ու զանոնք խռովեցուր։
7Քու ձեռքդ վերէն ղրկէ եւ ազատէ՛ զիս.
Փրկէ՛ զիս շատ ջուրերէն ու օտարներուն ձեռքէն,
8Որոնց բերանը ունայնութիւն կը խօսի
Եւ անոնց աջ ձեռքը ստութեան աջ ձեռքն է։
9Ո՛վ Աստուած, քեզի նոր երգ պիտի երգեմ,
Տասը լար ունեցող տաւիղով սաղմոս պիտի ըսեմ քեզի։
10Թագաւորներուն փրկութիւն տուողը
Ու իր Դաւիթ ծառան չար սուրէն ազատողը ա՛ն է։
11Զիս ազատէ ու օտարներուն ձեռքէն փրկէ՛,
Որոնց բերանը ունայնութիւն կը խօսի
Եւ անոնց աջ ձեռքը ստութեան աջ ձեռքն է։
12Որպէս զի մեր որդիները իրենց երիտասարդութեանը մէջ տունկերու պէս մեծնան
Ու մեր աղջիկները պալատի շէնքին համար փորագրուած անկիւնի քարերու պէս ըլլան։
13Որպէս զի մեր ամբարները լեցուին
Եւ տեսակ տեսակ կերակուրներ բղխեցնեն
Ու մեր ոչխարները հազարաւոր եւ բիւրաւոր ծնանին մեր արտերուն մէջ։
14Որպէս զի մեր արջառները #144:14 Կամ, պարարտբազմածին ըլլան
Ու ամենեւին դժբաղդութեան եւ աւերումի վիժում չըլլայ,
Ոչ ալ աղաղակ՝ մեր հրապարակներուն մէջ։
15Երանի՜ այսպիսի վիճակի մէջ եղող ժողովուրդին.
Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որուն Աստուածը Եհովան է։
Currently Selected:
ՍԱՂՄՈՍ 144: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.