ՅՈԲԱՅ 42
42
1Այն ատեն Յոբ Տէրոջը պատասխան տալով՝ ըսաւ.
2«Գիտեմ որ ամէն բանի կարող ես
Ու քու դիտաւորութիւնդ բնաւ պարապ չ’ելլեր։
3Ո՞վ է անիկա որ տգիտութեամբ խորհուրդը կը նսեմացնէ։
Արդարեւ կը խօսէի, բայց չէի հասկնար.
# 42:3 Եբր., Ինծմէ Ինծի սքանչելի բաներ ըլլալով՝ չէի իմանար։
4Կ’աղաչեմ, մտիկ ըրէ որպէս զի ես խօսիմ,
Քեզի հարցնեմ ու ինծի սորվեցուր,
5Ես քու մասիդ ականջով լսեր էի,
Բայց հիմա աչքս կը տեսնէ քեզ։
6Անոր համար իմ անձս կ’արհամարհեմ,
Հողի ու մոխիրի վրայ կը զղջամ»։
7Արդ՝ Տէրը՝ Յոբին այս խօսքերը լսելէն յետոյ՝ Եղիփազ Թեմանացիին ըսաւ. «Քու վրադ ու երկու ընկերներուդ վրայ իմ բարկութիւնս բորբոքեցաւ, վասն զի ինծի համար իմ Յոբ ծառայիս պէս շիտակ չխօսեցաք։ 8Ուստի հիմա ձեզի եօթը զուարակ ու եօթը խոյ առէք ու Յոբ ծառայիս երթալով՝ ձեզի համար ողջակէզ մատուցանեցէք եւ իմ Յոբ ծառաս ձեզի համար աղօթք թող ընէ, որպէս զի ես ալ անոր աղօթքը ընդունելով՝ ձեր անմտութեանը պէս չընեմ ձեզի. վասն զի իմ առջեւս Յոբ ծառայիս պէս շիտակ չխօսեցաք»։
9Այն ատեն Եղիփազ Թեմանացի ու Բաղդատ Սօքեցի եւ Սոփար Նաամացի երթալով՝ Տէրոջը իրենց ըսածին պէս ըրին եւ Տէրը Յոբին #42:9 Եբր., երեսըաղօթքը ընդունեց։
10Եւ Տէրը գերութենէ ազատեց Յոբը՝ իր բարեկամներուն համար աղօթք ըրած ատենը. նաեւ Տէրը Յոբին բոլոր ստացուածքին կրկնապատիկը տուաւ։ 11Եւ անոր բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը եւ նախապէս բոլոր զանիկա ճանչցողներն ալ միասին անոր մօտ գալով՝ անոր տանը մէջ հաց կերան անոր հետ ու անոր համար ցաւելով՝ Տէրոջը անոր ղրկած բոլոր փորձանքին համար զինք մխիթարեցին։ Ամէն մէկը մէկմէկ կտոր ստակ ու մէկմէկ ոսկի օղ տուին անոր։ 12Տէրը Յոբին վերջը առաջինէն աւելի օրհնեց. այնպէս որ տասնըչորս հազար ոչխար ու վեց հազար ուղտ եւ հազար զոյգ եզ ու հազար մատակ էշ ունեցաւ։ 13Եւ անոր եօթը տղայ եւ երեք աղջիկ ծնան։ 14Մէկ աղջկան անունը #42:14 Այսինքն, տիւԵմիմա ու երկրորդին անունը Կասիա ու երրորդին անունը Կերենհապուք դրաւ։ 15Եւ բոլոր երկրին վրայ Յոբին աղջիկներուն պէս գեղեցիկ կիներ չէին գտնուեր ու հայրերնին անոնց ժառանգութիւն տուաւ իրենց եղբայրներուն հետ։
16Եւ ասկէ ետք Յոբ հարիւր քառասուն տարի ապրելով՝ տեսաւ իր որդիներն ու իր որդիներուն որդիները մինչեւ չորրորդ ազգը։ 17Ու Յոբ ծերացած ու օրերը լեցուած մեռաւ։
Currently Selected:
ՅՈԲԱՅ 42: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.