1
ՍԱՂՄՈՍ 1:1-2
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Երանելի է այն մարդը, Որ ամբարիշտներուն խորհուրդին մէջ չի քալեր, Ու մեղաւորներուն ճամբուն մէջ չի կենար, Եւ ծաղր ընողներուն նստած տեղը չի նստիր. Հապա անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, Եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ։
Compare
Explore ՍԱՂՄՈՍ 1:1-2
2
ՍԱՂՄՈՍ 1:3
Անիկա ջուրի ճամբաները տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ, Որ իր ժամանակին իր պտուղը պիտի տայ. Ու անոր տերեւը պիտի չթափի, Եւ ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 1:3
3
ՍԱՂՄՈՍ 1:6
Վասն զի Տէրը կը ճանչնայ արդարներուն ճամբան, Բայց ամբարիշտներուն ճամբան պիտի կորսուի։
Explore ՍԱՂՄՈՍ 1:6