ԱՌԱԿԱՑ 22
22
1Բարի անունը շատ հարստութենէն աւելի ընտիր է
Ու շնորհքը արծաթէն ու ոսկիէն աղէկ է։
2Հարուստն ու աղքատը իրարու կը հանդիպին,
Ամէնքը ստեղծողը Տէրն է։
3Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ,
Բայց միամիտները առաջ կ’անցնին ու կը վնասուին։
4Խոնարհութիւնը եւ Տէրոջը երկիւղին վախճանը
Հարստութիւն, փառք ու կեանք են։
5Ծուռ մարդուն ճամբուն մէջ փուշեր ու որոգայթներ կան
Ուստի իր հոգին պահողը՝ անոնցմէ հեռու պիտի կենայ։
6Կրթէ՛ մանուկը #22:6 Կամ, իր ճամբուն համեմատիր ճամբան սկսած ատենը՝ ՝,
Որպէս զի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի։
7Հարուստը աղքատներուն վրայ կը տիրէ
Ու փոխ առնողը փոխ տուողին ծառայ կ’ըլլայ։
8Չարութիւն ցանողը ունայնութիւն կը հնձէ
Եւ անոր բարկութեան գաւազանը պիտի կորսուի։
9Աղէկ աչք ունեցողը օրհնեալ կ’ըլլայ,
Վասն զի իր հացէն աղքատին կու տայ։
10Ծաղրողը եթէ վռնտես, կռիւը կ’անցնի
Ու վէճը եւ անարգանքը կը դադրին։
11Սրտի մաքրութիւն սիրողին շրթունքներուն վրայ շնորհք կայ
Ու թագաւորը անոր բարեկամ կ’ըլլայ։
12Տէրոջը աչքերը գիտութիւնը կը պահպանեն,
Բայց ինք անօրէնին խօսքերը կ’աւրէ։
13Ծոյլը կ’ըսէ. «Դուրսը առիւծ կայ,
Հրապարակին մէջ պիտի մեռցուիմ»։
14Օտար կիներուն բերանը խորունկ փոս է,
Տէրոջը ատելի եղողը հոն կ’իյնայ։
15Մանուկին սրտին մէջ յիմարութիւնը կապուած է.
Խրատի գաւազանը զանիկա կը հեռացնէ անկէ։
16Իր ստացուածքը շատցնելու համար աղքատին զրկանք ընողը
Ու հարուստին տուողը՝ անշուշտ կարօտութեան պիտի մատնուի։
ԵՐԵՍՈՒՆ ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԽՕՍՔԵՐ
17Ականջդ ծռէ ու իմաստուններուն խօսքերուն մտիկ ըրէ
Եւ քու սիրտդ իմ գիտութեանս տուր.
18Վասն զի եթէ անոնք քու սրտիդ մէջ պահես, հաճելի բան է,
Անոնք քու շրթունքներուդ վրայ ալ պիտի հաստատուին։
19Ահա քեզի այս բաները այսօր իմացուցի,
Որպէս զի քու ապաւէնդ Տէրը ըլլայ։
20Միթէ ես քեզի երեսուն խրատներ
Ու գիտութիւն չգրեցի՞,
21Որպէս զի քեզի ճշմարիտ խօսքերուն ստուգութիւնը ցուցնեմ,
Որպէս զի քեզի #22:21 Եբր., ղրկողներունհարցնողներուն ճշմարիտ խօսքերով պատասխան տաս։
- 1 -
22Աղքատը մի՛ կողոպտեր իր աղքատութեանը համար
Ու տնանկը #22:22 Եբր., դրանդատաստանի մէջ մի՛ անարգեր։
23Վասն զի Տէրը անոնց իրաւունքը պիտի պաշտպանէ
Եւ զանոնք կողոպտողներուն հոգին պիտի կողոպտէ։
- 2 -
24Բարկացող մարդուն հետ ընկերութիւն մի՛ ըներ
Ու ցասկոտ մարդուն հետ մի՛ երթար.
25Որպէս զի չըլլայ թէ անոր ճամբաները սորվիս
Եւ դուն քեզ որոգայթի մէջ ձգես։
- 3 -
26Գրաւական տուողներէն մի՛ ըլլար,
Ոչ ալ՝ պարտքի համար երաշխաւոր եղողներէն։
27Եթէ վճարելու կարողութիւն չունիս,
Ինչո՞ւ համար տակէդ քու անկողինդ առնեն։
- 4 -
28Տեղէն մի՛ շարժեր հին սահմանին նշանը,
Որ քու հայրերդ դրեր են։
- 5 -
29Իր գործին մէջ ժիր մարդ մը կը տեսնե՞ս,
Անիկա թագաւորներուն առջեւ պիտի կենայ,
Բայց աննշան մարդոց առջեւ պիտի չկենայ։
Currently Selected:
ԱՌԱԿԱՑ 22: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.