1
ԱՌԱԿԱՑ 22:6
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը՝ ՝, Որպէս զի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի։
Compare
Explore ԱՌԱԿԱՑ 22:6
2
ԱՌԱԿԱՑ 22:4
Խոնարհութիւնը եւ Տէրոջը երկիւղին վախճանը Հարստութիւն, փառք ու կեանք են։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 22:4
3
ԱՌԱԿԱՑ 22:1
Բարի անունը շատ հարստութենէն աւելի ընտիր է Ու շնորհքը արծաթէն ու ոսկիէն աղէկ է։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 22:1
4
ԱՌԱԿԱՑ 22:24
Բարկացող մարդուն հետ ընկերութիւն մի՛ ըներ Ու ցասկոտ մարդուն հետ մի՛ երթար.
Explore ԱՌԱԿԱՑ 22:24
5
ԱՌԱԿԱՑ 22:9
Աղէկ աչք ունեցողը օրհնեալ կ’ըլլայ, Վասն զի իր հացէն աղքատին կու տայ։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 22:9
6
ԱՌԱԿԱՑ 22:3
Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ, Բայց միամիտները առաջ կ’անցնին ու կը վնասուին։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 22:3
7
ԱՌԱԿԱՑ 22:7
Հարուստը աղքատներուն վրայ կը տիրէ Ու փոխ առնողը փոխ տուողին ծառայ կ’ըլլայ։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 22:7
8
ԱՌԱԿԱՑ 22:2
Հարուստն ու աղքատը իրարու կը հանդիպին, Ամէնքը ստեղծողը Տէրն է։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 22:2
9
ԱՌԱԿԱՑ 22:22-23
Աղքատը մի՛ կողոպտեր իր աղքատութեանը համար Ու տնանկը դատաստանի մէջ մի՛ անարգեր։ Վասն զի Տէրը անոնց իրաւունքը պիտի պաշտպանէ Եւ զանոնք կողոպտողներուն հոգին պիտի կողոպտէ։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 22:22-23