YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱԿԱՑ 21

21
1Թագաւորին սիրտը ջուրի վտակներու պէս է Տէրոջ ձեռքին մէջ,
Զանիկա ո՛ր կողմը ուզէ կը դարձնէ։
2Մարդուն ճամբան իրեն ուղիղ կ’երեւնայ,
Բայց Տէրը սրտերը կը կշռէ։
3Արդարութիւն եւ իրաւունք գործելը
Զոհէն աւելի ընդունելի է Տէրոջը։
4Ամբարտաւան աչքերը եւ հպարտ սիրտը
Եւ ամբարիշտներուն #21:4 Կամ, մշակութիւնըլոյսը մեղք են։
5Աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն,
Բայց ամէն արտորացող՝ միայն կարօտութիւն կը բերէ։
6Սուտ լեզուով գանձեր վաստկիլը
Մահը փնտռողներուն հալածած ունայնութիւնն է։
7Ամբարիշտներուն բռնութիւնը զանոնք պիտի կորսնցնէ,
Վասն զի իրաւունք ընել չեն ուզեր։
8 Երբ մարդուն ճամբան ծուռ ըլլայ՝ կը խոտորի.
Բայց մաքուր ընթացքը ուղիղ է։
9Աղէկ է տանիքի մը անկիւնը բնակիլ,
Քան թէ կռուազան կնոջ հետ #21:9 Եբր., ընկերութեանմեծ տան մէջ։
10Ամբարիշտ մարդուն հոգին չարութեան կը ցանկայ
Ու անոր ընկերը անոր առջեւ շնորհք չի գտներ։
11Եթէ ծաղրողը տուգանքի ենթարկուի, միամիտը իմաստուն կ’ըլլայ
Եւ եթէ իմաստունը խրատուի, գիտութիւն կը ստանայ։
12Արդարը խոհեմութեամբ ամբարիշտին տունը կը դիտէ,
Երբ ամբարիշտները չարութեան համար կործանին։
13Ով որ աղքատին աղաղակը չլսելու համար իր ականջը կը գոցէ,
Ինք ալ պիտի աղաղակէ ու իրեն լսող պիտի չըլլայ։
14Գաղտնի պարգեւը բարկութիւնը կ’իջեցնէ
Եւ ծոցը դրուած ընծան սաստիկ կատաղութիւնը կը դադրեցնէ։
15Իրաւունք ընելը արդարին ուրախութիւն է,
Բայց անիրաւին տանջանք է.
16Խոհեմութեան ճամբայէն մոլորող մարդը
Մեռելներուն ժողովի մէջ պիտի մնայ։
17Ուրախութիւն սիրողը կարօտութեան մէջ կ’իյնայ,
Գինին ու իւղը սիրողը չի հարստանար։
18Ամբարիշտը՝ արդարին համար
Ու անօրէնը ուղիղներուն համար փրկանք կ’ըլլայ։
19Աղէկ է անապատը բնակիլ,
Քան թէ՝ կռուազան ու բարկացող կնոջ հետ։
20Իմաստունին բնակարանին մէջ ցանկալի գանձ ու իւղ կը գտնուի,
Բայց անմիտ մարդը #21:20 Եբր., զանիկաիր ունեցածը՝ ՝ կը կլլէ։
21Արդարութեան ու ողորմածութեան հետեւողը
Կեանք, արդարութիւն եւ փառք կը գտնէ։
22Իմաստունը զօրաւորներուն քաղաքը կ’ելլէ
Եւ անոնց ապաւինած ամրութիւնը կը փլցնէ։
23Իր բերանն ու լեզուն պահողը՝
Իր հոգին նեղութիւններէ կը պահէ։
24Հպարտութեամբ եւ բարկութեամբ վարուող մարդը,
Որ հպարտ եւ յանդուգն է՝ ծաղրող կը կոչուի։
25Ծոյլին ցանկութիւնը զանիկա կը մեռցնէ,
Վասն զի անոր ձեռքերը աշխատիլ չեն ուզեր։
26Անօրէնը ամէն օր սաստիկ կը ցանկայ.
Իսկ արդարը կու տայ ու չի խնայեր։
27Ամբարիշտներուն զոհը պիղծ է,
Մանաւանդ՝ երբ զանիկա չար դիտաւորութեամբ կը մատուցանեն։
28Սուտ վկան պիտի կորսուի,
Բայց լսող մարդը զգուշութեամբ պիտի խօսի։
29Ամբարիշտ մարդը իր երեսը կը պնդացնէ,
Բայց ուղիղը իր ճամբաները կը շտկէ։
30Իմաստութիւն, հանճար կամ խորհուրդ մը չկայ
Որ Տէրոջը դէմ կենայ։
31Ձին պատերազմի համար կը պատրաստուի,
Բայց փրկութիւնը Տէրոջմէն է։

Currently Selected:

ԱՌԱԿԱՑ 21: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in