YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱԿԱՑ 23

23
- 6 -
1Երբ իշխանի հետ սեղան նստիս,
Առջեւդ դրուածին աղէ՛կ նայէ.
2Ու եթէ դուն ախորժակի տէր մարդ ես,
Կոկորդիդ վրայ դանակ դի՛ր։
3Անոր ազնիւ կերակուրներուն մի՛ ցանկար,
Վասն զի անոնք խաբէութեան հաց են։
- 7 -
4Հարուստ ըլլալու մի՛ աշխատիր,
Քու խորհուրդէդ ետ կեցի՛ր։
5Աչք պիտի տնկե՞ս այն բանին, որ ոչինչ է.
Անիկա անշուշտ իրեն թեւեր կը շինէ
Ու արծիւի պէս օդը կը թռչի։
- 8 -
6Չար աչք ունեցողին հացը մի՛ ուտեր
Եւ անոր ազնիւ կերակուրներուն մի՛ ցանկար.
7Վասն զի անիկա իր սրտին մէջ ինչպէս կը մտածէ, այնպէս է։
«Կե՛ր ու խմէ՛», կ’ըսէ քեզի,
Բայց անոր սիրտը քեզի հետ չէ։
8Կերած պատառդ պիտի փսխես
Ու հաճելի խօսքերդ պիտի կորսնցնես։
- 9 -
9Յիմարին ականջներուն մի՛ խօսիր,
Քանզի քու խօսքերուդ իմաստութիւնը կ’անարգէ։
- 10 -
10Վաղեմի սահմանին նշանը տեղէն մի՛ վերցներ
Ու սրբերուն արտերը մի՛ մտներ,
11Քանզի անոնց Վրէժխնդիրը զօրաւոր է
Եւ քեզի դէմ անոնց իրաւունքը անիկա՛ պիտի պաշտպանէ։
- 11 -
12Քու սիրտդ խրատի տուր
Ու ականջներդ՝ գիտութեան խօսքերուն։
- 12 -
13Տղայէն խրատը մի՛ կտրեր,
Վասն զի եթէ զանիկա գաւազանով ծեծես, չի մեռնիր։
14Թէեւ դուն անիկա գաւազանով կը ծեծես,
Բայց անոր հոգին դժոխքէն կ’ազատես։
- 13 -
15Որդեա՛կ իմ, եթէ քու սիրտդ իմաստուն ըլլայ,
Իմ սիրտս կ’ուրախանայ։
16Ու երբ քու շրթունքներդ ուղիղ բաներ խօսին,
Իմ երիկամունքներս պիտի ցնծան։
- 14 -
17Թող քու սիրտդ մեղաւորներուն չնախանձի,
Հապա ամէն օր Տէրոջը վախին մէջ եղիր։
18Վասն զի իրաւցընէ վախճան մը կայ
Ու քու յոյսդ պիտի չկտրի։
- 15 -
19Որդեա՛կ իմ, լսէ՛ ու իմաստուն եղի՛ր
Եւ քու սիրտդ դէպի ուղիղ ճամբան շտկէ՛։
20Մի՛ ընկերանար գինեմոլներուն
Ու իրենց մարմինը մաշողներուն
21Վասն զի գինեմոլն ու շռայլը աղքատ կ’ըլլան
Եւ շատ քունը՝ պատռտած հանդերձներ կը հագցնէ։
- 16 -
22Հնազանդէ՛ մօրդ, որ քեզ ծներ է
Ու մի՛ անարգեր քու հայրդ, երբ կը ծերանայ։
23Ճշմարտութիւնը ծախու ա՛ռ ու զանիկա մի՛ ծախեր։
Նմանապէս՝ իմաստութիւնը, խրատն ու հանճարը։
24Արդարին հայրը շատ պիտի ցնծայ
Եւ իմաստուն զաւակ ծնանողը անոր համար պիտի ուրախանայ։
25Թող քու հայրդ ու մայրդ քու վրադ ուրախանան
Ու քեզ ծնանողը թող ցնծայ։
- 17 -
26Որդեա՛կ իմ, քու սիրտդ ինծի՛ տուր
Եւ քու աչքերդ թող իմ ճամբաներս դիտեն.
27Վասն զի պոռնիկը խորունկ փոս է
Ու օտար կինը նեղ ջրհոր է։
28Անիկա գողի պէս դարանը կը մտնէ
Ու մարդոց մէջ անհաւատարիմները կ’աւելցնէ։
- 18 -
29Որո՞ւն է վայը. որո՞ւն է ցաւը.
Որո՞ւն են կռիւները. որո՞ւն են տրտունջները,
Որո՞ւն են առանց պատճառի վէրքերը.
Որո՞ւն է աչքերու կարմրութիւնը։
30Գինիին քով մնացողներուն,
Խառնուած գինին փնտռելու գնացողներուն։
31Մի՛ նայիր գինիին կարմրութեանը,
Գաւաթին մէջ իր գոյնը ցուցնելուն ու շիտակ վազելուն։
32Անիկա ետքը օձի պէս կը խածնէ
Ու քարբի պէս կը խայթէ։
33 Անկէ ետքը քու աչքդ օտար կիներու պիտի նայի
Եւ քու սիրտդ ծուռ բաներ պիտի խօսի
34Եւ ծովու մէջ պառկողի պէս
Ու կայմի վրայ պառկողի պէս պիտի ըլլաս։
35 Եւ պիտի ըսես.
«Զիս ծեծեցին ու ես ցաւ մը չզգացի,
Ինծի զարկին ու ես բան մը չիմացայ.
Ե՞րբ պիտի արթննամ,
Որպէս զի զանիկա նորէն փնտռեմ»։

Currently Selected:

ԱՌԱԿԱՑ 23: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in