ԱՌԱԿԱՑ 17
17
1Աղէկ է պատառ մը չոր հաց խաղաղութիւնով,
Քան թէ տուն մը լեցուն զոհեր՝ կռիւով։
2Խոհեմ ծառան նախատինք բերող որդիին կ’իշխէ
Ու եղբայրներու մէջ ժառանգութեան բաժին կ’առնէ։
3Արծաթի համար՝ հալոց եւ ոսկիի համար քուրայ կայ,
Բայց սրտերը փորձողը Տէրն է։
4Չար մարդը անիրաւին շրթունքներուն մտիկ կ’ընէ
Ու ստախօսը վնասակար լեզուին ականջ կը դնէ։
5Աղքատը ծաղրողը անոր Ստեղծիչը կ’անարգէ
Եւ ձախորդութեան վրայ ուրախացողը անպատիժ պիտի չմնայ։
6Թոռները ծերերուն պսակն են
Եւ որդիներուն պարծանքը իրենց հայրերն են։
7Ընտիր #17:7 Եբր., շրթունքըխօսքը անզգամին չի վայլեր,
Ո՜րչափ աւելի ստախօս շրթունքը՝ ազնուականին։
8Պարգեւը՝ #17:8 Կամ, ընդունողին. Եբր., իր տիրոջըգործածողին առջեւ պատուական գոհարի պէս է,
Ուր որ դառնայ յաջողութիւն կը գտնէ։
9Յանցանքը ծածկողը բարեկամութիւն կը փնտռէ,
Բայց զանիկա պատմողը մտերիմ բարեկամները կը զատէ։
10 Մէկ յանդիմանութիւնը խոհեմ մարդուն աւելի կ’ազդէ,
Քան թէ հարիւր գաւազանի հարուած՝ յիմարին։
11Չար մարդը միշտ ապստամբութիւն կը փնտռէ
Ու անոր անգութ պատգամաւոր կը ղրկուի։
12Աւելի աղէկ է ձագերը գողցուած արջին առջեւ ելլել,
Քան թէ յիմարի մը՝ անոր յիմարութեան ատենը։
13Ով որ աղէկութեան փոխարէն չարիք կը հատուցանէ,
Չարիքը անոր տունէն պակաս պիտի չըլլայ։
14Կռիւին սկզբնաւորութիւնը ջուրին արձակմանը կը նմանի,
Ուրեմն վէճը չբռնկած ետ քաշուէ։
15Ամբարիշտը արդարացնողը եւ արդարը ամբարիշտ հանողը՝
Երկուքն ալ Տէրոջը առջեւ պիղծ են։
16Իմաստութիւնը ծախու առնելու գինը ի՞նչ օգուտ ունի յիմարին ձեռքը,
Երբ #17:16 Կամ, փափաքխելք չունի։
17Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ
Ու եղբայրը նեղութեան ատենուան համար ծնած է։
18Պակասամիտ մարդը գրաւական կու տայ
Ու իր բարեկամին #17:18 Եբր., առջեւըհամար երաշխաւոր կ’ըլլայ։
19Կռիւ սիրողը յանցանք կը սիրէ։
Իր դուռը բարձրացնողը իր կործանումը կը փնտռէ։
20Ծուռ սիրտ ունեցողը աղէկութիւն չի գտներ
Ու նենգաւոր լեզուով մարդը չարիքի մէջ կ’իյնայ։
21Յիմարը ծնանողը տրտմութիւն կը կրէ
Եւ անզգամին հայրը չ’ուրախանար։
22Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է,
Բայց կոտրած սիրտը ոսկորները կը չորցնէ։
23Անօրէն մարդը ուրիշին ծոցէն կաշառք կ’առնէ,
Որպէս զի արդարութեան ճամբաները ծռէ։
24Իմաստութիւնը խոհեմ մարդուն առջեւն է,
Բայց յիմարին աչքերը երկրի ծայրերն են։
25Յիմարին տղան իր հօրը՝ տրտմութիւն
Ու զինք ծնանողին դառնութիւն կ’ըլլայ։
26Աղէկ չէ արդարէն տուգանք առնել,
# 17:26 Կամ, Ո՛չ ալ իշխանները պարտին մէկը ծեծել Ո՛չ ալ իշխանները ծեծել իրաւունք ընելնուն համար՝ ՝։
27Իր խօսքերը զսպողը իմաստուն է
Ու երկայնամիտ մարդը հանճարեղ է։
28Յիմարը անգամ՝ եթէ լուռ կենայ՝ իմաստուն
Ու իր շրթունքները գոցողը հանճարեղ կը սեպուի։
Currently Selected:
ԱՌԱԿԱՑ 17: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.