1
ԱՌԱԿԱՑ 17:17
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ Ու եղբայրը նեղութեան ատենուան համար ծնած է։
Compare
Explore ԱՌԱԿԱՑ 17:17
2
ԱՌԱԿԱՑ 17:22
Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է, Բայց կոտրած սիրտը ոսկորները կը չորցնէ։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 17:22
3
ԱՌԱԿԱՑ 17:9
Յանցանքը ծածկողը բարեկամութիւն կը փնտռէ, Բայց զանիկա պատմողը մտերիմ բարեկամները կը զատէ։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 17:9
4
ԱՌԱԿԱՑ 17:27
Իր խօսքերը զսպողը իմաստուն է Ու երկայնամիտ մարդը հանճարեղ է։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 17:27
5
ԱՌԱԿԱՑ 17:28
Յիմարը անգամ՝ եթէ լուռ կենայ՝ իմաստուն Ու իր շրթունքները գոցողը հանճարեղ կը սեպուի։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 17:28
6
ԱՌԱԿԱՑ 17:1
Աղէկ է պատառ մը չոր հաց խաղաղութիւնով, Քան թէ տուն մը լեցուն զոհեր՝ կռիւով։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 17:1
7
ԱՌԱԿԱՑ 17:14
Կռիւին սկզբնաւորութիւնը ջուրին արձակմանը կը նմանի, Ուրեմն վէճը չբռնկած ետ քաշուէ։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 17:14
8
ԱՌԱԿԱՑ 17:15
Ամբարիշտը արդարացնողը եւ արդարը ամբարիշտ հանողը՝ Երկուքն ալ Տէրոջը առջեւ պիղծ են։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 17:15