YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱԿԱՑ 18

18
1 # 18:1 Եբր., Զատուող Ինքնահաճոյ մարդը իր ցանկութիւնը կը փնտռէ
Եւ #18:1 Կամ, ամէն բանի կը խառնուիամէն խորհուրդի դէմ կը կենայ՝ ՝։
2Յիմարը խոհեմութենէ չախորժիր,
Հապա իր սրտին մէջ եղածը յայտնել կ’ուզէ։
3Երբ ամբարիշտը գայ՝ անարգութիւն ալ կու գայ
Ու նախատինքին հետ՝ խայտառակութիւն։
4Մարդուն բերնին խօսքերը խորունկ ջուրեր են։
Իմաստութեան աղբիւրը առատաբուղխ գետ է։
5Դատաստանի մէջ արդարը սուտ հանելու համար՝
Ամբարշտին աչառութիւն ընելը աղէկ չէ։
6Անմիտ մարդուն շրթունքները կռիւ կը բերեն
Ու անոր բերանը ծեծողը կը կանչէ։
7Անմիտ մարդուն բերանը իրեն կործանում է
Եւ անոր շրթունքները իր անձին որոգայթ են։
8Քսու մարդուն խօսքերը քաղցր պատառներու պէս են
Ու անոնք մինչեւ փորին շտեմարանները կ’իջնեն։
9Ան որ իր գործին մէջ թոյլ է,
Շռայլ մարդուն եղբայրն է։
10Տէրոջը անունը ամուր աշտարակ է,
Արդարը անոր կը դիմէ ու ապահով ապաստանարան կ’ունենայ։
11Հարուստին ստացուածքը իր ամուր քաղաքն է
Ու անոր երեւակայութեան մէջ բարձր բերդի պէս է։
12Կոտորածէն առաջ մարդուն սիրտը կը հպարտանայ,
Բայց փառքին առջեւէն խոնարհութիւնը կ’երթայ։
13Ո՛վ որ բան մը չլսած պատասխան կու տայ,
Յիմարութիւն ու նախատինք է իրեն։
14Մարդուն հոգին իր հիւանդութեանը կը համբերէ,
Բայց վիրաւորուած հոգին ո՞վ կրնայ մխիթարել։
15Խոհեմին սիրտը գիտութիւն կը վաստկի
Եւ իմաստուններուն ականջը գիտութիւն կը փնտռէ։
16Մարդուն ընծան անոր ճամբայ կը բանայ
Ու զանիկա մեծերուն առջեւ կը տանի։
17Իր դատը առաջուընէ սկսողը իրաւունք ունեցող կը սեպուի.
Բայց երբ իր ոսոխը գայ՝ զանիկա կը քննէ։
18Վիճակը վէճերը կը դադրեցնէ
Ու զօրաւորներուն մէջտեղ որոշում կ’ընէ։
19Օգնութիւն ստացող եղբայր մը ամուր քաղաքէն անառիկ է
Եւ անոր վէճերը բերդի մը նիգերուն կը նմանին։
20Մարդ իր բերնին պտուղէն կը կշտանայ
Ու իր շրթունքներուն արդիւնքէն կը գոհանայ։
21Մահն ու կեանքը լեզուին ձեռքն են,
Անոնք, որ զայն կը սիրեն, անոր պտուղը կ’ուտեն։
22 Առաքինի կին գտնողը բարիք կը գտնէ
Ու Տէրոջմէն շնորհք կը ստանայ։
23Աղքատը աղաչելով կը խօսի,
Բայց հարուստը խիստ պատասխան կու տայ։
24Բարեկամներ կան, որ բարեկամ կը ձեւանան,
Բայց եղբօրմէն աւելի մտերիմ բարեկամ կայ։

Currently Selected:

ԱՌԱԿԱՑ 18: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in