ԱՌԱԿԱՑ 16
16
1Սրտին ծրագիրները մարդուն կը վերաբերին,
Բայց լեզուին պատասխանը Տէրոջմէն է։
2Մարդուն բոլոր ճամբաները իրեն մաքուր կ’երեւնան,
Բայց Տէրը հոգիները կը կշռէ։
3Քու գործերդ Տէրոջը յանձնէ
Եւ քու խորհուրդներդ պիտի հաստատուին։
4Տէրը ամէն բան իր նպատակին համար ստեղծեց
Ու ամբարիշտն ալ՝ ձախորդ օրուան համար։
5Բոլոր սրտով հպարտները Տէրոջը առջեւ պիղծ են
Ու #16:5 Կամ, ազգէ ազգթէեւ ձեռք ձեռքի տալով միաբանին՝ ՝, անպատիժ պիտի չմնան։
6Ողորմութեամբ եւ ճշմարտութեամբ անօրէնութիւնը կը քաւուի
Ու Տէրոջը վախովը մարդ չարութենէ կը հեռանայ։
7Երբ Տէրը մարդուն ճամբաներուն հաճի,
Մինչեւ անգամ անոր թշնամիները կը հաշտեցնէ անոր հետ։
8Աղէկ է քիչ բան արդարութեամբ,
Քան թէ մեծ եկամուտներ՝ անիրաւութեամբ։
9Մարդուն սիրտը իր ճամբան կը հնարէ,
Բայց Տէրը կ’ուղղէ անոր քայլերը։
10Թագաւորին շրթունքներուն վրայ աստուածային ներշնչում կայ
Եւ անոր բերանը դատաստանի մէջ չի սխալիր։
11Ուղիղ կշռողը եւ կշիռքը Տէրոջն են,
Պարկին մէջի բոլոր կշիռքի քարերը անոր գործն են։
12Չարագործութիւնը թագաւորներուն զզուելի է,
Վասն զի աթոռը արդարութեամբ հաստատուած է։
13Արդար շրթունքները թագաւորներուն հաճելի են
Ու կը սիրեն շիտակ խօսողը։
14Թագաւորին բարկութիւնը մահուան դեսպաններու պէս է.
Բայց իմաստուն մարդը զանիկա կ’իջեցնէ։
15Թագաւորին երեսին լոյսը կեանք է
Ու անոր հաճութիւնը վերջին անձրեւի ամպին պէս է։
16Իմաստութիւն ստանալը ոսկիէն շատ աղէկ է
Եւ հանճար վաստկիլը արծաթէն աւելի ընտիր է։
17Ուղիղներուն մեծ ճամբան չարութենէ հրաժարիլն է։
Իր ճամբուն զգուշութիւն ընողը իր հոգին կը պահէ։
18Կոտորածին առջեւէն՝ հպարտութիւն
Ու կործանման առջեւէն ամբարտաւանութեան ոգին կ’երթայ։
19Խոնարհներուն հետ խոնարհ ըլլալը,
Հպարտներուն հետ աւար բաժնելէն աղէկ է։
20Գործի մէջ խելացութեամբ վարուողը բարիք կը գտնէ
Ու Տէրոջը ապաւինողը երանելի է։
21Իմաստուն սիրտ ունեցողը խոհեմ կը սեպուի
Եւ շրթունքներուն քաղցրութիւնը գիտութիւնը կ’աւելցնէ։
22Խոհեմութիւնը կեանքի աղբիւր է զայն ունեցողին համար,
Բայց խրատը անմիտներուն յիմարութիւն է։
23Իմաստունին սիրտը իր բերնին իմաստութիւն կու տայ
Ու իր շրթունքներուն գիտութիւնը կ’աւելցնէ։
24Վայելուչ խօսքերը մեղրի խորիսխին պէս են,
Հոգիին՝ քաղցր ու ոսկորներուն բժշկութիւն են։
25Ճամբայ կայ, որ մարդուն շիտակ կ’երեւնայ,
Բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբան է։
26Աշխատող անձը իրեն համար կ’աշխատի.
Քանզի իր բերանը կը պահանջէ իրմէ։
27Անօրէն մարդը չարութիւն կը փորէ
Ու անոր շրթունքներուն վրայ կարծես այրող կրակ կայ։
28Ծուռ մարդը կռիւ կը հանէ
Եւ քսուն մտերիմ բարեկամները կը զատէ։
29Անօրէն մարդը իր ընկերը կը խաբէ
Ու զանիկա գէշ ճամբաներ կը տանի։
30Աչքերը կը գոցէ նենգութիւններ մտածելու համար
Եւ շրթունքները խածնելով չարութիւն կը կատարէ։
31Մազի ճերմկութիւնը փառաց պսակ է,
Եթէ անիկա արդարութեան ճամբուն մէջ գտնուի։
32Երկայնամիտ մարդը հզօր մարդէն աղէկ է
Ու իր ոգին զսպողը՝ քաղաք առնողէն։
33Վիճակը ծոցը կը ձգուի,
Բայց անոր ամէն կարգադրութիւնը Տէրոջմէն է։
Currently Selected:
ԱՌԱԿԱՑ 16: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.