YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱԿԱՑ 13

13
1Իմաստուն տղան իր հօրը խրատին մտիկ կ’ընէ,
Բայց ծաղրողը յանդիմանութեան մտիկ չըներ։
2Մարդը իր բերնին պտուղէն բարութիւն կ’ուտէ.
Բայց նենգերուն հոգին՝ բռնութիւն։
3Իր բերանը զսպողը իր անձը կը պահէ,
Բայց շրթունքները լայն բացողը պիտի կորսուի։
4Ծոյլին հոգին կը ցանկայ ու բան մը չունի,
Բայց ժրաջան մարդոց հոգին կը գիրնայ։
5Արդարը սուտ խօսքը կ’ատէ,
Բայց ամբարիշտը կ’այպանէ ու կը խայտառակէ ինքզինքը։
6Արդարութիւնը կատարելութեամբ քալողները կը պաշտպանէ,
Բայց չարութիւնը մեղաւորները կը կործանէ։
7Մարդիկ կան, որ զիրենք հարուստ կը ցուցնեն, բայց բան մը չունին,
Մարդիկ ալ կան, որ զիրենք աղքատ կը ցուցնեն, բայց շատ հարստութիւն ունին։
8Մարդուն կեանքին փրկանքը իր հարստութիւնն է,
Բայց աղքատը յանդիմանութիւն չի լսեր։
9Արդարներուն լոյսը զուարթ պիտի ըլլայ,
Բայց ամբարիշտներուն ճրագը պիտի մարի։
10Յիրաւի հպարտութենէն կռիւ կը ծագի,
Բայց խրատին մտիկ ընողներուն քով իմաստութիւն կայ։
11 # 13:11 Եբր., Ունայնութենէ Անիրաւութեամբ հաւաքուած հարստութիւնը պիտի պակսի,
Բայց իր աշխատութիւնով հաւաքողը պիտի շատցնէ։
12Ուշացած յոյսը սիրտը կը հիւանդացնէ,
Բայց փափաքին հասնիլը կեանքի ծառ մըն է։
13Խօսքը արհամարհողը պիտի կորսուի,
Բայց պատուիրանքէն վախցողը վարձք պիտի առնէ։
14Իմաստունին օրէնքը կեանքի աղբիւր է՝
Մահուան որոգայթներէն ազատ մնալու համար։
15Բարի խոհեմութիւնը շնորհք կու տայ,
Բայց անօրէններուն ճամբան դժուարին է։
16Ամէն խելացի իմաստութեամբ կը գործէ,
Բայց անմիտը յիմարութիւն կը տարածէ։
17Չար պատգամաւորը թշուառութեան մէջ կ’իյնայ,
Բայց հաւատարիմ դեսպանը բժշկութիւն է։
18Խրատը անարգողը աղքատութիւն ու անարգութիւն կը կրէ,
Բայց յանդիմանութեան մտիկ ընողը պատիւ կը գտնէ։
19Փափաքին կատարուիլը հոգիին անոյշ է
Ու չարագործութենէ ետ կենալը յիմարներուն զզուելի է։
20Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ,
Բայց անմիտներուն ընկերացողը #13:20 Կամ, չարիքի կը հանդիպիչար կ’ըլլայ՝ ՝։
21Մեղաւորներուն ետեւէն ձախորդութիւն կ’երթայ,
Բայց արդարներուն բարիք կը հատուցանուի։
22Բարի մարդը իր թոռներուն ժառանգութիւն կը թողու,
Բայց մեղաւորին ստացուածքը արդարին համար կը պահուի։
23Աղքատներուն մշակած երկրին մէջ շատ ուտելիք կայ,
Բայց մարդ կայ, որ անիրաւութենէ կը կորսուի։
24Գաւազանին խնայողը իր որդին կ’ատէ,
Բայց իր որդին սիրողը կանուխ կը խրատէ։
25Արդարը մինչեւ իր անձին կշտանալը կ’ուտէ,
Բայց ամբարիշտները կարօտութիւն պիտի քաշեն։

Currently Selected:

ԱՌԱԿԱՑ 13: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in