1
ԱՌԱԿԱՑ 13:20
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ, Բայց անմիտներուն ընկերացողը չար կ’ըլլայ՝ ՝։
Compare
Explore ԱՌԱԿԱՑ 13:20
2
ԱՌԱԿԱՑ 13:3
Իր բերանը զսպողը իր անձը կը պահէ, Բայց շրթունքները լայն բացողը պիտի կորսուի։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 13:3
3
ԱՌԱԿԱՑ 13:24
Գաւազանին խնայողը իր որդին կ’ատէ, Բայց իր որդին սիրողը կանուխ կը խրատէ։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 13:24
4
ԱՌԱԿԱՑ 13:12
Ուշացած յոյսը սիրտը կը հիւանդացնէ, Բայց փափաքին հասնիլը կեանքի ծառ մըն է։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 13:12
5
ԱՌԱԿԱՑ 13:6
Արդարութիւնը կատարելութեամբ քալողները կը պաշտպանէ, Բայց չարութիւնը մեղաւորները կը կործանէ։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 13:6
6
ԱՌԱԿԱՑ 13:11
Անիրաւութեամբ հաւաքուած հարստութիւնը պիտի պակսի, Բայց իր աշխատութիւնով հաւաքողը պիտի շատցնէ։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 13:11
7
ԱՌԱԿԱՑ 13:10
Յիրաւի հպարտութենէն կռիւ կը ծագի, Բայց խրատին մտիկ ընողներուն քով իմաստութիւն կայ։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 13:10
8
ԱՌԱԿԱՑ 13:22
Բարի մարդը իր թոռներուն ժառանգութիւն կը թողու, Բայց մեղաւորին ստացուածքը արդարին համար կը պահուի։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 13:22
9
ԱՌԱԿԱՑ 13:1
Իմաստուն տղան իր հօրը խրատին մտիկ կ’ընէ, Բայց ծաղրողը յանդիմանութեան մտիկ չըներ։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 13:1
10
ԱՌԱԿԱՑ 13:18
Խրատը անարգողը աղքատութիւն ու անարգութիւն կը կրէ, Բայց յանդիմանութեան մտիկ ընողը պատիւ կը գտնէ։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 13:18