ԱՌԱԿԱՑ 12
12
1Խրատ սիրողը գիտութիւն կը սիրէ,
Բայց յանդիմանութիւն ատողը անմիտ է։
2Բարի մարդը Տէրոջմէն շնորհք կը ստանայ,
Բայց Աստուած նենգաւոր մարդը պիտի դատապարտէ։
3Մարդը անիրաւութեամբ հաստատութիւն չունենար,
Բայց արդարներուն արմատը չի շարժիր։
4Առաքինի կինը իր էրկանը պսակ է,
Բայց նախատինք բերողը անոր ոսկորներուն փտտութեանը պէս է։
5Արդարներուն մտածումները իրաւունք են,
Բայց ամբարիշտներուն խորհուրդները՝ նենգ։
6Ամբարիշտներուն խօսքերը արիւնի համար դարան են,
Բայց ուղիղներուն բերանը զիրենք կ’ազատէ։
7Ամբարիշտները կը կործանին ու բնաջինջ կ’ըլլան,
Բայց արդարներուն տունը կը հաստատուի։
8Մարդը իր խոհեմութեանը չափ կը գովուի,
Բայց ծուռ սիրտ ունեցողը կ’անարգուի։
9Իր հացին համար ծառայող մարդը աւելի աղէկ է,
Քան թէ զինք մեծ ցուցնող, բայց հացի կարօտ մարդը։
10Արդարը իր անասուններուն հոգ կը տանի,
Բայց ամբարիշտները անողորմ են։
11Իր երկիրը մշակողը հացով կը կշտանայ.
Բայց դատարկ մարդոց հետեւողը պակասամիտ է։
12Ամբարիշտը չարերուն աւարին կը փափաքի,
Բայց արդարներուն արմատը պտուղ կուտայ։
13Չարը իր շրթունքներուն յանցանքովը որոգայթը կ’իյնայ,
Բայց արդարը նեղութենէ կ’ազատի։
14Մարդը իր բերնին պտուղէն բարիքներով պիտի լեցուի
Եւ իր գործերուն հատուցում պիտի ընդունի։
15Յիմարին ճամբան իր աչքերուն շիտակ է,
Բայց իմաստունը խրատին մտիկ կ’ընէ։
16Յիմարը նոյն օրը կը յայտնէ իր բարկութիւնը,
Բայց անարգանքը ծածկողը խելացի է։
17Ճշմարտութիւն խօսողը արդարութիւնը կը յայտնէ,
Իսկ սուտ վկան՝ նենգութիւնը։
18 Մարդիկ կան, որոնց անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն,
Բայց իմաստուններուն լեզուն բժշկութիւն է։
19Ճշմարտախօս շրթունքը միշտ հաստատ կը մնայ,
Բայց ստախօս լեզուն վայրկենական է.
20Չարութիւն մտածողին սրտին մէջ նենգութիւն կ’ըլլայ,
Բայց խաղաղութեան համար խորհուրդ ընողները ուրախութիւն կ’ունենան։
21Արդարին բնաւ չարիք չի հասնիր,
Բայց ամբարիշտները թշուառութիւններով կը լեցուին։
22Սուտ շրթունքը Տէրոջը զզուելի է,
Բայց հաւատարմութիւն ընողները անոր հաճելի են։
23Խոհեմ մարդը իր գիտցածը կը ծածկէ,
Բայց յիմարներուն սիրտը յիմարութիւնը կը հրատարակէ։
24Ժիր մարդոց ձեռքը կ’իշխէ,
Բայց ծոյլը հարկատու կ’ըլլայ։
25Մարդուն սրտին մէջ եղող վիշտը զանիկա կը ճնշէ,
Բայց աղէկ խօսքը կ’ուրախացնէ զանիկա։
26Արդարը #12:26 Կամ, իր ընկերներէն գերազանց էիր ընկերին ճամբայ կը ցուցնէ՝ ՝,
Բայց ամբարիշտներուն ճամբան զիրենք կը մոլորեցնէ։
27Ծոյլը իր որսը չ’եփեր,
Բայց ժիր մարդուն ստացուածքը պատուական է։
28Արդարութեան ճամբուն մէջ կեանք կայ
# 12:28 Կամ, բայց շատերուն կոխած ճամբան մահուան կը տանի Եւ անոր շաւիղներուն ճամբուն մէջ մահ չկայ՝ ՝։
Currently Selected:
ԱՌԱԿԱՑ 12: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.