ԱՌԱԿԱՑ 14
14
1Իմաստուն կիները իրենց տուները կը շինեն,
Բայց յիմար կինը զանիկա իր ձեռքովը կը փլցնէ։
2Իր ուղղութեանը մէջ քալողը Տէրոջմէ կը վախնայ,
Բայց ծուռ ճամբայ ունեցողը զանիկա կ’անարգէ։
3Յիմարին բերանը հպարտութեան գաւազան կայ,
Բայց իմաստուններուն շրթունքները զիրենք կը պահեն։
4Ուր արջառ չկայ, մսուրը մաքուր կը մնայ,
Իսկ արդիւնքին առատութիւնը եզին զօրութենէն յառաջ կու գայ։
5Ճշմարտութեան վկան սուտ չի խօսիր,
Բայց անիրաւ վկան ստութիւններ #14:5 Եբր., կը փչէկը թափէ բերնէն։
6Ծաղրողը իմաստութիւն կը փնտռէ ու #14:6 Եբր., չկայչի գտներ,
Բայց իմաստուններուն համար գիտութիւնը դիւրին է։
7Յիմար մարդէն հեռացիր,
Երբ իմանաս, որ իմաստուն շրթունքներ չունի։
8Խելացի մարդուն իմաստութիւնը իր ճամբան հասկնալն է.
Բայց յիմարներուն անմտութիւնը նենգութիւն է։
9Յիմարները յանցաւորը կը ծաղրեն,
Բայց ուղիղներուն մէջ ներողամտութիւն կայ։
10 Մարդուն սիրտը իր հոգիին ցաւը կը ճանչնայ,
Ուրիշը անոր ուրախութեանը մասնակից չըլլար։
11Ամբարիշտներուն տունը պիտի կործանի,
Բայց ուղիղներուն վրանը պիտի ծաղկի։
12Ճամբայ կայ, որ մարդուն շիտակ կ’երեւնայ,
Բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբան է։
13Ծիծաղելու ատենն ալ մարդուս սիրտը տրտմութիւն կը զգայ
Եւ ուրախութեան վախճանը սուգ կ’ըլլայ։
14Ապականած մարդը՝ իր ճամբաներու պտուղէն,
Իսկ բարի մարդը իր գործերու պտուղէն պիտի կշտանայ։
15Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ,
Բայց խելացին իր քայլերը կը քննէ։
16Իմաստունը կը վախնայ ու չարութենէ կը փախչի,
Բայց անմիտը կը հպարտանայ ու յանձնապաստան կ’ըլլայ։
17Շուտ բարկացողը յիմարութիւն կ’ընէ
Իսկ իմաստուն մարդը կը համբերէ։
18Անխոհեմները անմտութիւն կը ժառանգեն,
Բայց խելացիները գիտութեամբ կը պսակուին։
19Չարերը բարիներուն առջեւ կը խոնարհին
Եւ ամբարիշտները՝ արդարներուն դրանը քով։
20Աղքատը մինչեւ անգամ իր ընկերին ատելի է,
Բայց հարուստին բարեկամները շատ են։
21Տնանկը անարգողը մեղք կը գործէ,
Բայց աղքատին ողորմողը երանելի կ’ըլլայ։
22Չարութիւն մտածողները կը մոլորին,
Բայց բարութիւն մտածողներուն ողորմութիւն ու ճշմարտութիւն կը հանդիպի։
23Ամէն աշխատանքի մէջ օգուտ մը կայ,
Բայց #14:23 Եբր., շրթունքներուն խօսքըդատարկաբանութիւնը միայն կարօտութեան կը տանի մարդը։
24Իմաստուններուն հարստութիւնը իրենց պսակն է,
Բայց անմիտներուն բարձրութիւնը յիմարութիւն է։
25Հաւատարիմ վկան հոգիներ կ’ազատէ,
Բայց խարդախը ստութիւններ դուրս կու տայ։
26Տէրոջը վախին մէջ հաստատ վստահութիւն կայ
Ու անոր որդիները ապաւէն պիտի ունենան։
27Տէրոջը վախը կեանքի աղբիւր է՝
Մահուան որոգայթներէն ազատ մնալու համար։
28Ժողովուրդին բազմութիւնը թագաւորին պատիւ է,
Բայց ժողովուրդին նուազութիւնը իշխանին կործանումն է։
29Երկայնամիտ մարդը շատ խոհեմ է,
Իսկ կարճամիտը շատ յիմարութիւն կ’ընէ։
30 # 14:30 Կամ, Ողջ Հանդարտ սիրտը մարմնին կեանք է,
Բայց նախանձը ոսկորներուն փտտութիւն է։
31Աղքատին զրկանք ընողը անոր Ստեղծիչը կ’անարգէ,
Բայց տնանկին ողորմութիւն ընողը զԱնիկա կը պատուէ։
32Ամբարիշտը իր չարութեանը համար կը կործանի,
Բայց արդարը իր մահուան ատենը ապահովութիւն կ’ունենայ։
33Խելացի մարդուն սրտին մէջ իմաստութիւնը կը հանգչի,
Իսկ յիմարներուն ներսը եղածը չի ճանչցուիր։
34Արդարութիւնը ազգը կը բարձրացնէ,
Բայց մեղքը ժողովուրդներուն անարգանք է։
35Թագաւորը խոհեմ ծառային կը հաճի,
Բայց նախատինք բերող ծառային կը բարկանայ։
Currently Selected:
ԱՌԱԿԱՑ 14: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.