YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱԿԱՑ 11

11
1Նենգուած կշիռքը Տէրոջը առջեւ պիղծ է,
Բայց ուղիղ կշիռքի քարը անոր հաճելի է։
2Երբ հպարտութիւնը գայ, անարգութիւնն ալ կու գայ,
Բայց իմաստութիւնը խոնարհներուն հետ է։
3Ուղիղներուն ճշմարտութիւնը անոնց կ’առաջնորդէ,
Բայց անօրէններուն ծռութիւնը զանոնք բնաջինջ կ’ընէ։
4Բարկութեան օրը հարստութիւնը օգուտ մը չ’ըներ,
Բայց արդարութիւնը մահուանէ կ’ազատէ։
5Կատարեալներուն արդարութիւնը անոնց ճամբան կը շտկէ,
Բայց անիրաւը իր անիրաւութիւնովը կ’իյնայ։
6Ուղիղներուն արդարութիւնը զանոնք կ’ազատէ,
Բայց անօրէնները իրենց #11:6 Կամ, ցանկութեանըչարութեանը մէջ կը բռնուին։
7Երբ չար մարդը մեռնի, անոր ակնկալութիւնը կը կորսուի
Եւ անօրէններուն յոյսը կ’ոչնչանայ։
8Արդարը նեղութենէ կ’ազատի
Ու անոր տեղ ամբարիշտը կ’երթայ։
9Կեղծաւորը բերնովը իր դրացին կը կորսնցնէ,
Բայց արդարները գիտութեամբ կ’ազատին։
10Արդարներուն յաջողութեանը վրայ քաղաքը կ’ուրախանայ
Ու երբ չարերը կորսուին, ցնծութեան ձայն կը լսուի։
11Ուղիղներուն օրհնութիւնովը քաղաքը կը բարձրանայ,
Բայց ամբարիշտներուն բերնովը կը կործանի։
12Պակասամիտ եղողը իր դրացին կ’արհամարհէ,
Բայց խոհեմ մարդը կը լռէ։
13Բանսարկութեան պտըտողը գաղտնիքը կը յայտնէ,
Բայց հաւատարիմ հոգի ունեցողը բանը կը ծածկէ։
14Ժողովուրդը առանց #11:14 Կամ, առաջնորդութեանխոհականութեան կը կործանի,
Բայց խորհրդականներու բազմութեամբ փրկութիւն կ’ըլլայ։
15Օտարականին երաշխաւոր եղողը անշուշտ չարիքի կը հանդիպի,
Բայց երաշխաւորութիւնը ատողը ապահով է։
16Շնորհալի կինը պատիւ կը ստանայ
Եւ #11:16 Կամ, բռնաւորզօրաւոր մարդիկ՝ հարստութիւն։
17Ողորմած մարդը իր անձին աղէկութիւն կ’ընէ,
Բայց անողորմ մարդը իր մարմնին նեղութիւն կու տայ։
18Չար մարդը սնոտի գործ կը գործէ,
Բայց արդարութիւն ցանողը ապահով վարձք կ’ունենայ։
19Ինչպէս որ արդարութիւնը կեանքի կ’առաջնորդէ,
Նոյնպէս չարութեան հետեւողը իր մահուանը կ’երթայ։
20Ծուռ սիրտ ունեցողները Տէրոջը առջեւ պիղծ են,
Բայց ուղիղ ճամբայ քալողները անոր հաճելի են։
21Անօրէնները #11:21 Կամ, ազգէ ազգթէեւ ձեռք ձեռքի տալով միաբանին՝ ՝, անպատիժ պիտի չմնան,
Բայց արդարներուն սերունդը պիտի ազատի։
22Գեղեցիկ կինը, որ խոհեմութիւն չունի,
Խոզին քիթը դրուած ոսկի օղակին կը նմանի։
23Արդարներուն ցանկութիւնը միայն բարութիւն է,
Բայց անօրէններուն ակնկալութիւնը բարկութիւն պիտի ըլլայ։
24 Մարդ կայ, որ իր ստացուածքը ցրուելով կ’աւելցնէ
Ու մարդ կայ, որ չափէ դուրս կը խնայէ, բայց կարօտութեան կը հասնի։
25Բարերար անձը պիտի գիրնայ
Եւ ան որ կ’ոռոգէ՝ ինքն ալ պիտի ոռոգուի։
26Ժողովուրդը կ’անիծէ ցորենը պահողը.
Բայց ծախողին գլուխը կ’օրհնէ։
27Աղէկութեան համար փոյթ ընողը շնորհք կը ստանայ,
Բայց ով որ գէշութիւն կը փնտռէ, չարիքի պիտի հանդիպի։
28Իր հարստութեանը վրայ յոյս դնողը պիտի իյնայ,
Բայց արդարները կանանչ տերեւի պէս պիտի ծաղկին։
29Իր տանը նեղութիւն տուողը հով պիտի ժառանգէ
Ու յիմարը իմաստուն սիրտ ունեցողին ծառայ պիտի ըլլայ։
30Արդարին պտուղը կենաց ծառ է
Եւ հոգիներ վաստկողը իմաստուն է։
31Եթէ արդարը երկրի վրայ պատիժ կրէ,
Ո՞ւր կը մնան ամբարիշտն ու մեղաւորը։

Currently Selected:

ԱՌԱԿԱՑ 11: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in