1
ԱՌԱԿԱՑ 12:25
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Մարդուն սրտին մէջ եղող վիշտը զանիկա կը ճնշէ, Բայց աղէկ խօսքը կ’ուրախացնէ զանիկա։
Compare
Explore ԱՌԱԿԱՑ 12:25
2
ԱՌԱԿԱՑ 12:1
Խրատ սիրողը գիտութիւն կը սիրէ, Բայց յանդիմանութիւն ատողը անմիտ է։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 12:1
3
ԱՌԱԿԱՑ 12:18
Մարդիկ կան, որոնց անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն, Բայց իմաստուններուն լեզուն բժշկութիւն է։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 12:18
4
ԱՌԱԿԱՑ 12:15
Յիմարին ճամբան իր աչքերուն շիտակ է, Բայց իմաստունը խրատին մտիկ կ’ընէ։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 12:15
5
ԱՌԱԿԱՑ 12:16
Յիմարը նոյն օրը կը յայտնէ իր բարկութիւնը, Բայց անարգանքը ծածկողը խելացի է։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 12:16
6
ԱՌԱԿԱՑ 12:4
Առաքինի կինը իր էրկանը պսակ է, Բայց նախատինք բերողը անոր ոսկորներուն փտտութեանը պէս է։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 12:4
7
ԱՌԱԿԱՑ 12:22
Սուտ շրթունքը Տէրոջը զզուելի է, Բայց հաւատարմութիւն ընողները անոր հաճելի են։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 12:22
8
ԱՌԱԿԱՑ 12:26
Արդարը իր ընկերին ճամբայ կը ցուցնէ՝ ՝, Բայց ամբարիշտներուն ճամբան զիրենք կը մոլորեցնէ։
Explore ԱՌԱԿԱՑ 12:26
9
ԱՌԱԿԱՑ 12:19
Ճշմարտախօս շրթունքը միշտ հաստատ կը մնայ, Բայց ստախօս լեզուն վայրկենական է.
Explore ԱՌԱԿԱՑ 12:19