YouVersion Logo
Search Icon

ԹՈՒՈՑ 22

22
ՄՈՎԱԲԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԲԱՂԱԱՄԻՆ ԴԵՍՊԱՆ ԿԸ ՂՐԿԷ
1Իսրայէլի որդիները չուեցին ու Մովաբի դաշտերուն մէջ Յորդանանի անդիի կողմը՝ Երիքովի դէմ՝ իջեւանեցան։
2Սեպփօրի որդին Բաղակ տեսաւ այն բոլորը, ինչ որ Իսրայէլ ըրաւ Ամօրհացիներուն։ 3Մովաբ խիստ վախցաւ ժողովուրդէն, վասն զի շատուոր էին ու Մովաբ Իսրայէլի որդիներուն երեսէն տագնապի մէջ էր։ 4Եւ Մովաբ Մադիամի ծերերուն ըսաւ. «Հիմա այս ժողովուրդը պիտի լափեն մեր բոլորտիքը եղած ամէն բան՝ ինչպէս արջառը՝ դաշտին խոտը կը լափէ։ Եւ Սեպփօրի որդին Բաղակ՝ Մովաբի թագաւորը՝ 5Բէովրի որդիին Բաղաամին դեսպաններ ղրկեց Փաթուր քաղաքը, (որուն ժողովուրդին որդիներուն երկիրը, Գետին եզերքն էր,) զանիկա կանչելու եւ ըսելու. «Ահա Եգիպտոսէն ժողովուրդ մը ելաւ ու երկրին երեսը ծածկեց եւ ի դէմս կը նստի, 6Ուստի կ’աղաչեմ, եկո՛ւր, ինծի համար անիծէ՛ այս ժողովուրդը. քանզի անիկա ինծմէ զօրաւոր է, թերեւս կարող ըլլամ զանիկա զարնել ու երկրէս վռնտել. վասն զի գիտեմ թէ քու օրհնածդ օրհնեալ է եւ քու անիծածդ՝ անիծեալ»։
7Մովաբի ծերերը ու Մադիամի ծերերը իրենց ձեռքերուն մէջ հմայութեան վարձքերով գացին Բաղաամին ու Բաղակին խօսքերը ըսին անոր։ 8Եւ անիկա ըսաւ անոնց. «Այս գիշեր հոս մնացէք եւ Տէրը ինչ որ ինծի խօսելու ըլլայ, անոր համեմատ պատասխան տամ ձեզի»։ Մովաբի իշխանները Բաղաամին քով մնացին։ 9Աստուած Բաղաամին եկաւ ու ըսաւ. «Որո՞նք են այդ քու քովդ եղած մարդիկը»։ 10Բաղաամ ըսաւ Աստուծոյ. «Մովաբի թագաւորը Սեպփօրեան Բաղակը ասոնք ինծի ղրկեց՝ ըսելով. 11‘Ահա Եգիպտոսէն ելլող ժողովուրդը երկրին երեսը ծածկեց. հիմա եկո՛ւր, անիծէ՛ զանիկա ինծի համար, որ թերեւս կարող ըլլամ անոր յաղթել ու զանիկա վռնտել’»։ 12Աստուած ըսաւ Բաղաամին. «Ատոնց հետ մի՛ երթար, ժողովուրդը մի՛ անիծեր. վասն զի անիկա օրհնեալ է»։ 13Բաղաամ առտուն ելաւ ու ըսաւ Բաղակին իշխաններուն. «Դուք ձեր երկիրը գացէք. վասն զի Տէրը չի թողուր որ ձեզի հետ երթամ»։ 14Մովաբի իշխանները ելան ու Բաղակին եկան եւ ըսին. «Բաղաամ մեզի հետ գալ չուզեց»։
15Բաղակ դարձեալ անոնցմէ աւելի շատ ու աւելի պատուաւոր իշխաններ ղրկեց։ 16Ասոնք Բաղաամին եկան եւ ըսին. «Սեպփօրի որդին Բաղակ այսպէս կ’ըսէ. ‘Կ’աղաչեմ, ինծի գալէ մի՛ հրաժարիր. 17Քանզի քեզի շատ պատիւ պիտի ընեմ եւ ինծի ինչ որ ըսես՝ պիտի ընեմ, ուստի կ’աղաչեմ, եկո՛ւր, անիծէ՛ այս ժողովուրդը ինծի համար’»։ 18Բաղաամ պատասխան տուաւ ու ըսաւ Բաղակին ծառաներուն. «Եթէ Բաղակ իր տունովը լեցուն արծաթ ու ոսկի ալ տայ ինծի, իմ Տէր Աստուծոյս հրամանին հակառակ չեմ կրնար պզտիկ կամ մեծ բան մը ընել։ 19Արդ, կ’աղաչեմ, այս գիշեր դուք ալ հոս կեցէ՛ք, որպէս զի գիտնամ թէ Տէրը ուրիշ ի՛նչ պիտի ըսէ ինծի»։ 20Եւ Աստուած գիշերը Բաղաամին եկաւ ու ըսաւ անոր. «Եթէ մարդիկը քեզ կանչելու գան, ելի՛ր, անոնց հետ գնա՛. բայց ինչ որ քեզի հրամայեմ, միայն ա՛ն ըրէ»։
ԲԱՂԱԱՄԻՆ ԷՇԸ ԿԸ ԽՕՍԻ
21Բաղաամ առտուն ելաւ ու իր իշուն համետը դրաւ եւ Մովաբի իշխաններուն հետ գնաց։ 22Բայց Աստուծոյ բարկութիւնը բորբոքեցաւ ու Տէրոջը հրեշտակը ճամբուն վրայ կեցաւ իբրեւ անոր թշնամի։ Բաղաամ իր իշուն վրայ հեծած էր ու իր երկու ծառաները իրեն հետ էին։ 23Էշը տեսաւ Տէրոջը հրեշտակը, որ ճամբուն վրայ կեցած էր ու իր ձեռքը մերկ սուր մը ունէր։ Էշը ճամբայէն դարձաւ եւ արտը մտաւ։ Բաղաամ էշը ծեծեց, որպէս զի ճամբան դարձնէ զանիկա։ 24Եւ Տէրոջը հրեշտակը այգիներուն նեղ ճամբուն մէջ կեցաւ, ուր մէկ կողմէն պատ ու միւս կողմէն պատ կար։ 25Երբ էշը Տէրոջը հրեշտակը տեսաւ, պատին քով սեղմուեցաւ եւ Բաղաամին ոտքը պատին ճնշեց։ Ան ալ նորէն ծեծեց զանիկա։ 26Տէրոջը հրեշտակը առաջ գնաց ու նեղ տեղ մը կեցաւ, ուր աջ կամ ձախ կողմը դառնալու ճար չկար։ 27Երբ էշը Տէրոջը հրեշտակը տեսաւ, Բաղաամին տակ կեցաւ։ Բաղաամին բարկութիւնը բորբոքեցաւ եւ գաւազանով ծեծեց էշը։ 28Տէրը իշուն բերանը բացաւ ու անիկա Բաղաամին ըսաւ. «Ի՞նչ ըրի քեզի, որ այսպէս երեք անգամ զիս ծեծեցիր»։ 29Եւ Բաղաամ ըսաւ իշուն. «Զիս ծաղր ընելուդ համար. երանի՜ թէ ձեռքս սուր մը ըլլար, որպէս զի հիմա քեզ մեռցնէի»։ 30Էշը ըսաւ Բաղաամին. «Ես այն քու էշդ չե՞մ, որուն վրայ կը հեծնէիր #22:30 Կամ, քուկդ ըլլալէսքու մանկութենէդ՝ ՝ մինչեւ այսօր. այսպէս ընելու սովորութիւն ունէի՞»։ Բաղաամ ըսաւ. «Ո՛չ»։ 31Այն ատեն Տէրը բացաւ Բաղաամին աչքերը ու երբ տեսաւ որ Տէրոջը հրեշտակը ճամբուն վրայ կեցած էր եւ իր ձեռքը մերկ սուր մը ունէր, իր երեսին վրայ ինկաւ ու երկրպագութիւն ըրաւ։ 32Եւ Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ այսպէս երեք անգամ էշդ ծեծեցիր. ահա ես քեզի ընդդիմանալու ելայ. վասն զի քու ճամբադ ուղիղ չէ իմ առջեւս։ 33Էշը զիս տեսաւ ու երեք անգամ իմ առջեւէս մէկդի քաշուեցաւ։ Եթէ անիկա իմ առջեւէս մէկդի չքաշուէր, հիմա ես քեզ անշուշտ մեռցուցած պիտի ըլլայի ու զանիկա ողջ թողուցած»։ 34Բաղաամ ըսաւ Տէրոջը հրեշտակին. «Մեղք գործեցի, առանց գիտնալու թէ ճամբուն վրայ ինծի դէմ կեցեր էիր, ուստի եթէ քեզի անհաճոյ կ’երեւնայ իմ երթալս, ետ դառնամ»։ 35Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ Բաղաամին. «Գնա՛ այդ մարդոց հետ, բայց այն խօսքը որ քեզի պիտի ըսեմ, միայն այն ըսէ»։ Բաղաամ գնաց Բաղակին իշխաններուն հետ։
ԲԱՂԱԿ ԲԱՂԱԱՄԸ Կ’ԸՆԴՈՒՆԻ
36Եւ Բաղակ երբ լսեց որ Բաղաամ կու գայ, զանիկա դիմաւորելու ելաւ իր սահմանը եղող Առնոն գետին քովի Մովաբացիներու մէկ քաղաքը, որ սահմանին ծայրն է։ 37Եւ Բաղակ ըսաւ Բաղաամին. «Յատկապէս քեզ կանչելու համար չղրկեցի՞. ինչո՞ւ չեկար ինծի. արդեօք քեզի պատիւ ընելու կարողութիւն չունի՞մ» 38Բաղաամ ըսաւ Բաղակին. «Ահա ես քեզի եկայ. բայց ես զօրութիւն ունի՞մ բան մը ըսելու։ Աստուած իմ բերանս ինչ խօսք որ դնէ, զայն պիտի խօսիմ»։ 39Եւ Բաղաամ Բաղակին հետ գնաց ու Կարիաթ-Հուսովթ եկան։ 40Եւ Բաղակ արջառներ ու ոչխարներ մորթեց ու Բաղաամին եւ անոր հետ եղող իշխաններուն ղրկեց։
41Առտուն Բաղակ առաւ Բաղաամը եւ Բահաղի բարձր տեղերը հանեց զանիկա ու անկէ ժողովուրդին ծայրը ցուցուց։

Currently Selected:

ԹՈՒՈՑ 22: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԹՈՒՈՑ 22