1
ԹՈՒՈՑ 22:28
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Տէրը իշուն բերանը բացաւ ու անիկա Բաղաամին ըսաւ. «Ի՞նչ ըրի քեզի, որ այսպէս երեք անգամ զիս ծեծեցիր»։
Compare
Explore ԹՈՒՈՑ 22:28
2
ԹՈՒՈՑ 22:31
Այն ատեն Տէրը բացաւ Բաղաամին աչքերը ու երբ տեսաւ որ Տէրոջը հրեշտակը ճամբուն վրայ կեցած էր եւ իր ձեռքը մերկ սուր մը ունէր, իր երեսին վրայ ինկաւ ու երկրպագութիւն ըրաւ։
Explore ԹՈՒՈՑ 22:31
3
ԹՈՒՈՑ 22:32
Եւ Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ այսպէս երեք անգամ էշդ ծեծեցիր. ահա ես քեզի ընդդիմանալու ելայ. վասն զի քու ճամբադ ուղիղ չէ իմ առջեւս։
Explore ԹՈՒՈՑ 22:32
4
ԹՈՒՈՑ 22:30
Էշը ըսաւ Բաղաամին. «Ես այն քու էշդ չե՞մ, որուն վրայ կը հեծնէիր քու մանկութենէդ՝ ՝ մինչեւ այսօր. այսպէս ընելու սովորութիւն ունէի՞»։ Բաղաամ ըսաւ. «Ո՛չ»։
Explore ԹՈՒՈՑ 22:30
5
ԹՈՒՈՑ 22:29
Եւ Բաղաամ ըսաւ իշուն. «Զիս ծաղր ընելուդ համար. երանի՜ թէ ձեռքս սուր մը ըլլար, որպէս զի հիմա քեզ մեռցնէի»։
Explore ԹՈՒՈՑ 22:29
6
ԹՈՒՈՑ 22:27
Երբ էշը Տէրոջը հրեշտակը տեսաւ, Բաղաամին տակ կեցաւ։ Բաղաամին բարկութիւնը բորբոքեցաւ եւ գաւազանով ծեծեց էշը։
Explore ԹՈՒՈՑ 22:27