YouVersion Logo
Search Icon

ԹՈՒՈՑ 21

21
ՔԱՆԱՆԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ՅԱՂԹԱՆԱԿ
1Հարաւային կողմը բնակող Արադին՝ #21:1 Կամ, ՔանանիսՔանանացի թագաւորը՝ լսելով որ Իսրայէլ Աթարիմի ճամբայէն կու գայ, Իսրայէլի հետ պատերազմեցաւ եւ անոնցմէ գերիներ առաւ։ 2Իսրայէլ ուխտ ըրաւ Տէրոջը ու ըսաւ. «Եթէ այս ժողովուրդը իմ ձեռքս մատնես, անոնց քաղաքները #21:2 Կամ, պիտի նզովեմբոլորովին պիտի կորսնցնեմ»։ 3Տէրը Իսրայէլին ձայնը լսեց ու Քանանացիները անոր ձեռքը մատնեց։ Իսրայէլ բոլորովին կորսնցուց զանոնք ու անոնց քաղաքները եւ այն տեղին անունը #21:3 Այսինքն, իսպառ կործանումՀօրմա դրաւ։
ՊՂՆՁԷ ՕՁԸ
4Եդովմի երկրին բոլորտիքէն անցնելով Հովր լեռնէն Կարմիր ծովուն ճամբան չուեցին ու ճամբուն մէջ ժողովուրդին սիրտը նեղացաւ։ 5Ժողովուրդը Աստուծոյ դէմ ու Մովսէսին դէմ խօսեցան՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ մեզ Եգիպտոսէն հանեցիք, որ անապատին մէջ մեռնինք, քանզի հաց չկայ, ջուր չկայ եւ այս չնչին հացէն մեր սիրտը զզուեր է»։ 6Ուստի Տէրը ժողովուրդին վրայ կիզող օձեր ղրկեց, որոնք խածին ժողովուրդը, այնպէս որ Իսրայէլէն շատ ժողովուրդ մեռաւ։ 7Ժողովուրդը Մովսէսին եկան ու ըսին. «Տէրոջը դէմ ու քեզի դէմ խօսելով մեղանչեցինք. աղօթք ըրէ՛ Տէրոջը, որ մեր վրայէն օձերը վերցնէ»։ Մովսէս ժողովուրդին համար աղաչեց։ 8Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Քեզի կիզող օձ մը շինէ ու զանիկա ձողի մը վրայ դիր։ Ով որ օձէն խածուի, անոր թող նայի ու ապրի»։ 9Եւ Մովսէս պղնձէ օձ մը շինեց ու զանիկա ձողի մը վրայ դրաւ։ Երբ օձ մը մարդ մը խածնէր ու մարդը պղնձէ օձին նայէր, անմիջապէս կ’առողջանար։
ՀՕՐ ԼԵՌՆԷՆ ԴԷՊԻ ՄՈՎԱԲԻ ՀՈՎԻՏԸ
10Եւ Իսրայէլի որդիները չուեցին ու Ոբովթի մէջ իջեւան ըրին։ 11Ոբովթէն չուեցին ու Իյէ-Աբարիմի մէջ դէպի արեւելեան կողմը, Մովաբի մօտակայ անապատին մէջ իջեւան ըրին։ 12Անկէ ալ չուեցին եւ Զարեդ ձորին մէջ իջեւան ըրին։
13Անկէ չուեցին ու իջեւան ըրին Առնոնի միւս կողմը այն անապատին մէջ, որ Ամօրհացիներուն սահմանէն կը տարածուի, վասն զի Առնոն Մովաբացիներուն սահմանն է, Մովաբացիներուն ու Ամօրհացիներուն մէջտեղ։ 14Անոր համար Տէրոջը պատերազմներուն գրքին մէջ կ’ըսուի.
«Սուֆայի մէջ Վահէպը,
Ու Առնոնի հովիտները,
15Որ կը տարածուի մինչեւ Արի աւազանը,
Ու կը հասնի Մովաբի սահմանը»։
16Եւ անկէ շարունակեցին մինչեւ Ջրհորը։ Ասիկա այն ջրհորն է, որուն համար Տէրը ըսեր էր Մովսէսին. «Ժողովուրդը հաւաքէ ու ես անոնց ջուր պիտի տամ»։ 17Այն ատեն Իսրայէլ այս երգը երգեց
«Ո՛վ հոր, բղխէ՛։ Երգեցէ՛ք անոր.
18Հորը, որ իշխանները փորեցին
Որ ժողովուրդին ազնուականները փորեցին՝
Իրենց գաւազաններովը փորեցին»։
19Եւ անապատէն դէպի Մաթանա գացին ու Մաթանայէն դէպի Նաալիէլ ու Նաալիէլէն դէպի Բամօթ 20Եւ Բամօթէն Մովաբի դաշտին մէջ դէպի #21:20 Կամ, անապատըԵսիմոն նայող Փասգայի գագաթը եղած հովիտը չուեցին։
ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՍԵՀՈՆ ԵՒ ՈՎԳ ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ
21Եւ Իսրայէլ դեսպաններ ղրկեց Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին՝ ըսելով. 22«Թողուր որ երկրէդ անցնինք. արտի կամ այգիի մէջ չենք մտներ, հորի ջուրէ չենք խմեր. մինչեւ որ քու սահմանէդ անցնինք՝ արքունական ճամբայէն կ’երթանք»։ 23Բայց Սեհոն իր սահմանէն ճամբայ չտուաւ Իսրայէլին, հապա Սեհոն իր բոլոր ժողովուրդը հաւաքեց եւ դէպի անապատը Իսրայէլին դէմը ելաւ ու Յասսա եկաւ եւ Իսրայէլին հետ պատերազմեցաւ։ 24Իսրայէլ սուրի բերնէ անցուց զանիկա ու տիրեց անոր երկրին, Առնոնէն մինչեւ Յաբոկ, մինչեւ Ամմոնի որդիներուն երկիրը, վասն զի Ամմոնի որդիներուն սահմանը ամուր էր։ 25Իսրայէլ բոլոր այս քաղաքները առաւ ու Իսրայէլ Ամօրհացիներուն բոլոր քաղաքներուն մէջ բնակեցաւ, Եսեբոնի մէջ ու անոր բոլոր գիւղերուն մէջ. 26Քանզի Եսեբոն Ամօրհացիներու Սեհոն թագաւորին քաղաքն էր. վասն զի անիկա Մովաբի նախկին թագաւորին հետ պատերազմելով, անոր ձեռքէն անոր բոլոր երկիրը մինչեւ Առնոն՝ առած էր։ 27Անոր համար առակագիրները կ’ըսեն.
«Եսեբոն եկէ՛ք.
Թող Սեհոնի քաղաքը շինուի ու պատրաստուի,
28Վասն զի Եսեբոնէն կրակ ելաւ
Ու Սեհոնի քաղաքէն՝ բոց.
Մովաբի Արը այրեց
Ու Առնոնի բարձր տեղերուն՝ տէրերը։
29Վա՜յ քեզ, Մովաբ,
Ո՜վ Քամովսի ժողովուրդ, կորսուեցա՛ր.
Իր փախած որդիներն ու աղջիկները
Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին գերութեան տուաւ.
30Զանոնք նետերով զարկինք.
Եսեբոն կորսուեցաւ մինչեւ Դեբոն
Եւ կորսնցուցինք զանոնք
Մինչեւ Մեդաբայի քով եղած Նօփա»։
31Այսպէս Իսրայէլ Ամօրհացիներուն երկիրը բնակեցաւ։ 32Եւ Մովսէս մարդ ղրկեց Յազերը լրտեսելու ու անոր գիւղերը առին եւ հոն եղած Ամօրհացիները վռնտեցին։
33Եւ դարձան ու Բասանի ճամբան ելան եւ Բասանի Ովգ թագաւորը՝ ինք ու իր բոլոր ժողովուրդը անոնց դէմ Եդրայիի մէջ՝ պատերազմի ելան։ 34Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Անկէ մի՛ վախնար. քանզի քու ձեռքդ մատնեցի զանիկա ու անոր բոլոր ժողովուրդը եւ անոր երկիրը եւ դուն Եսեբոնի մէջ բնակող Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին ըրածիդ պէս ըրէ՛ անոր»։ 35Այսպէս զարկին զանիկա եւ անոր որդիները ու անոր բոլոր ժողովուրդը, այնպէս որ մէ՛կն ալ չմնաց եւ անոր երկրին տիրեցին։

Currently Selected:

ԹՈՒՈՑ 21: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԹՈՒՈՑ 21