ԹՈՒՈՑ 23
23
ԲԱՂԱԱՄԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆԸ
1Եւ Բաղաամ ըսաւ Բաղակին. «Հոս ինծի եօթը սեղան շինէ ու եօթը զուարակ եւ եօթը խոյ պատրաստէ»։ 2Բաղակ Բաղաամին ըսածին պէս ըրաւ։ Բաղակ ու Բաղաամ ամէն մէկ սեղանի վրայ մէկմէկ զուարակ ու մէկմէկ խոյ զոհեցին։ 3Եւ Բաղաամ ըսաւ Բաղակին. «Դուն քու ողջակէզիդ քով կեցի՛ր ու ես երթամ, թերեւս Տէրը իմ դէմս ելլէ եւ ինչ որ ինծի ցուցնէ՝ քեզի ըսեմ»։ Ու #23:3 Կամ, առանձին եւ կամ, բացբարձր տեղ մը ելաւ։ 4Եւ Աստուած Բաղաամին հանդիպեցաւ ու Բաղաամ ըսաւ անոր. «Եօթը սեղան պատրաստեցի ու ամէն մէկ սեղանի վրայ մէկմէկ զուարակ ու մէկմէկ խոյ զոհեցի»։ 5Եւ Տէրը Բաղաամին բերանը խօսք դրաւ ու ըսաւ. «Դարձի՛ր Բաղակին եւ այսպէս խօսէ»։ 6Եւ ան դարձաւ անոր ու ահա անիկա իր ողջակէզին քով կեցեր էր, ինք ու Մովաբի բոլոր իշխանները։ 7Եւ իր առակը սկսաւ ու ըսաւ.
«Մովաբի թագաւորը Բաղակ զիս Արամէն՝
Արեւելեան լեռներէն բերաւ՝ ըսելով.
‘Եկո՛ւր, Յակոբը անիծէ՛,
Եկո՛ւր, Իսրայէլը նզովէ’։
8Աստուծոյ չանիծածը ի՞նչպէս անիծեմ,
Կամ Տէրոջը չնզովածը ի՞նչպէս նզովեմ.
9Վասն զի ապառաժներուն գլխէն կը տեսնեմ զանիկա
Եւ բլուրներէն կը նայիմ անոր.
Ահա այս ժողովուրդը առանձինն պիտի բնակի
Ու ազգերուն հետ պիտի չսեպուի։
10Յակոբին փոշին ո՞վ կրնայ համրել
Եւ Իսրայէլին քառորդը ո՞վ կրնայ հաշուել։
Թող իմ անձս արդարներուն մահովը մեռնի
Ու իմ վախճանս անոնց վախճանին պէս ըլլայ»։
11Եւ Բաղակ ըսաւ Բաղաամին. «Այդ ի՞նչ ըրիր ինծի. ես քեզ բերի իմ թշնամիներս անիծելու եւ ահա ուրիշ բան չըրիր, այլ օրհնեցիր»։ 12Եւ Բաղաամ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ինչ որ Տէրը իմ բերանս դնէ, զայն խօսելու հոգ տանելու չե՞մ»։
ԲԱՂԱԱՄԻՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆԸ
13Եւ Բաղակ նորէն ըսաւ անոր. «Կ’աղաչեմ, ինծի հետ ուրիշ տեղ մը եկուր, որպէս զի անկէ զանոնք տեսնես. անոնց միայն մէկ ծայրը տեսնես եւ անոնց ամէնքը պիտի չտեսնես ու անկէ անիծէ զանոնք ինծի համար»։ 14Եւ տարաւ զանիկա Սօփիմին արտը, #23:14 Կամ, բլուրինՓասգային գլուխը։ Եօթը սեղան շինեց եւ ամէն մէկ սեղանի վրայ մէկմէկ զուարակ ու մէկմէկ խոյ զոհեց։ 15Եւ այն ատեն Բաղաամ մօտեցաւ ու ըսաւ Բաղակին. «Դուն հոս քու ողջակէզիդ քով կեցիր ու ես հոն Տէրը դիմաւորեմ»։ 16Եւ Տէրը Բաղաամին դէմ ելաւ եւ անոր բերանը խօսք դրաւ ու ըսաւ. «Բաղակին դարձի՛ր ու այսպէս ըսէ՛»։ 17Երբ եկաւ անոր, ահա անիկա իր ողջակէզին քով կեցեր էր. Մովաբի իշխաններն ալ անոր հետ էին եւ Բաղակ ըսաւ անոր. «Տէրը ի՞նչ խօսեցաւ»։ 18Եւ անիկա իր առակը սկսաւ ու ըսաւ.
«Ելի՛ր, ո՜վ Բաղակ ու լսէ՛։
Ո՛վ Սեպփօրի որդի, ինծի մտիկ ըրէ՛։
19Աստուած մարդ չէ, որ սուտ խօսի,
Ո՛չ ալ մարդու որդի, որ զղջայ.
Ինք ըսաւ ու պիտի չընէ՞,
Կամ ինք խօսեցաւ ու պիտի չգործադրէ՞։
20Ահա օրհնելու հրաման ստացայ։ Ինք օրհնեց
Ու ես չեմ կրնար ջնջել։
21Յակոբին վրայ անօրէնութիւն չգտաւ,
Ո՛չ ալ Իսրայէլի վրայ անզգամութիւն տեսաւ.
Անոր Տէր Աստուածը իրեն հետ է.
Եւ անոր մէջ թագաւորի ցնծութեան ձայն կայ։
22Զանոնք Եգիպտոսէն հանողը Աստուած է.
Անիկա միեղջերուի #23:22 Կամ, փառքոյժ ունի։
23Քանզի Յակոբին դէմ կախարդութիւն չըլլար
Ու Իսրայէլին դէմ՝ դիւթութիւն։
Յակոբին ու Իսրայէլին վրայով՝ ժամանակին
Պիտի ըսուի թէ՝ ‘Աստուած ինչե՜ր ըրաւ’։
24Ահա այս ժողովուրդը մատակ առիւծի պէս պիտի ելլէ
Ու առիւծի պէս պիտի բարձրանայ
Ու պիտի չպառկի մինչեւ որ որսը չուտէ
Ու սպաննուածներուն արիւնը չխմէ»։
25Եւ Բաղակ ըսաւ Բաղաամին. «Ոչ անէծք տուր անոնց, ոչ ալ՝ օրհնութիւն»։ 26Բաղաամ պատասխան տալով՝ Բաղակին ըսաւ. «Միթէ ես քեզի չըսի՞, ինչ որ Տէրը խօսի, զայն պիտի ընեմ»։
ԲԱՂԱԱՄԻՆ ԵՐՐՈՐԴ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆԸ
27Եւ Բաղակ ըսաւ Բաղաամին. «Եկո՛ւր ուրիշ տեղ մը տանիմ քեզ, թերեւս Աստուած հաճի, որ անկէ անիծես զանոնք»։ 28Ուստի Բաղակ տարաւ Բաղաամը Փոգովրի գագաթը, որ դէպի Եսիմոն կը նայի։ 29Ու Բաղաամ ըսաւ Բաղակին. «Հոս ինծի եօթը սեղան շինէ ու եօթը խոյ պատրաստէ»։ 30Եւ Բաղակ Բաղաամին ըսածին պէս ըրաւ ու ամէն մէկ սեղանի վրայ մէկմէկ զուարակ ու մէկմէկ խոյ զոհեց»։
Currently Selected:
ԹՈՒՈՑ 23: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.