YouVersion Logo
Search Icon

ԹՈՒՈՑ 14

14
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՏՐՏՈՒՆՋԸ
1Եւ բոլոր ժողովուրդը ձայնը վերցնելով աղաղակեց ու լացաւ այն գիշերը։ 2Իսրայէլի բոլոր որդիները տրտնջեցին Մովսէսին ու Ահարոնին դէմ ու բոլոր ժողովուրդը ըսաւ անոնց. «Երանի՜ թէ Եգիպտոսի երկրին մէջ մեռած ըլլայինք. կամ երանի՜ թէ այս անապատին մէջ մեռած ըլլայինք։ 3Ինչո՞ւ համար Տէրը մեզ այս երկիրը բերաւ, որ սրով իյնանք եւ մեր կիներն ու մեր որդիները յափշտակուին։ Աղէկ չը՞լլար որ Եգիպտոս դառնանք»։ 4Իրարու ըսին. «Մեզի զօրագլուխ մը ընտրենք ու Եգիպտոս դառնանք»։ 5Մովսէս ու Ահարոն իրենց երեսին վրայ ինկան Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին առջեւ։ 6Եւ երկիրը լրտեսողներէն Նաւէին որդին Յեսու ու Յեփոնէին որդին Քաղէբ իրենց հանդերձները պատռեցին 7Եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին խօսեցան՝ ըսելով. «Այն երկիրը, որուն մէջէն անցանք զանիկա լրտեսելու համար, խիստ լաւ երկիր մըն է 8Եթէ Տէրը մեզի հաճի, մեզ այն երկիրը տանի եւ զանիկա մեզի տայ, որ կաթ ու մեղր բղխող երկիր մըն է։ 9Միայն թէ Տէրոջը դէմ ապստամբ մի՛ ըլլաք եւ այն երկրին ժողովուրդէն մի՛ վախնաք, քանզի անոնք մեր կերակուրն են. անոնց #14:9 Եբր., հովանինապահովութիւնը գացած է իրենց վրայէն ու Տէրը մեզի հետ է։ Անոնցմէ մի՛ վախնաք»։ 10Բայց բոլոր ժողովուրդը ուզեցին քարկոծել զանոնք։ Այն ատեն Տէրոջը փառքը վկայութեան խորանին մէջ բոլոր Իսրայէլի որդիներուն երեւցաւ։
ՄՈՎՍԷՍ Կ’ԱՂՕԹԷ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ
11Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Այս ժողովուրդը մինչեւ ե՞րբ զիս պիտի արհամարհէ եւ մինչեւ ե՞րբ հակառակ բոլոր հրաշքներուս՝ պիտի չհաւատան ինծի։ 12Ես զանոնք ժանտախտով պիտի զարնեմ ու կորսնցնեմ զանոնք եւ քեզ անոնցմէ աւելի մեծ ու զօրաւոր ազգ մը պիտի ընեմ»։
13Մովսէս ըսաւ Տէրոջը. «Այն ատեն Եգիպտացիները պիտի լսեն. (քանզի դուն քու ուժովդ այս ժողովուրդը անոնց մէջէն հանեցիր.) 14Եւ անոնք պիտի պատմեն այս երկրին բնակիչներուն. քանզի անոնք լսած են որ դուն, ո՛վ Տէր, այս ժողովուրդին մէջտեղն ես, որ դուն, ո՛վ Տէր, դէմ առ դէմ կը տեսնուիս եւ որ քու ամպդ անոնց վրայ կը կենայ եւ որ ցորեկը ամպի սիւնով ու գիշերը կրակի սիւնով կը քալես անոնց առջեւէն։ 15Հիմա եթէ այս ժողովուրդը մէկ մարդու պէս մեռցնելու ըլլաս, քու համբաւդ լսող ազգերը պիտի ըսեն՝ 16‘Տէրը այս ժողովուրդը չկրցաւ տանիլ այն երկիրը, որ անոնց երդումով խոստացած էր, ուստի անապատին մէջ մեռցուց զանոնք’։ 17Եւ հիմա թող իմ Տէրոջս կարողութիւնը մեծ ըլլայ, ինչպէս խոստացար ըսելով՝ 18‘Տէրը երկայնամիտ է եւ առատ՝ ողորմութիւնով, անօրէնութիւնն ու յանցանքը ներող. բայց յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր, հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն վրայ՝ մինչեւ երրորդ ու չորրորդ ազգը հատուցանելով’։ 19Կ’աղաչեմ, քու մեծ ողորմութեանդ համեմատ ներէ այս ժողովուրդին անօրէնութիւնը, ինչպէս ներեցիր այս ժողովուրդին Եգիպտոսէն մինչեւ հոս»։ 20Եւ Տէրը ըսաւ. «Քու խօսքիդ համեմատ ներեցի. 21Բայց կենդանի եմ ես, որ բոլոր երկիր Տէրոջը փառքովը պիտի լեցուի. 22Քանզի բոլոր այն մարդիկը, որոնք Եգիպտոսի մէջ ու անապատին մէջ իմ փառքս ու իմ ըրած հրաշքներս տեսան եւ մինչեւ հիմա զիս տասը անգամ փորձեցին ու իմ խօսքս մտիկ չըրին, 23Պիտի չտեսնեն այն երկիրը, որ իրենց հայրերուն տալու երդում ըրի։ Զիս արհամարհողներէն մէ՛կն ալ պիտի չտեսնէ զայն. 24Բայց որովհետեւ իմ ծառաս Քաղէբ ուրիշ միտք ունեցաւ ու ինծի #14:24 Եբր., իմ ետեւէս լեցուցբոլոր սրտով հնազանդեցաւ՝ ՝, ես ալ զանիկա իր գացած երկիրը պիտի տանիմ եւ անոր սերունդը պիտի ժառանգէ զայն։ 25Քանի որ Ամաղեկացիներն ու Քանանացիները ձորերու մէջ կը նստին, վաղը դարձէ՛ք եւ դէպի անապատը՝ Կարմիր ծովուն ճամբան չուեցէք»։
ՏԷՐԸ ԿԸ ՊԱՏԺԷ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՏՐՏՈՒՆՋԻՆ ՀԱՄԱՐ
26Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. 27«Մինչեւ ե՞րբ այս չար ժողովուրդին ինծի դէմ տրտնջելուն համբերեմ. ես լսեցի Իսրայէլի որդիներուն տրտունջը, որ ինծի դէմ կը տրտնջեն։ 28Ըսէ՛ անոնց. ‘Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէրը, որ ինչպէս դուք իմ ականջներուս խօսեցաք, այնպէս պիտի ընեմ ձեզի. 29Ձեր դիակները այս անապատին մէջ պիտի իյնան եւ ձեր բոլոր հաշիւին համեմատ, ձեզմէ բոլոր համրուածները, քսան տարեկանէն վեր եղողները, դուք ամէնքդ, որ ինծի դէմ տրտնջեցիք, 30Անշուշտ պիտի չմտնէք այն երկիրը՝ որուն մէջ ձեզ բնակեցնելու #14:30 ձեռքս վերցուցիերդում ըրի՝ ՝, բացի Յեփոնէին որդիէն Քաղէբէն ու Նաւէին որդիէն՝ Յեսուէն։ 31Եւ ձեր որդիները, որոնց համար դուք ըսիք թէ պիտի յափշտակուին, զանոնք պիտի տանիմ եւ ձեր չհաւնած երկիրը անոնք պիտի #14:31 Եբր., գիտնանտեսնեն։ 32Բայց ձեր դիակները այս անապատին մէջ պիտի իյնան։ 33Եւ ձեր որդիները անապատին մէջ քառասուն տարի պիտի #14:33 Եբր., արածինմոլորին ու ձեր պոռնկութիւնները կրեն, մինչեւ որ ձեր դիակները անապատին մէջ սպառին’։ 34Ինչպէս երկիրը քառասուն օրուան մէջ լրտեսեցիք, այնպէս ալ այն օրերուն թիւին համեմատ՝ ամէն մէկ օրուան տեղ մէկմէկ տարի սեպելով՝ քառասուն տարի պիտի կրէք ձեր անօրէնութիւնները, որ գիտնաք թէ ձեզմէ հեռացած եմ։ 35Ես Տէրս ըսի, Ինծի դէմ հաւաքուած այդ բոլոր չար ժողովուրդին անշուշտ պիտի ընեմ այս բանը. անոնք այս անապատին մէջ պիտի սպառին ու հոն մեռնին»։ 36Եւ այն մարդիկը, որոնք Մովսէս ղրկեց այն երկիրը լրտեսելու, որոնք դարձան ու երկրին վրայով գէշ լուր հանելով բոլոր ժողովուրդը անոր դէմ տրտնջելու գրգռեցին, 37Այն մարդիկը, որոնք այն երկրին վրայով գէշ լուր հանեցին, հարուածով մեռան Տէրոջը առջեւ։ 38Բայց Նաւէին որդին Յեսու եւ Յեփոնէին որդին Քաղէբ, որոնք երկիրը լրտեսելու գացող մարդոցմէն էին, ողջ մնացին։
ԵՐԿԻՐԸ ԳՐԱՒԵԼՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ՓՈՐՁԸ
(Բ. Օր. 1:41-46)
39Մովսէս այս խօսքերը Իսրայէլի բոլոր որդիներուն ըսաւ ու ժողովուրդը մեծ սուգ ըրաւ։ 40Եւ առտուն կանուխ լերանը գլուխը ելան՝ ըսելով. «Ահա մենք պատրաստ ենք եւ Տէրոջը ըսած տեղը պիտի ելլենք. վասն զի մեղք գործեցինք»։ 41Բայց Մովսէս ըսաւ. «Ինչո՞ւ այդպէս Տէրոջը հրամանէն դուրս կ’ելլէք. այդ բանը պիտի չյաջողի։ 42Մի՛ ելլէք, (քանզի Տէրը ձեր մէջ չէ,) չըլլայ որ ձեր թշնամիներէն ջարդուիք. 43Վասն զի Ամաղեկացիներն ու Քանանացիները հոն ձեր առջեւ են եւ սրով պիտի իյնաք. դուք Տէրոջմէն ետ դառնալնուդ համար՝ Տէրը ձեզի հետ պիտի չըլլայ»։ 44Բայց անոնք յամառութիւն ընելով՝ լերանը գլուխը ելան. սակայն Տէրոջը ուխտին տապանակն ու Մովսէս բանակատեղիէն չզատուեցան։ 45Այն ատեն այն լերանը վրայ բնակող Ամաղեկացիներն ու Քանանացիները իջան եւ զարկին զանոնք ու հալածեցին զանոնք մինչեւ Հօրմա։

Currently Selected:

ԹՈՒՈՑ 14: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in