YouVersion Logo
Search Icon

ԹՈՒՈՑ 13

13
ԼՐՏԵՍՆԵՐԸ
(Բ. Օր. 1:19-33)
1Անկէ յետոյ ժողովուրդը Ասերովթէն չուեցին ու Փառանի անապատը իջեւան ըրին։ 2Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 3«Մարդիկ ղրկէ որ լրտեսեն Քանանի երկիրը, որ Իսրայէլի որդիներուն պիտի տամ։ Անոնք, իրենց հայրերուն սերունդէն, մէկմէկ իշխան ըլլալու են»։ 4Մովսէս Տէրոջը հրամանին համեմատ ղրկեց զանոնք Փառանի անապատէն։ Անոնք Իսրայէլի որդիներուն գլխաւորներն էին, 5Որոնց անունները ասոնք են՝ 6Ռուբէնի ցեղէն՝ Զաքուրին որդին Սամուան, Շմաւոնի ցեղէն՝ Քոռիին որդին Սափատը, 7Յուդայի ցեղէն՝ Յեբոնէին որդին Քաղէբը, 8Իսաքարի ցեղէն՝ Յովսէփին որդին Իգաղը, 9Եփրեմի ցեղէն՝ Նաւէին որդին Օսէսը, 10Բենիամինի ցեղէն՝ Ռափուին որդին Փաղտին, 11Զաբուղոնի ցեղէն՝ Սուդիին որդին Գեդդիէլը 12Յովսէփի ցեղէն՝ այսինքն Մանասէի ցեղէն՝ Սուսիի որդին Գադդին, 13Դանի ցեղէն՝ Գամաղիին որդին Ամիէլը, 14Ասերի ցեղէն՝ Միքայէլի որդին Սաթուրը 15Նեփթաղիմի ցեղէն՝ Վափսիին որդին Նաբին, 16Գադի ցեղէն՝ Մաքքիին որդին Գուէլը։
17Ասոնք են այն մարդոց անունները, որոնք Մովսէս ղրկեց երկիրը լրտեսելու։ Մովսէս Նաւէին որդիին #13:17 Այսինքն, փրկիչՕսէսին անունը #13:17 Այսինքն, Տէր փրկիչՅեսու դրաւ 18Եւ ղրկեց զանոնք Քանանի երկիրը լրտեսելու ու ըսաւ անոնց. «Այս հարաւային կողմէն դէպի վեր երթալով, լեռը ելէ՛ք 19Եւ այն երկրին ինչպէս ըլլալը ու հոն բնակող ժողովուրդին զօրաւոր կամ տկար, քիչուոր կամ շատուոր ըլլալը տեսէ՛ք 20Եւ այն երկիրը, ուր անոնք կը բնակին, ինչպէս է, աղէ՞կ է թէ գէշ եւ ի՛նչպէս են այն քաղաքները, ուր անոնք կը բնակին, վրաններէ՞ բաղկացած են թէ պարսպապատ են։ 21Երկի՞րը ինչպէս է, բերրի՞ է թէ անբեր, մէջը ծառեր կա՞ն թէ ոչ։ Ժի՛ր եղէք ու այն երկրին պտուղէն բերէ՛ք»։ Եւ այն օրերը խաղողին հասուննալու ժամանակն էր։ 22Անոնք գացին ու այն երկիրը լրտեսեցին Սին անապատէն մինչեւ Րոոբ դէպի Եմաթ։ 23Հարաւային կողմէն ելան ու դէպի Քեբրոն եկան, ուր կը բնակէին Ենակի որդիները՝ Աքիման, Սէսի եւ Թոլմի։ (Քեբրոն Եգիպտոսի Տայանիս քաղաքէն եօթը տարի առաջ շինուած էր։) 24Եւ մինչեւ Եսքողի ձորը եկան ու անկէ խաղողի ողկոյզ մը կտրեցին ուռովը մէկտեղ եւ երկու հոգի ձողով վերցուցին զանիկա։ Նուռերէն ու թուզերէն ալ տարին։ 25Իսրայէլի որդիներուն անկէ կտրած ողկոյզին համար այն տեղին անունը #13:25 Այսինքն, ողկոյզիԵսքողի ձոր դրուեցաւ։ 26Քառասուն օր յետոյ այն երկիրը լրտեսելէն դարձան 27Եւ գալով հասան Մովսէսին ու Ահարոնին եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին, Փառանի անապատը՝ Կադէս եւ բոլոր ժողովուրդին լուր բերին եւ երկրին պտուղը ցուցուցին անոնց։ 28Պատմեցին Մովսէսին ու ըսին. «Գացինք այն երկիրը, ուր ղրկեցիր. իրաւցընէ կաթ ու մեղր կը բղխի հոն։ Ահա անոր պտուղը։ 29Բայց այն երկրին մէջ բնակող ժողովուրդը զօրաւոր է եւ քաղաքները պարսպապատ ու խիստ մեծ են. նաեւ հոն Ենակի որդիները տեսանք։ 30Ամաղեկացիները այն երկրին հարաւային կողմը կը բնակին ու Քետացիները եւ Յեբուսացիներն ու Ամօրհացիները լեռները կը բնակին եւ Քանանացիները ծովուն քով ու Յորդանանի եզերքը կը բնակին»։ 31Եւ Քաղէբ ժողովուրդը Մովսէսին առջեւ լռեցուց ու ըսաւ. «Աղէ՜կ, ելլե՛նք ու ժառանգենք զայն. քանզի մենք անշուշտ կրնանք անոր տիրել»։ 32Եւ անոր հետ գացող մարդիկը ըսին. «Մենք այն ժողովուրդին վրայ ելլելու կարող չենք, վասն զի անոնք մեզմէ զօրաւոր են»։ 33Եւ իրենց լրտեսած երկրին համար գէշ լուր բերին Իսրայէլի որդիներուն՝ ըսելով. «Այն երկիրը, որուն մէջէն անցանք լրտեսելու համար, իր բնակիչները ուտող երկիր մըն է եւ անոր մէջի ժողովուրդը, որ մենք տեսանք, յաղթահասակ մարդիկ են 34Եւ հոն տեսանք հսկաներ, Ենակի որդիները, որ հսկաներ են. այնպէս որ մենք մեր աչքին մարախի պէս երեւցանք եւ այնպէս ալ անոնց աչքին երեւցանք»։

Currently Selected:

ԹՈՒՈՑ 13: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԹՈՒՈՑ 13