YouVersion Logo
Search Icon

ԹՈՒՈՑ 15

15
ԶՈՀԻ ՀԱՄԱՐ ԿԱՆՈՆՆԵՐ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 2«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. Երբ մտնէք այն երկիրը, ուր պիտի բնակիք, որ ձեզի պիտի տամ, 3Տէրոջը անոյշ հոտ նուիրելու համար՝ արջառներէն կամ հօտերէն պատարագ մատուցանեցէք, ողջակէզ կամ ուխտ կատարելու զոհ՝ թէ՛ կամաւոր ընծայի համար եւ թէ՛ ձեր տօներուն մէջ, 4Այն ատեն զոհը Տէրոջը մատուցանողը հացի ընծայի համար հիմէնի մը մէկ չորրորդ մասը իւղով շաղուած մէկ տասներորդ բարակ ալիւր պէտք է մատուցանէ։ 5Եւ ողջակէզին կամ զոհին հետ մէկ գառի համար՝ հիմէնի մը մէկ չորրորդ մասը գինի ըմպելի նուէր պէտք է ընես. 6Կամ խոյի մը համար՝ հիմէնի մը մէկ երրորդ մասը իւղով շաղուած երկու տասներորդ բարակ ալիւր հացի ընծայ պէտք է ընես 7Եւ թափելու նուէրի համար հիմէնի մը մէկ երրորդ մասը գինի՝ անոյշ հոտի համար Տէրոջը պէտք է մատուցանես։ 8Եւ երբ ողջակէզի համար կամ ուխտ կատարելու զոհի համար կամ խաղաղութեան զոհի համար զուարակ մը մատուցանես Տէրոջը, 9Այն ատեն զուարակին հետ կէս հիմէնի իւղով շաղուած երեք տասներորդ բարակ ալիւրէ հացի ընծայ մատուցանէ 10Եւ ըմպելի նուէրի համար կէս հիմէն գինի մատուցանէ. ասիկա Տէրոջը անուշահոտ պատարագ մըն է։ 11Ամէն մէկ զուարակի կամ խոյի համար, կամ ոչխարի կամ այծի համար այսպէս պէտք է ըլլայ։ 12Ձեր պատրաստածին թիւին նայելով՝ անոնց թիւին համեմատ ամէն մէկուն այնպէս պէտք է ընէք։ 13Երկրին ամէն բնիկը այս բաները այնպէս պէտք է ընէ, Տէրոջը անուշահոտ պատարագ մատուցանելու համար։ 14Եւ եթէ ձեր քով պանդխտացած օտարականը, կամ ձեր մէջ բնակողը Տէրոջը անուշահոտ պատարագ մատուցանելու ըլլայ, ձեր ըրածին պէս անիկա ալ նոյնը պէտք է ընէ։ 15Ո՛վ ժողովուրդ, ձեզի համար եւ ձեր քով պանդխտացած օտարականին համար մէկ կանոն պիտի ըլլայ. ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտենական կանոնով՝ Տէրոջը առջեւ ինչպէս որ էք դուք, այնպէս ալ պէտք է ըլլայ օտարականը։ 16Ձեզի համար եւ ձեր քով պանդխտացած օտարականին համար մէկ օրէնք ու մէկ կարգադրութիւն պէտք է ըլլայ»։
17Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 18«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. Երբ այն երկիրը մտնէք, ուր ձեզ պիտի տանիմ 19Եւ երբ այն երկրին հացէն ուտէք, ողջակէզի ընծայ մատուցանեցէք Տէրոջը. 20Ձեր առաջին խմորէն շօթ մը իբր ողջակէզի ընծայ պէտք է մատուցանէք. կալի ընծան ինչպէս կ’ընէք, այս ալ այնպէս պիտի մատուցանէք։ 21Ձեր առաջին խմորէն ողջակէզի ընծայ պէտք է մատուցանէք Տէրոջը ձեր սերունդներուն մէջ։
22Իսկ եթէ սխալիք ու չընէք այս բոլոր պատուէրները՝ որոնք Տէրը ըսաւ Մովսէսին, 23Նաեւ այն ամէնը, որոնք Տէրը ձեզի պատուիրեց Մովսէսին միջոցով այն օրէն ի վեր՝ երբ Տէրը պատուիրեց ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտեան 24Եւ եթէ պատահի որ ժողովուրդը սխալմամբ յանցանք մը գործէ, այն ատեն բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը անուշահոտ ողջակէզի համար՝ զուարակ մը պէտք է մատուցանէ օրէնքին համաձայն, հացի ընծայով ու ըմպելի նուէրով եւ մեղքի պատարագի համար այծերէն մէկ նոխազ։ 25Քահանան քաւութիւն պիտի ընէ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին համար ու թողութիւն շնորհէ անոնց, վասն զի սխալած էին եւ անոնք իրենց սխալելուն համար իրենց ընծան Տէրոջը պատարագ բերին ու նաեւ իրենց մեղքի պատարագը՝ Տէրոջը առջեւ. 26Ուստի Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին ու անոնց մէջ պանդխտացած բոլոր օտարականներուն թողութիւն պիտի ըլլայ. քանզի բոլոր ժողովուրդը սխալած էր։
27Եթէ անձ մը սխալմամբ մեղք գործէ, այն ատեն մեղքի պատարագի համար մէկ տարեկան էգ այծ մը պէտք է բերէ 28Եւ քահանան քաւութիւն թող ընէ ակամայ մեղք գործող անձին համար. երբ Տէրոջը առջեւ ակամայ մեղք գործէ, անոր համար քաւութիւն թող ընէ ու անոր թողութիւն ըլլայ։ 29Ակամայ մեղք գործողը Իսրայէլի որդիներէն բնիկ ըլլայ կամ անոնց մէջ պանդխտացած օտարական, մէկ օրէնք պէտք է ունենաք։
30Բայց այն անձը որ #15:30 Եբր., բարձր ձեռքովյանդգնութեամբ բան մը կ’ընէ, երկրի բնիկ ըլլայ եւ կամ օտարական, անիկա Տէրը կը նախատէ. այն անձը իր ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուի. 31Տէրոջը խօսքը արհամարհելուն եւ անոր պատուիրանքը զանց ընելուն համար այն անձը անշուշտ պէտք է կորսուի. անոր անօրէնութիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ։
ՇԱԲԱԹԸ ԲԵԿԱՆՈՂ ՄԱՐԴԸ
32Երբ Իսրայէլի որդիները անապատն էին, մարդ մը գտան որ շաբաթ օրը փայտ կը հաւաքէր։ 33Անոնք որ փայտ հաւաքելու վրայ գտան զանիկա, Մովսէսին ու Ահարոնին եւ բոլոր ժողովուրդին առջեւ բերին 34Եւ բանտարկեցին զանիկա, վասն զի որոշ չէին գիտեր թէ ի՞նչ ընելու էին։ 35Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Այն մարդը անպատճառ պէտք է մեռցուի. բոլոր ժողովուրդը բանակէն դուրս քարերով թող քարկոծեն զանիկա»։ 36Բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս՝ բանակէն դուրս հանեցին զանիկա եւ քարկոծեցին ու մեռցուցին։
ԾՈՊԵՐՈՒՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ
37Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 38«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց, որ իրենց ծոպեր շինեն իրենց հանդերձներուն քղանցքներուն վրայ՝ իրենց սերունդներուն մէջ ու քղանցքին ծոպերուն վրայ կապոյտ ժապաւէն մը դնեն 39Եւ ասիկա ձեզի ծոպ պիտի ըլլայ, որպէս զի դուք նայիք անոր ու Տէրոջը բոլոր պատուէրները մտքերնիդ բերէք եւ կատարէք ու ձեր սրտերուն եւ ձեր աչքերուն ցանկութիւններուն չհետեւիք, որոնց ետեւէն դուք #15:39 Եբր., պոռնկութիւն կ’ընէքկը մոլորիք. 40Այնպէս որ մտքերնիդ բերէք ու կատարեցէք իմ բոլոր պատուիրանքներս որ սուրբ ըլլաք ձեր Աստուծոյն առջեւ։ 41Ես եմ ձեր Տէր Աստուածը, որ ձեզի Աստուած ըլլալու համար՝ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի։ Ես եմ Եհովա ձեր Աստուածը»։

Currently Selected:

ԹՈՒՈՑ 15: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in