Բայց կենդանի եմ ես, որ բոլոր երկիր Տէրոջը փառքովը պիտի լեցուի. Քանզի բոլոր այն մարդիկը, որոնք Եգիպտոսի մէջ ու անապատին մէջ իմ փառքս ու իմ ըրած հրաշքներս տեսան եւ մինչեւ հիմա զիս տասը անգամ փորձեցին ու իմ խօսքս մտիկ չըրին, Պիտի չտեսնեն այն երկիրը, որ իրենց հայրերուն տալու երդում ըրի։ Զիս արհամարհողներէն մէ՛կն ալ պիտի չտեսնէ զայն.