ԹՈՒՈՑ 12
12
ՄԱՐԻԱՄ ԿԸ ՊԱՏԺՈՒԻ
1Մարիամ ու Ահարոն Մովսէսին դէմ խօսեցան՝ անոր առած եթովպիացի կնոջը համար, քանզի անիկա Եթովպիացի կին առեր էր 2Ու ըսին. «Միթէ Տէրը միայն Մովսէսի՞ն միջոցով խօսեցաւ։ Չէ՞ որ մեր միջոցով ալ խօսեցաւ»։ Տէրը լսեց։ 3Մովսէս շատ հեզ մարդ մըն էր՝ երկրի վրայ եղած բոլոր մարդոցմէ աւելի։ 4Իսկոյն Տէրը ըսաւ Մովսէսին ու Ահարոնին ու Մարիամին. «Դուք երեքդ ալ վկայութեան խորանը ելէ՛ք»։ Երեքն ալ ելան։ 5Եւ Տէրը ամպին սիւնովը իջաւ ու խորանին դուռը կեցաւ եւ Ահարոնն ու Մարիամը կանչեց։ Անոնք երկուքն ալ ելան։ 6Եւ Տէրը ըսաւ անոնց. «Հիմա իմ խօսքս լսեցէ՛ք։ Եթէ ձեզմէ մէկը մարգարէ ըլլայ, ես Տէրս ինքզինքս տեսիլքի մէջ կը ճանչցներ անոր, կամ երազի մէջ կը խօսիմ անոր հետ։ 7Բայց իմ ծառաս Մովսէս այնպէս չէ, որ իմ բոլոր տանս մէջ հաւատարիմ է. 8Անոր հետ բերնէ բերան, յայտնապէս կը խօսիմ եւ ոչ թէ առակով ու անիկա Տէրոջը կերպարանքը կը տեսնէ. ուստի իմ ծառայիս Մովսէսին դէմ խօսելու ինչո՞ւ չվախցաք»։ 9Եւ Տէրոջը բարկութիւնը անոնց վրայ բորբոքեցաւ ու Ինք գնաց։ 10Եւ ամպը հեռացաւ վկայութեան խորանէն ու ահա Մարիամ ձիւնի պէս բորոտ եղաւ։ Ահարոն Մարիամին նայեցաւ եւ ահա անիկա բորոտ էր։ 11Եւ Ահարոն ըսաւ Մովսէսին. «Ո՜հ, տէ՛ր իմ, կ’աղաչէմ, մեզ մի՛ պատժեր մեր ըրած յիմարութեանը համար։ Մեղք գործեցինք։ 12Մարիամը թող չնմանի այն մեռած տղուն, որ իր մօրը արգանդէն ելած ատենը անոր մարմնին կէսը սպառուած է»։ 13Մովսէս աղաչեց Տէրոջը՝ ըսելով. «Կը խնդրեմ քեզմէ, ո՛վ Աստուած, բժշկէ՛ զանիկա»։ 14Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Եթէ անոր հայրը միայն անոր երեսը թքնելու ըլլար, եօթը օր պիտի չամչնա՞ր. թող անիկա եօթը օր բանակէն դուրս գոցուած պահուի ու անկէ յետոյ ընդունուի»։ 15Մարիամ բանակէն դուրս եօթը օր գոցուած մնաց ու ժողովուրդը չչուեց մինչեւ Մարիամին ընդունուիլը։
Currently Selected:
ԹՈՒՈՑ 12: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.