1
ԹՈՒՈՑ 13:30
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Ամաղեկացիները այն երկրին հարաւային կողմը կը բնակին ու Քետացիները եւ Յեբուսացիներն ու Ամօրհացիները լեռները կը բնակին եւ Քանանացիները ծովուն քով ու Յորդանանի եզերքը կը բնակին»։
Compare
Explore ԹՈՒՈՑ 13:30
2
ԹՈՒՈՑ 13:33
Եւ իրենց լրտեսած երկրին համար գէշ լուր բերին Իսրայէլի որդիներուն՝ ըսելով. «Այն երկիրը, որուն մէջէն անցանք լրտեսելու համար, իր բնակիչները ուտող երկիր մըն է եւ անոր մէջի ժողովուրդը, որ մենք տեսանք, յաղթահասակ մարդիկ են
Explore ԹՈՒՈՑ 13:33
3
ԹՈՒՈՑ 13:31
Եւ Քաղէբ ժողովուրդը Մովսէսին առջեւ լռեցուց ու ըսաւ. «Աղէ՜կ, ելլե՛նք ու ժառանգենք զայն. քանզի մենք անշուշտ կրնանք անոր տիրել»։
Explore ԹՈՒՈՑ 13:31
4
ԹՈՒՈՑ 13:32
Եւ անոր հետ գացող մարդիկը ըսին. «Մենք այն ժողովուրդին վրայ ելլելու կարող չենք, վասն զի անոնք մեզմէ զօրաւոր են»։
Explore ԹՈՒՈՑ 13:32
5
ԹՈՒՈՑ 13:27
Եւ գալով հասան Մովսէսին ու Ահարոնին եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին, Փառանի անապատը՝ Կադէս եւ բոլոր ժողովուրդին լուր բերին եւ երկրին պտուղը ցուցուցին անոնց։
Explore ԹՈՒՈՑ 13:27
6
ԹՈՒՈՑ 13:28
Պատմեցին Մովսէսին ու ըսին. «Գացինք այն երկիրը, ուր ղրկեցիր. իրաւցընէ կաթ ու մեղր կը բղխի հոն։ Ահա անոր պտուղը։
Explore ԹՈՒՈՑ 13:28
7
ԹՈՒՈՑ 13:29
Բայց այն երկրին մէջ բնակող ժողովուրդը զօրաւոր է եւ քաղաքները պարսպապատ ու խիստ մեծ են. նաեւ հոն Ենակի որդիները տեսանք։
Explore ԹՈՒՈՑ 13:29
8
ԹՈՒՈՑ 13:26
Քառասուն օր յետոյ այն երկիրը լրտեսելէն դարձան
Explore ԹՈՒՈՑ 13:26