ԵՐԵՄԵԱՅ 9
9
1Երանի՜ թէ գլուխս՝ ջուրի
Ու աչքերս արցունքի աղբիւր ըլլային,
Որպէս զի ցորեկ ու գիշեր լայի
Իմ ժողովուրդիս աղջկան սպաննուածներուն համար։
2Երանի՜ թէ անապատի մէջ ճամբորդներու իջեւան մը ունենայի,
Որպէս զի իմ ժողովուրդս ձգէի ու անոնցմէ հեռանայի.
Վասն զի ամէնքը շնացողներ են
Ու նենգաւորներու ընկերութիւն են։
3Իրենց լեզուները իրենց աղեղներուն պէս կը լարեն ստութեան համար,
Բայց ճշմարտութեան համար երկրի վրայ քաջութիւն չունին.
Վասն զի չարութենէ չարութիւն կ’երթան
Ու զիս չեն ճանչնար, կ’ըսէ Տէրը։
4Ամէն մարդ թող իր ընկերէն զգուշանայ։
Բնաւ եղբօր մը մի՛ ապաւինիք.
Վասն զի ամէն եղբայր խաբէութիւն կը հնարէ
Եւ ամէն ընկեր բանսարկութիւն կ’ընէ
5Ու ամէն մարդ իր ընկերը կը խաբէ
Եւ ճշմարտութիւն չի խօսիր։
Անոնք իրենց լեզուները սուտ խօսելու վարժեցուցած են,
Անօրէնութիւն ընելով կը յոգնին։
6Քու բնակարանդ նենգութեան մէջ է։
Նենգութեան պատճառով զիս ճանչնալ չեն ուզեր, կ’ըսէ Տէրը։
7Անոր համար զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ահա զանոնք պիտի հալեցնեմ ու պիտի փորձեմ,
Վասն զի իմ ժողովուրդիս համար ի՞նչ կրնամ ընել։
8Անոնց լեզուն մահաբեր նետ է։
Նենգութիւն կը խօսի,
Բերնովը իր ընկերին հետ խաղաղութեամբ կը խօսի,
Բայց սրտով անոր դարան կը պատրաստէ։
9«Միթէ այս բաներուն համար անոնք պիտի չպատժե՞մ, կ’ըսէ Տէրը,
Կամ այսպիսի ազգէ մը իմ հոգիս վրէժ պիտի չառնէ՞»։
10«Լեռներուն համար լաց ու ողբ
Եւ անապատի արօտներուն համար կոծ պիտի ընեմ.
Վասն զի այրեցան, անկէ մարդ չ՛անցնիր
Ու խաշինքներու ձայն չի լսուիր.
Օդին թռչուններէն մինչեւ անասունները փախան, գացին։
11Երուսաղէմը՝ աւերակներու դէզեր
Եւ չագալներու բնակարան պիտի ընեմ
Ու Յուդայի քաղաքները անբնակ ամայութեան պիտի դարձնեմ»
12Ո՞վ է այն իմաստուն մարդը, որ ասիկա հասկնայ
Եւ անոր՝ Աստուծոյ բերանը խօսած ըլլայ, որ ասիկա յայտնէ,
Թէ երկիրը ինչո՛ւ համար աւերուեցաւ
Ու այրած անապատի պէս եղաւ,
Ուրկէ մարդ չանցնիր։
13Եւ Տէրը ըսաւ.
«Քանի որ անոնք իմ օրէնքս ձգեցին,
Որ իրենց առջեւ դրեր էի
Ու իմ ձայնիս մտիկ չընելով՝ անոր համեմատ չքալեցին,
14Հապա իրենց սրտին կամակորութեանը
Եւ հայրերուն իրենց սորվեցուցած Բահաղամին ետեւէն գացին,
15Անոր համար զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ.
«Ահա ես այս ժողովուրդին օշինդր պիտի կերցնեմ
Ու անոնց դառնութեան ջուր պիտի խմցնեմ։
16Զանոնք պիտի ցրուեմ այն ազգերուն մէջ,
Որոնք ո՛չ իրենք ճանչցան, ո՛չ ալ իրենց հայրերը։
Անոնց վրայ սուր պիտի ղրկեմ,
Մինչեւ որ զանոնք հատցնեմ»։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄՑԻՆԵՐԸ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԽՆԴՐԵՆ
17Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Մտածեցէ՛ք ու լալկան կիներ կանչեցէ՛ք որ գան
Եւ հանճարեղ կիներուն լուր ղրկեցէ՛ք, որ գան
18Ու մեզի համար շուտով ողբի ձայն բարձրացնեն,
Որպէս զի մեր աչքերը արցունքներ իջեցնեն
Եւ մեր արտեւանունքները ջուրեր վազցնեն.
19Քանզի Սիօնէն ողբի ձայն լսուեցաւ.
‘Ի՜նչպէս կործանեցանք, խիստ ամչցանք,
Վասն զի երկիրը թողուցինք,
Վասն զի թշնամիները հիմնայատակ ըրին մեր բնակարանները’»։
20Ուրեմն, ո՛վ կիներ, Տէրոջը խօսքը լսեցէ՛ք
Եւ ձեր ականջները անոր բերնին խօսքը թող ընդունին
Ու ձեր աղջիկներուն ո՛ղբ սորվեցուցէք
Եւ ամէն կին իր դրացիին եղերերգութիւն թող սորվեցնէ։
21Վասն զի մահը մինչեւ մեր պատուհանները ելաւ,
Մեր պալատները մտաւ,
Որպէս զի փողոցներէն՝ տղաքները
Ու հրապարակներէն երիտասարդները բնաջինջ ընէ։
22Ըսէ թէ «Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
‘Մարդոց դիակները պիտի իյնան
Արտերու երեսին վրայ եղող աղբին պէս,
Կամ հնձողներուն ետեւը մնացած խուրձի պէս
Եւ պիտի չըլլայ մէկը, որ զանոնք հաւաքէ’»։
23Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Իմաստունը իր իմաստութիւնովը թող չպարծի
Ու զօրաւորը իր զօրութիւնովը թող չպարծի,
Հարուստը իր հարստութիւնովը թող չպարծի.
24Բայց ան որ կը պարծի՝ թող անով պարծի,
Որ կը հասկնայ ու զիս կը ճանչնայ
Եւ գիտէ թէ ե՛ս եմ Տէրը,
Որ երկրի վրայ ողորմութիւն, իրաւունք ու արդարութիւն կ’ընեմ.
Քանզի ես ասոնց կը հաճիմ»։
25«Ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը,
Երբ բոլոր թլփատուածներուն ու անթլփատներուն,
26Եգիպտոսի եւ Յուդայի ու Եդովմի
Եւ Ամմոնի որդիներուն ու Մովաբի
Եւ #9:26 Կամ, երկրի ծայրերը եղողիրենց մօրուքին ծայրերը կտրող՝ ՝ անապատի բոլոր բնակիչներուն
Պիտի այցելեմ.
Վասն զի բոլոր ազգերը անթլփատ են
Ու բոլոր Իսրայէլի տունը սրտով անթլփատ է»։
Currently Selected:
ԵՐԵՄԵԱՅ 9: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.