ԵՐԵՄԵԱՅ 10
10
ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՃՇՄԱՐԻՏ ԵՐԿՐՊԱԳՈՒԹԻՒՆ
1Ո՛վ Իսրայէլի տուն,
Տէրոջը ձեզի համար ըսած խօսքը լսեցէք։
2Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ազգերուն ճամբաները մի՛ սորվիք
Ու երկնքի նշաններէն մի՛ զարհուրիք,
Վասն զի անոնցմէ հեթանոսները կը զարհուրին։
3Քանզի ժողովուրդներուն սովորութիւնները ունայնութիւն են,
Քանզի անտառէն փայտ կը կտրեն,
Անիկա արուեստագէտին ձեռքերուն գործն է՝ տապարով գործուած։
4Զանիկա արծաթով եւ ոսկիով կը զարդարեն
Ու գամերով եւ ուռերով կը գամեն զանիկա ու չի շարժիր։
5Անոնք արմաւենիի պէս շիտակ են, բայց չեն խօսիր.
Անոնք անշուշտ պիտի վերցուին, վասն զի չեն կրնար քալել։
Անոնցմէ մի՛ վախնաք, վասն զի չարիք մը չեն կրնար հասցնել,
Ո՛չ ալ բարիք ընելու կարող են։
6Ո՛վ Տէր, քեզի նման մէ՛կը չկայ.
Դուն մեծ ես ու քու անունդ զօրութեամբ մեծ է։
7Քեզմէ ո՞վ պիտի չվախնայ, ո՛վ ազգերու Թագաւոր,
Քանզի քեզի կը վայլէ.
Վասն զի ազգերու բոլոր իմաստուններուն մէջ
Եւ անոնց բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ
Քեզի նման մէ՛կը չկայ։
8Բայց անոնք բոլորովին անբան ու անմիտ են.
Անոնց կրօնքը ունայնութեան վարդապետութիւն է, փայտ է։
9Թարսիսէն՝ ծեծուած արծաթ
Եւ Ոփազէն ոսկի կը բերուի։
Անոնք վարպետի ու ոսկերիչի ձեռքերու գործ են։
Անոնց զգեստը կապուտակ ու ծիրանի է.
Բոլորը վարպետներու գործեր են։
10Սակայն Եհովան ճշմարիտ Աստուած է,
Անիկա կենդանի Աստուած է եւ յաւիտենական Թագաւոր։
Անոր բարկութենէն երկիրը կը դողայ
Ու ազգերը անոր սրտմտութեանը չեն դիմանար։
11 # 10:11 Այս համարը Քաղդէարէն լեզուով գրուած է Անոնց այսպէս ըսէք.
«Այն աստուածները, որոնք երկինքն ու երկիրը չշինեցին,
Երկրէն ու երկինքներուն տակէն պիտի կործանին»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
12Երկիրը իր զօրութիւնովը շինեց,
Աշխարհը իր իմաստութիւնովը հաստատեց։
Երկինքը իր խորհրդովը տարածեց։
13Երբ իր ձայնը տայ, երկնքի մէջ ջուրերու բազմութիւն կ’ըլլայ։
Երկրի ծայրերէն շոգիներ կը հանէ.
Անձրեւի համար փայլակներ կը շինէ,
Հով կը հանէ իր շտեմարաններէն։
14Ամէն մարդ գիտութենէն զրկուած՝ անասուն դարձաւ.
Ամէն ոսկերիչ իր քանդակած կուռքին պատճառով ամչցաւ,
Վասն զի ձուլուած կուռքը ստութիւն է։
Անոնք հոգի չունին,
15Անոնք ունայնութեան եւ խաբէութեան գործեր են,
Անոնց այցելութիւն եղած ատեն անոնք պիտի կորսուին։
16Յակոբին բաժինը ասոնց պէս չէ,
Վասն զի անիկա ամէն բան Ստեղծողն է։
Իսրայէլ անոր ժառանգութեանը վիճակն է։
Անոր անունը Եհովա Սաբաւովթ է։
ՄՕՏԵՑՈՂ ԱՔՍՈՐԸ
17Ո՛վ բերդի մէջ բնակող,
Քու ապրանքներդ երկրէն հաւաքէ՛,
18Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ահա ես այս անգամ երկրին բնակիչները դուրս պիտի նետեմ
Ու զանոնք նեղութեան մէջ պիտի ձգեմ, որպէս զի զգան»։
19Վա՜յ ինծի իմ հարուածիս համար,
Իմ վէրքս անդարմանելի է
Եւ ես ըսի. «Իրաւցընէ ասիկա ցաւ է
Ու զանիկա պիտի կրեմ»։
20Իմ վրանս կործանուեցաւ եւ բոլոր չուաններս փրթան.
Տղաքներս ինծմէ հեռացան ու չկան.
Ասկէ յետոյ վրանս կանգնեցնող
Ու վարագոյրներս կախող չկայ։
21Վասն զի հովիւները յիմարացան
Եւ Տէրը չխնդրեցին.
Անոր համար յաջողութիւն չգտան
Ու անոնց բոլոր հօտը ցրուեցաւ։
22Ահա հիւսիսի երկրէն գուժի ձայն
Եւ մեծ խռովութիւն կու գայ,
Որպէս զի Յուդայի քաղաքները աւերակ
Ու չագալներու բնակարան ընէ։
23Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ,
Քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ։
24Ո՛վ Տէր, զիս խրատէ, բայց չափաւորութեամբ,
Ո՛չ թէ քու բարկութիւնովդ, չըլլայ թէ զիս սպառես։
25Քու սրտմտութիւնդ քեզ չճանչցող ազգերուն վրայ
Եւ քու անունդ չկանչող ազգատոհմերուն վրայ թափէ.
Վասն զի Յակոբը կերան։
Զանիկա կերան ու հատցուցին
Եւ անոր բնակավայրը աւերակ դարձուցին։
Currently Selected:
ԵՐԵՄԵԱՅ 10: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.