YouVersion Logo
Search Icon

ԵՐԵՄԵԱՅ 8

8
1«Այն ժամանակ, կ’ըսէ Տէրը,
Յուդայի թագաւորներուն ոսկորները,
Անոր իշխաններուն ոսկորները,
Քահանաներուն ոսկորները,
Մարգարէներուն ոսկորները,
Երուսաղէմի բնակիչներուն ոսկորները
Իրենց գերեզմաններէն պիտի հանեն
2Եւ պիտի ցրուեն զանոնք արեւուն առջեւ ու լուսնին առջեւ
Եւ երկնքի բոլոր զօրքերուն առջեւ,
Որոնք սիրեցին ու անոնց ծառայեցին
Եւ անոնց ետեւէն գացին
Ու զանոնք փնտռեցին եւ անոնց երկրպագութիւն ըրին։
Անոնք պիտի չհաւաքուին ու պիտի չթաղուին,
Երկրի երեսին վրայ աղբի պէս պիտի ըլլան»։
3«Մահը կեանքէն աւելի ցանկալի պիտի ըլլայ
Այս չար ազգին բոլոր մնացորդներուն,
Որոնք մնացեր են այն տեղերը,
Ուր զանոնք վռնտեր եմ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
ՄԵՂՔ ԵՒ ՊԱՏԻԺ
4«Ու անոնց ըսէ՛, Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
‘Միթէ անոնք պիտի իյնան ու պիտի չելլե՞ն.
Կամ մէկը ճամբայէն կը խոտորի ու ետ չի՞ դառնար’։
5Ինչո՞ւ այս Երուսաղէմի ժողովուրդը մշտատեւ խոտորումով խոտորեցաւ։
Անոնք նենգութեան յարեցան, դառնալ չուզեցին։
6Ականջ դրի ու մտիկ ըրի,
Անոնք շիտակ չեն խօսիր.
Մարդ մը չկայ, որ իր չարութեան համար զղջայ
Ու ըսէ թէ՝ ‘Ի՛նչ գործեցի’.
Ամէնքը իրենց ընթացքին դարձան՝
Պատերազմի վազող ձիու պէս։
7Արագիլը անգամ օդին մէջ իր որոշ ժամանակը գիտէ
Ու տատրակը եւ կռունկը ու ծիծեռնակը
Իրենց գալուստին ժամանակը կը ճշդեն,
Բայց իմ ժողովուրդս Տէրոջը դատաստանը չի գիտեր»։
8«Ի՞նչպէս կ’ըսէք՝ ‘Մենք իմաստուն ենք
Ու Տէրոջը օրէնքը մեր քով է’։
Իրաւցընէ ահա դպիրներուն սուտ գրիչը կը ստէ։
9Իմաստունները ամչցան,
Անոնք զարհուրեցան ու բռնուեցան,
Ահա Տէրոջը խօսքը անարգեցին,
Ալ անոնց քով ի՞նչ իմաստութիւն կը մնայ։
10Ուստի անոնց կիները՝ օտարներուն,
Անոնց ագարակները անոնց տիրողներուն պիտի տամ,
Վասն զի պզտիկէն մինչեւ մեծը, ամէնքը ագահութեան ետեւէ եղան.
Մարգարէէն մինչեւ քահանան, ամէնքը ստութեամբ կը վարուին։
11Եւ իմ ժողովուրդիս աղջկան վէրքը հարեւանցի բժշկելով՝
‘Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն է’, կ’ըսեն,
Երբ խաղաղութիւն չկայ։
12Միթէ իրենց պղծութիւն ըրած ատենը կ’ամչնա՞ն։
Բնաւ չեն ամչնար
Ու պատկառիլ չեն գիտեր։
Անոր համար ինկածներուն մէջ պիտի իյնան»։
«Անոնց այցելութիւն եղած ատենը պիտի գլորին», կ’ըսէ Տէրը։
13«Զանոնք բոլորովին բնաջինջ պիտի ընեմ», կ’ըսէ Տէրը։
«Որթատունկին վրայ խաղող պիտի չըլլայ
Եւ թզենիին վրայ թուզ պիտի չըլլայ.
Անոնց տերեւներն ալ պիտի թառամին
Ու ինչ որ անոնց տուի անոնցմէ պիտի անհետանայ»։
14«Մենք ինչո՞ւ կը նստինք.
Հաւաքուեցէ՛ք ու պարսպապատ քաղաքներու մէջ մտնենք
Եւ հոն լուռ կենանք,
Վասն զի մեր Տէր Աստուածը մեզ լռեցուց,
Ու մեզի դառնութեան ջուր խմցուց,
Քանզի Տէրոջը դէմ մեղք գործեցինք։
15Խաղաղութեան սպասեցինք, բայց խռովութիւն եկաւ,
Բժշկութեան սպասեցինք, բայց վիրաւորները շատցան։
16«Անոր ձիերուն փռնչիւնը Դանէն լսուեցաւ.
Անոր երիվարներուն խրխնջիւնէն
Բոլոր երկիրը շարժեցաւ։
Վասն զի պիտի գան ու երկիրը եւ անոր լիութիւնը,
Քաղաքն ու անոր բնակիչները պիտի ուտեն»։
17«Քանզի ահա ձեր մէջ օձեր,
Քարբեր պիտի ղրկեմ, որոնք թովչութենէ չեն ազդուիր
Եւ ձեզ պիտի խայթեն», կ’ըսէ Տէրը։
18Իմ զուարթութիւնս տրտմութեան փոխուեցաւ,
Իմ սիրտս ներսիդիս կը մարի։
19Ահա հեռաւոր երկրէ եկողներուն պատճառով՝
Իմ ժողովուրդիս աղջկան ողբերուն ձայնը.
«Միթէ Տէրը Սիօնի մէջ չէ՞,
Անոր Թագաւորը հոն չէ՞»։
Ինչո՞ւ իրենց քանդակած կուռքերովը
Ու օտարներուն ունայնութիւններովը զիս բարկացուցին։
20Հունձքին ատենը անցաւ, ամառը վերջացաւ,
Բայց մենք չփրկուեցանք։
21Իմ ժողովուրդիս աղջկան վէրքին համար վշտացայ,
Ողբացի ու սոսկումը զիս պատեց։
22Միթէ Գաղաադի մէջ բալասան չկա՞յ,
Հոն բժիշկ չկա՞յ.
Հապա ինչո՞ւ համար իմ ժողովուրդիս աղջիկը բժշկութիւն չգտաւ։

Currently Selected:

ԵՐԵՄԵԱՅ 8: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԵՐԵՄԵԱՅ 8