Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Իմաստունը իր իմաստութիւնովը թող չպարծի
Ու զօրաւորը իր զօրութիւնովը թող չպարծի,
Հարուստը իր հարստութիւնովը թող չպարծի.
Բայց ան որ կը պարծի՝ թող անով պարծի,
Որ կը հասկնայ ու զիս կը ճանչնայ
Եւ գիտէ թէ ե՛ս եմ Տէրը,
Որ երկրի վրայ ողորմութիւն, իրաւունք ու արդարութիւն կ’ընեմ.
Քանզի ես ասոնց կը հաճիմ»։