1
ԵՐԵՄԵԱՅ 8:22
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Միթէ Գաղաադի մէջ բալասան չկա՞յ, Հոն բժիշկ չկա՞յ. Հապա ինչո՞ւ համար իմ ժողովուրդիս աղջիկը բժշկութիւն չգտաւ։
Compare
Explore ԵՐԵՄԵԱՅ 8:22
2
ԵՐԵՄԵԱՅ 8:4
«Ու անոնց ըսէ՛, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Միթէ անոնք պիտի իյնան ու պիտի չելլե՞ն. Կամ մէկը ճամբայէն կը խոտորի ու ետ չի՞ դառնար’։
Explore ԵՐԵՄԵԱՅ 8:4
3
ԵՐԵՄԵԱՅ 8:7
Արագիլը անգամ օդին մէջ իր որոշ ժամանակը գիտէ Ու տատրակը եւ կռունկը ու ծիծեռնակը Իրենց գալուստին ժամանակը կը ճշդեն, Բայց իմ ժողովուրդս Տէրոջը դատաստանը չի գիտեր»։
Explore ԵՐԵՄԵԱՅ 8:7
4
ԵՐԵՄԵԱՅ 8:6
Ականջ դրի ու մտիկ ըրի, Անոնք շիտակ չեն խօսիր. Մարդ մը չկայ, որ իր չարութեան համար զղջայ Ու ըսէ թէ՝ ‘Ի՛նչ գործեցի’. Ամէնքը իրենց ընթացքին դարձան՝ Պատերազմի վազող ձիու պէս։
Explore ԵՐԵՄԵԱՅ 8:6
5
ԵՐԵՄԵԱՅ 8:9
Իմաստունները ամչցան, Անոնք զարհուրեցան ու բռնուեցան, Ահա Տէրոջը խօսքը անարգեցին, Ալ անոնց քով ի՞նչ իմաստութիւն կը մնայ։
Explore ԵՐԵՄԵԱՅ 8:9