ԵՐԵՄԵԱՅ 7
7
ԵՐԵՄԻԱ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՔԱՐՈԶԷ
1Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղած խօսքն է, որ ըսաւ.
2«Տէրոջը տանը դուռը կեցիր
Ու հոն այս խօսքը կանչէ՛ ու ըսէ.
‘Տէրոջը խօսքին մտի՛կ ըրէք, ո՛վ բոլոր Յուդա
Որ այս դռներէն կը մտնէք
Տէրոջը երկրպագութիւն ընելու համար’»։
3Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը կ’ըսէ.
«Ձեր ճամբաներն ու գործերը ուղղեցէ՛ք,
Որպէս զի թողում, որ այստեղ բնակիք։
4Դուք մի՛ ապաւինիք սուտ խօսքերու, որ կ’ըսեն.
‘Տէրոջը տաճարը, Տէրոջը տաճարը,
Տէրոջը տաճարը այս է’։
5«Քանզի եթէ ձեր ճամբաներն ու գործերը ճշմարտապէս ուղղէք
Եւ եթէ մարդուն ու անոր ընկերին մէջտեղ
Իրաւունքը զգուշութեամբ գործադրէք,
6Պանդուխտին, որբին ու որբեւարիին զրկանք չընէք
Ու անմեղ արիւն չթափէք
Եւ օտար աստուածներու ետեւէ չերթաք
Որ ձեզի չարիքի պատճառ կ’ըլլայ,
7Այն ատեն այստեղ՝ ձեր հայրերուն տուած երկրիս մէջ՝
Պիտի բնակեցնեմ ձեզ յաւիտեանս յաւիտենից։
8«Ահա դուք սուտ խօսքերու կ’ապաւինիք,
Որոնք չեն կրնար օգուտ մը ընել։
9Արդեօք գողութիւն, մարդասպանութիւն եւ շնութիւն ընելով,
Սուտ երդում ընելով եւ Բահաղին խունկ ծխելով,
Ձեր չճանչցած օտար աստուածներուն ետեւէն երթալով
10Կրնա՞ք գալ ու իմ առջեւս կայնիլ այս տանը մէջ,
Որ իմ անունովս կոչուած է
Եւ ըսել՝ ‘Ազատուեցանք, որպես զի այս բոլոր պղծութիւնները ընենք’։
11«Այս տունը, որ իմ անունովս կոչուած է,
Միթէ ձեր աչքերուն առջեւ աւազակներու քարա՞յր եղաւ։
‘Ահա ես տեսայ’, կ’ըսէ Տէրը։
12Բայց հիմա Սելովի մէջ գտնուած տեղս գացէք,
Հոն՝ ուր առաջին անգամ իմ անունս հաստատեցի
Եւ տեսէք թէ ի՞նչ ըրեր եմ անոր,
Իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի չարութեան պատճառով։
13«Ու հիմա՝ որովհետեւ այս բոլոր գործերը ըրիք՝ կ’ըսէ Տէրը,
Ու երբ ձեզի խօսեցայ կանուխ ելլելով, բայց դուք մտիկ չըրիք,
Ձեզ կանչեցի, բայց դուք պատասխան չտուիք.
14Ես ալ այս ձեր ապաւինած տանը,
Որ իմ անունովս կոչուած է
Եւ ձեզի ու ձեր հայրերուն տուած տեղիս
Պիտի ընեմ այնպէս՝ ինչպէս Սելովին ըրի։
15Ինչպէս ձեր բոլոր եղբայրները,
Եփրեմի բոլոր սերունդը վռնտեցի,
Այնպէս ալ ձեզ իմ առջեւէս պիտի վռնտեմ’»։
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ
16«Ուստի դուն այս ժողովուրդին համար աղօթք մի՛ ըներ
Եւ անոնց համար աղաղակ ու աղաչանք մի՛ մատուցաներ
Ու բարեխօսութիւն մի՛ ըներ,
Քանզի քեզի մտիկ պիտի չընեմ։
17Դուն չե՞ս տեսներ թէ անոնք ի՛նչ կ’ընեն
Յուդայի քաղաքներուն եւ Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ։
18Տղաքները փայտ կը հաւաքեն,
Հայրերը կրակ կը վառեն,
Կիները խմոր կը շաղեն՝
Երկնքի թագուհիին բլիթներ շինելու համար
Եւ օտար աստուածներու ըմպելի նուէրներ կը մատուցանեն,
Որպէս զի զիս բարկացնեն»։
19«Միթէ անոնք զի՞ս կը բարկացնեն, կ’ըսէ Տէրը,
Չէ՞ որ իրենց անձը կը խռովեն իրենց երեսին ամօթին համար»։
20Անոր համար այսպէս կ’ըսէ Տէր Եհովան.
«Ահա իմ բարկութիւնս ու սրտմտութիւնս
Այս տեղին վրայ պիտի թափին՝
Մարդու վրայ եւ անասունի վրայ
Ու դաշտի ծառերուն վրայ
Ու երկրի պտուղներուն վրայ՝
Եւ պիտի բռնկի ու պիտի չմարի»։
21Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ.
«Ձեր ողջակէզները ձեր զոհերուն վրայ աւելցուցէ՛ք եւ մի՛ս կերէք։
22Վասն զի ձեր հայրերը Եգիպտոսի երկրէն հանած օրս,
Անոնց բան մը չըսի ողջակէզի ու զոհի մասին,
Ո՛չ ալ անոնց հրամայեցի.
23Բայց անոնց հետեւեալը հրամայեցի ու ըսի.
‘Իմ ձայնիս մտիկ ըրէք։
Ես ձեզի Աստուած ըլլամ
Ու դուք ինծի ժողովուրդ եղէք։
Ձեզի հրամայուած ճամբաներուն մէջէն քալեցէք,
Որպէս զի ձեզի աղէկ ըլլայ’։
24Բայց անոնք մտիկ չըրին ու ականջ չկախեցին,
Հապա իրենց չար սրտին կամակորութիւնովը
Իրենց խորհուրդներուն հետեւեցան
Ու ե՛տ գացին եւ ո՛չ թէ յառաջ։
25Ձեր հայրերուն Եգիպտոսի երկրէն ելած օրէն մինչեւ այսօր
Իմ բոլոր ծառաներս՝ մարգարէները՝ ձեզի ղրկեցի։
Ամէն օր կանուխ ելլելով կը ղրկէի
26Ու ինծի մտիկ չըրին եւ ականջ չկախեցին,
Հապա իրենց պարանոցը խստացուցին,
Իրենց հայրերէն աւելի չար եղան»։
27«Դուն այս բոլոր խօսքերը անոնց պիտի ըսես,
Բայց քեզի մտիկ պիտի չընեն։
Զանոնք պիտի կանչես,
Բայց քեզի պատասխան պիտի չտան։
28Այն ատեն անոնց ըսէ՛.
‘Իր Տէր Աստուծոյն ձայնին մտիկ չընող
Ու խրատ չընդունող ազգը ասիկա է։
Ճշմարտութիւնը կորսուեցաւ ու անոնց բերնէն կտրուեցաւ’։
ՄԵՂՍԱԼԻՑ ԳՈՐԾԵՐ ԵՆՈՎՄԻ ՁՈՐԻՆ ՄԷՋ
29«Մազերդ կտրէ՛ ու նետէ՛, ո՛վ Երուսաղէմ
Եւ բլուրներուն վրայ ողբա՛.
Քանզի Տէրը մերժեց ու երեսէ ձգեց այն ազգը
Որուն դէմ շատ սրդողեր էր»։
30«Յուդային որդիները իմ առջեւս չարութիւն գործեցին, կ՛ըսէ Տէրը,
Իրենց գարշելի բաները իմ անունովս կոչուած տանը մէջ դրին,
Որպէս զի զանիկա պղծեն։
31Ենովմի որդիին ձորին մէջ եղող Տօփեթին բարձր տեղեր շինեցին՝
Իրենց տղաքն ու աղջիկները կրակով այրելու համար,
Որ անոնց չհրամայեցի ու մտքէս ալ անցած չէր»։
32«Ուստի ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը,
Որ ա՛լ Տօփեթ կամ Ենովմի որդիին ձորը պիտի չկոչուի,
Հապա՝ Սպանութեան ձոր
Եւ Տօփեթի մէջ մեռելներ պիտի թաղեն #7:32 Կամ, ուրիշ տեղ չըլլալուն համարմինչեւ որ ա՛լ տեղ չմնայ՝ ՝։
33Ու այս ժողովուրդին դիակները
Երկնքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի ըլլան
Եւ զանոնք վռնտող մը պիտի չըլլայ։
34Ու Յուդայի քաղաքներէն ու Երուսաղէմի փողոցներէն
Ցնծութեան ձայնը եւ ուրախութեան ձայնը,
Փեսային ձայնն ու հարսին ձայնը պիտի դադրեցնեմ,
Վասն զի երկիրը պիտի ամայանայ»։
Currently Selected:
ԵՐԵՄԵԱՅ 7: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.