Bible App logo
Search Icon

ԵՐԵՄԵԱՅ 50

50
ԲԱԲԵԼՈՆԻՆ ԳՐԱՒՈՒՄԸ
1Բաբելոնի վրայով, Քաղդէացիներու երկրին վրայով, Երեմիա մարգարէին միջոցով Տէրոջը ըսած խօսքը։
2«Ազգերուն մէջ պատմեցէ՛ք.
Հրատարակեցէ՛ք ու դրօշ վերցուցէ՛ք.
Հրատարակեցէ՛ք ու մի՛ ծածկէք ու ըսէ՛ք՝
‘Բաբելոնը առնուեցաւ, Բէլը ամչցաւ,
Մարովդաքը կոտրեցաւ,
Անոր արձանները ամչցան,
Անոր կուռքերը կոտրտեցան’.
3Վասն զի անոր վրայ հիւսիսէն ազգ մը ելաւ,
Որը անոր երկիրը աւերակ պիտի ընէ
Ու հոն բնակիչ պիտի չմնայ.
Մարդէ մինչեւ անասուն պիտի փախչին երթան»։
ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ
4«Այն օրերը ու այն ժամանակը, կ’ըսէ Տէրը,
Իսրայէլին որդիները, իրենք ու Յուդային որդիները, մէկտեղ պիտի գան,
Քալելով ու լալով պիտի գան
Եւ իրենց Տէր Աստուածը պիտի փնտռէն։
5Սիօնի համար պիտի հարցնեն՝
Իրենց երեսը դէպի հոն դարձնելով.
‘Եկէ՛ք ու Տէրոջը յարի՛նք
Յաւիտենական ու անմոռաց ուխտով մը’։
6«Իմ ժողովուրդս կորսուած ոչխարներու պէս եղաւ,
Իրենց հովիւները զանոնք մոլորեցուցին։
Զանոնք լեռներու վրայ պտըտցուցին։
Անոնք ալ լեռնէ լեռ ու բլուրէ բլուր գացին
Ու իրենց մակաղատեղին մոռցան։
7Բոլոր գտնողները զանոնք կերան
Ու անոնց թշնամիները ըսին՝
‘Մենք յանցանք չունինք,
Վասն զի անոնք արդարութեան բնակարան եղող Տէրոջը դէմ
Ու իրենց հայրերուն յոյսը եղող Տէրոջը դէմ մեղք գործեցին’։
8«Բաբելոնէն փախէ՛ք
Ու Քաղդէացիներու երկրէն ելէք
Եւ հօտերուն առջեւէն գացող նոխազներուն պէս եղէ՛ք։
9Քանզի ահա ես Բաբելոնի վրայ
Հիւսիսի երկրէն մեծ ազգերու խումբ մը
Պիտի արթնցնեմ ու հանեմ։
Անոր առջեւ գունդերով պիտի շարուին
Եւ ան պիտի առնուի։
Անոնց նետերը, յաջողակ պատերազմողի նետերու պէս
Պարապ պիտի չդառնան։
10Եւ Քաղդէացիներու երկիրը պիտի կողոպտուի
Ու զանիկա թալլողները պիտի կշտանան», կ’ըսէ Տէրը։
ԲԱԲԵԼՈՆԻՆ ԱՆԿՈՒՄԸ
11«Որովհետեւ դուք ուրախացաք ու խնդացիք,
Ո՛վ իմ ժառանգութեանս կողոպտիչներ,
# 50:11 Կամ, Ցորեն ծեծող Կանանչ խոտերու մէջ արածուող՝ ՝ երինջի պէս ցատկեցէ՛ք
Ու երիվարներու պէս վրնջեցէ՛ք։
12Ձեր մայրը խիստ ամչցաւ.
Ձեզ ծնանողը շնորհազուրկ եղաւ։
Ահա անիկա ազգերուն յետինը,
Անապատ, անջրդի ու ամայի պիտի ըլլայ։
13Տէրոջը բարկութեանը պատճառով հոն մարդ պիտի չբնակի,
Բոլորովին ամայի պիտի ըլլայ։
Ով որ Բաբելոնի քովէն անցնի՝
Անոր հարուածներուն վրայ
Պիտի զարմանայ ու պիտի սուլէ։
14Բաբելոնի շուրջը շարուեցէ՛ք,
Ո՛վ աղեղ լարողներ,
Անոր նետեցէ՛ք, նետին մի՛ խնայէք,
Քանզի անիկա Տէրոջը դէմ մեղք գործեց։
15Անոր շուրջը աղաղակ բարձրացուցէ՛ք.
Անիկա անձնատուր եղաւ,
Անոր հիմերը կործանուեցան,
Անոր պարիսպները աւերուեցան,
Վասն զի ասիկա Տէրոջը վրէժխնդրութիւնն է։
Անկէ վրէժ առէ՛ք,
Անոր իր ըրածին պէս ըրէ՛ք։
16Բաբելոնէն սերմանողը ու հունձքի ժամանակ մանգաղ բռնողը կոտորեցէ՛ք.
Բռնաւորին սուրին երեսէն
Ամէն մարդ իր ժողովուրդին պիտի դառնայ
Ու ամէն մարդ իր երկիրը պիտի փախչի։
ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ
17«Իսրայէլ մոլորեալ ոչխար մըն է,
Առիւծներէն հալածուած.
Նախ Ասորեստանի թագաւորը զանիկա կերաւ
Ու ետքը Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը անոր ոսկորները կրծեց։
18Ասոր համար զօրքերու Տէրը, Իսրայէլին Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ.
‘Ահա ես Բաբելոնի թագաւորին ու անոր երկրին վրայ պատուհաս պիտի բերեմ,
Ինչպէս Ասորեստանի թագաւորին ըրի։
19Եւ Իսրայէլը իր բնակարանը պիտի դարձնեմ
Ու Կարմեղոսի եւ Բասանի մէջ պիտի արածի
Ու անոր հոգին Եփրեմի լերանը վրայ
Ու Գաղաադի վրայ պիտի կշտանայ’։
20Այն օրերն ու այն ժամանակը, կ’ըսէ Տէրը,
Իսրայէլի մէջ անօրէնութիւն պիտի փնտռուի,
Բայց անօրէնութիւն պիտի չըլլայ
Եւ Յուդայի մէջ մեղքեր պիտի փնտռուին,
Բայց պիտի չգտնուին.
Վասն զի պիտի ներեմ անոնց մեղքը, որոնք իբր մնացորդ պահած եմ»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԲԱԲԵԼՈՆԻՆ
21 # 50:21 Այսինքն, ապստամբութեան Մերաթայիմի երկրին վրայ
Եւ #50:21 Այսինքն, այցելութեանՓակուդի բնակիչներուն վրայ ելի՛ր,
Զանոնք աւերէ՛
Ու նզովուածի պէս բնաջինջ ըրէ՛, կ’ըսէ Տէրը
Եւ քեզի պատուիրածիս պէս ըրէ՛։
22Երկրին մէջ պատերազմի ձայն
Ու մեծ կոտորած կայ։
23Բոլոր երկրին մուրճը ի՜նչպէս կոտրուեցաւ ու փշրուեցաւ։
Բաբելոն ազգերուն մէջ ի՜նչպէս աւերակ եղաւ։
24Քեզի որոգայթ լարեցի ու բռնուեցար, ո՛վ Բաբելոն,
Բայց դուն չգիտցար։
Գտնուեցար ու ձեռքը անցար,
Վասն զի Տէրոջը դէմ մաքառեցար։
25Տէրը իր զինարանը բացաւ
Ու իր բարկութեան զէնքերը հանեց,
Քանզի Քաղդէացիներու երկրին մէջ
Զօրքերու Տէր Եհովան կատարելիք գործ մը ունի։
26 Երկրի ծայրէն անոր վրայ եկէ՛ք,
Անոր շտեմարանները բացէ՛ք,
Զանիկա շեղջերու պէս դիզեցէ՛ք
Ու նզովուածի պէս զանիկա բնաջինջ ըրէ՛ք.
Անկէ մնացորդ մի՛ թողուք։
27Անոր բոլոր զուարակները կորսնցուցէ՛ք,
Թող անոնք սպանդանոցը իջնեն։
Վա՜յ անոնց, քանզի անոնց օրը,
Անոնց պատուհասի ժամանակը հասած է։
28Բաբելոնի երկրէն փախչողներուն ու ազատուածներուն ձայնը կու գայ,
Որպէս զի մեր Տէր Աստուծոյն վրէժխնդրութիւնը,
Անոր տաճարին վրէժխնդրութիւնը, Սիօնի մէջ պատմէ։
29«Բաբելոնի վրայ աղեղնաւորներ կանչեցէ՛ք.
Ո՛վ բոլոր աղեղ լարողներ,
Անոր բոլորտիքը բանակեցէ՛ք.
Չըլլայ թէ մարդ մը ազատի։
Անոր իր գործերուն համեմատ հատուցում ըրէք։
Անոր իր ամէն ըրածին պէս ըրէ՛ք.
Վասն զի անիկա Տէրոջը դէմ՝
Իսրայէլին Սուրբին դէմ՝ հպարտացաւ։
30Ուստի անոր կտրիճները իր հրապարակներուն մէջ պիտի իյնան
Եւ անոր բոլոր պատերազմիկները
Այն օրը բնաջինջ պիտի ըլլան», կ’ըսէ Տէրը։
31«Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ հպարտ,
Կ’ըսէ զօրքերու Տէր Եհովան,
Քանզի քու օրդ, քեզ պատուհասելու ժամանակը հասած է։
32Հպարտը գլորուելով պիտի իյնայ
Ու մէ՛կը պիտի չըլլայ, որ զանիկա վերցնէ։
Անոր քաղաքներուն մէջ կրակ պիտի բռնկեցնեմ,
Որ անոր բոլոր շրջակայ տեղերը ուտէ»։
33Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Իսրայէլի որդիները ու Յուդայի որդիները մէկտեղ զրկանք կրեցին
Ու անոնց բոլոր գերեվարները զանոնք բռնեցին
Ու չեն ուզեր զանոնք արձակել։
34Անոնց Փրկիչը զօրաւոր է,
Անոր անունը Զօրքերու Տէր է.
Անիկա անշուշտ անոնց դատին ջատագով պիտի ըլլայ,
Որպէս զի երկրին հանգստութիւն տայ
Ու Բաբելոնի բնակիչները խռովեցնէ։
35Տէրը կ’ըսէ թէ Քաղդէացիներուն վրայ
Ու Բաբելոնի բնակիչներուն վրայ
Եւ անոր իշխաններուն ու իմաստուններուն վրայ սուր պիտի գայ։
36Ստախօսներուն վրայ սուր պիտի գայ ու պիտի խենդենան։
Անոր կտրիճներուն վրայ սուր պիտի գայ ու պիտի զարհուրին։
37Անոր ձիերուն ու կառքերուն վրայ
Եւ անոր մէջ եղող բոլոր խառնիճաղանճ բազմութեանը վրայ սուր պիտի գայ
Ու կիներու պէս պիտի ըլլան։
Անոր գանձերուն վրայ սուր պիտի գայ ու պիտի յափշտակուին։
38Անոր ջուրերուն վրայ չորութիւն պիտի գայ ու պիտի ցամքին։
Քանզի անիկա կուռքերու երկիր է
Ու իրենց կուռքերովը կը յիմարանան։
39Անոր համար հոն վայրենի կատուներ ու բորենիներ պիտի բնակին
Ու հոն ջայլամներ պիտի բնակին։
Եւ հոն անգամ մըն ալ մարդ պիտի չբնակի
Ու ազգէ ազգ հոն բնակիչ պիտի չըլլայ։
40Աստուծոյ կործանած Սոդոմին ու Գոմորին
Եւ անոր շրջակայ քաղաքներուն պէս, կ’ըսէ Տէրը,
Հոն ա՛լ մարդ պիտի չնստի
Եւ անոր մէջ մարդու զաւակ պիտի չբնակի։
41«Ահա հիւսիսէն ժողովուրդ մը պիտի գայ
Ու մեծ ազգ մը եւ շատ թագաւորներ
Երկրի ծայրերէն պիտի արթննան։
42Անոնք աղեղ ու նիզակ կը կրեն,
Անոնք անգութ ու անողորմ են։
Անոնց ձայնը ծովու պէս կը գոռայ
Եւ անոնք ձիերու վրայ կը հեծնեն
Ու պատերազմող մարդու պէս
Քեզի դէմ կը շարուին, ո՛վ Բաբելոնի աղջիկ։
43Երբ Բաբելոնի թագաւորը այս լուրը լսեց,
Անոր ձեռքերը թուլցան.
Նեղութիւնը շրջապատեց զանիկա
Ծննդական կնոջ երկունքին պէս։
44Ահա անիկա առիւծի պէս ամուր բնակարանի վրայ պիտի ելլէ
Յորդանանի ջուրերուն յորդելէն։
Բայց անոր վրայէն շուտով պիտի փախցնեմ զանոնք։
Ո՞վ է այն ընտրեալը, որ անոր վրայ դնեմ.
Վասն զի ինծի նման ո՞վ կայ։
Ինծի հետ ո՞վ պիտի վիճաբանի.
Ո՞վ է այն հովիւը, որ իմ առջեւս պիտի կենայ։
45Անոր համար Բաբելոնի վրայով ունեցած Տէրոջը խորհուրդը
Ու Քաղդէացիներու երկրին վրայ ունեցած մտածումը լսեցէ՛ք.
Հօտին ամենէն պզտիկը անպատճառ պիտի քշէ զանոնք.
Անշուշտ անոնց բնակարանները իրենց հետ պիտի աւերէ։
46Բաբելոնի առնուելու ձայնէն երկիրը կը շարժի
Ու ազգերուն մէջ աղաղակ կը լսուի»։

Currently Selected:

ԵՐԵՄԵԱՅ 50: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

Video for ԵՐԵՄԵԱՅ 50