Bible App logo
Search Icon

ԵՐԵՄԵԱՅ 51

51
ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԱՆԱՉԱՌ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ
1Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ահա ես Բաբելոնի վրայ
Ու իմ թշնամիներուս մէջտեղ բնակողներուն վրայ
Ապականիչ հով մը պիտի հանեմ։
2Բաբելոնի վրայ հոսողներ պիտի ղրկեմ
Ու զանիկա պիտի հոսեն եւ անոր երկիրը պիտի պարպեն։
Վասն զի պատուհասին օրը անոր վրայ ամէն կողմէն պիտի գան։
3Աղեղնաւորը պիտի լարէ իր աղեղը աղեղնաւորին դէմ
Ու իր զրահը՝ հպարտացողին դէմ։
Անոր երիտասարդներուն մի՛ խնայէք,
Անոր բոլոր զօրքը նզովուածի պէս բնաջինջ ըրէ՛ք։
4Քաղդէացիներուն երկրին մէջ սպաննուածներ
Եւ անոր հրապարակներուն մէջ խոցոտուածներ պիտի իյնան։
5Քանզի Իսրայէլն ու Յուդան իրենց Աստուծմէն՝
Զօրքերու Տէրոջմէն՝ չմերժուեցան,
Թէպէտեւ իրենց երկիրը Իսրայէլի Սուրբին դէմ
Յանցանքով լեցուեցաւ։
6«Բաբելոնի մէջէն փախէ՛ք։
Ամէն մարդ թող իր անձը ազատէ,
Որպէս զի անոր անօրէնութիւնովը չկործանիք.
Քանզի ասիկա Տէրոջը վրէժխնդրութեան ժամանակն է,
Ինք անոր հատուցում պիտի ընէ։
7Բաբելոն Տէրոջը ձեռքին մէջ
Բոլոր երկիրը գինովցնող ոսկի գաւաթ մը եղաւ.
Անոր գինիէն ազգերը խմեցին,
Ատոր համար ազգերը յիմարացան։
8Բաբելոն յանկարծ ինկաւ կոտրեցաւ,
Անոր վրայ ողբացէ՛ք.
Անոր վէրքին համար բալասան առէ՛ք,
Թերեւս բժշկութիւն գտնէ։
9Բաբելոնին դեղ ըրինք, բայց բժշկութիւն չգտաւ.
Զանիկա թողուցէ՛ք ու մեզմէ իւրաքանչիւրը իր երկիրը թող երթայ.
Վասն զի անոր դատաստանը մինչեւ երկինք հասաւ
Ու մինչեւ ամպերը ելաւ։
10Տէրը մեր արդարութիւնը երեւան հանեց։
Եկէ՛ք ու Սիօնի մէջ
Մեր Տէր Աստուծոյն գործը պատմենք։
11Նետերը փայլեցուցէ՛ք, վահանները առէ՛ք.
Տէրը Մարերու թագաւորներուն հոգին արթնցուց,
Քանզի Տէրը խորհեցաւ, որ Բաբելոնը բնաջնջէ։
Վասն զի ասիկա Տէրոջը վրէժխնդրութիւնը,
Իր տաճարին վրէժխնդրութիւնն է։
12Բաբելոնի պարիսպներուն դէմ դրօշակ վերցուցէ՛ք,
Պահապան զօրքը ուժովցուցէ՛ք,
Դէտեր կարգեցէ՛ք, դարաններ պատրաստեցէ՛ք,
Քանզի Տէրը որոշեց
Եւ Բաբելոնի բնակիչներուն համար որոշածը գործադրեց։
13Ո՛վ շատ ջուրերու քով բնակող ու շատ գանձեր ունեցող,
Քու վախճանդ հասաւ ու քու ագահութեանդ չափը լեցուեցաւ»։
14Զօրքերու Տէրը իր անձին վրայ երդում ըրաւ՝ ըսելով.
‘Անշուշտ քեզ մարախի բազմութեանը չափ մարդոցմով պիտի լեցնեմ,
Որոնք քու վրադ բարձր ձայնով պիտի պոռան’։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
15Երկիրը իր զօրութիւնովը շինեց։
Աշխարհը իր իմաստութիւնովը հաստատեց։
Երկինքը իր խորհրդովը տարածեց։
16Երբ իր ձայնը տայ, երկնքի մէջ ջուրերու բազմութիւն կ’ըլլայ։
Երկրի ծայրերէն շոգի կը հանէ,
Անձրեւի համար փայլակներ կը շինէ
Ու հով կը հանէ իր շտեմարաններէն։
17Ամէն մարդ գիտութենէ զրկուած՝ անասուն դարձաւ,
Ամէն ոսկերիչ իր քանդակած կուռքին պատճառով ամչցաւ,
Վասն զի իր ձուլած կուռքը ստութիւն է։
Անոնք հոգի չունին,
18Անոնք ունայնութեան եւ խաբէութեան գործեր են.
Իրենց պատուհասի ատեն անոնք պիտի կորսուին։
19Յակոբին բաժինը ասոնց պէս չէ,
Վասն զի ամենուն Ստեղծողն է անոր բաժինը
Ու Իսրայէլ անոր ժառանգութեան վիճակն է
Եւ անոր անունը Եհովա Սաբաւովթ է։
20«Դուն՝ իմ կռանս, պատերազմական գործիքս ես։
Քեզմով ազգեր պիտի կոտորեմ։
Ու քեզմով թագաւորութիւններ պիտի աւերեմ։
21Ձին ու անոր հեծեալը քեզմով պիտի կոտորեմ,
Կառքն ու կառավարը քեզմով պիտի կոտրտեմ,
22Քեզմով մարդն ու կինը պիտի կոտորեմ,
Քեզմով ծերն ու երիտասարդը պիտի կոտորեմ։
Կտրիճը եւ կոյսը քեզմով պիտի կոտորեմ։
23Հովիւը եւ անոր հօտը քեզմով պիտի կոտորեմ,
Երկրագործն ու անոր եզներուն զոյգը քեզմով պիտի կոտորեմ,
Կուսակալներն ու նախարարները քեզմով պիտի կոտորեմ։
24«Եւ Բաբելոնի ու Քաղդէացիներու երկրին բոլոր բնակիչներուն
Պիտի հատուցանեմ իրենց բոլոր չարութիւնը,
Ինչպէս ձեր աչքերուն առջեւ Սիօնին ըրին, կ’ըսէ Տէրը։
25«Ո՛վ բոլոր երկիրը աւերող ապականիչ լեռ,
Ահա ես քեզի դէմ եմ, կ’ըսէ Տէրը,
Իմ ձեռքս քու վրադ պիտի երկնցնեմ,
Քեզ ժայռերէն վար պիտի գլորեմ։
Քեզ այրած լեռ պիտի ընեմ
26Ու քեզմէ անկեան քար եւ հիմի քար պիտի չառնեն,
Քանզի յաւիտենապէս աւերակ պիտի ըլլաս», կ’ըսէ Տէրը։
27Երկրին մէջ դրօշակ բարձրացուցէ՛ք,
Ազգերուն մէջ փող հնչեցուցէ՛ք,
Անոր դէմ ազգեր պատրաստեցէք,
Անոր վրայ Արարատի, Միննիի
Ու Ասքանազի թագաւորութիւնները կանչեցէ՛ք,
Անոր վրայ զօրապետներ դրէ՛ք,
Մազոտ մարախներու պէս ձիեր հանեցէ՛ք.
28Անոր վրայ ազգեր, Մարերու թագաւորները,
Անոնց կուսակալներն ու բոլոր նախարարները
Եւ անոնց հպատակ երկիրը պատրաստեցէ՛ք։
29Երկիրը պիտի դողայ ու նեղութիւն պիտի կրէ,
Վասն զի Բաբելոնի համար Տէրոջը խորհուրդները պիտի հաստատուին,
Բաբելոնի երկիրը անբնակ ու ամայի ընելու համար։
30Բաբելոնի զօրաւոր մարդիկը պատերազմէն դադարեցան
Եւ բերդերու մէջ բնակեցան.
Ուժերնին հատաւ, կիներու պէս եղան։
Անոր բնակարանները այրուեցան, անոր նիգերը կոտրուեցան։
31Սուրհանդակը սուրհանդակի հանդիպելու
Ու լրաբերը լրաբերի հանդիպելու պիտի վազէ,
Բաբելոնի թագաւորին պատմելու համար
Թէ անոր քաղաքը մէկ ծայրէն առնուեցաւ,
32Թէ անցքերը բռնուեցան,
Եղէգները կրակով այրուեցան,
Պատերազմիկները զարհուրեցան։
33Ահա զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ.
«Բաբելոնի աղջիկը կալի պէս է.
Անոր ծեծուելու ատենն է.
Քիչ ատենէն ետքը անոր հունձքին ժամանակը պիտի գայ»։
34«Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը
Զիս կերաւ, զիս բնաջինջ ըրաւ,
Զիս պարապ ամանի պէս ըրաւ,
Վիշապի պէս զիս կլլեց,
Իմ փափկութիւններէս իր փորը կշտացուց,
Զիս դուրս նետեց»։
35Սիօնի բնակիչը պիտի ըսէ.
«Ինծի ու իմ մարմնիս եղած զրկանքը Բաբելոնի վրայ ըլլայ»։
Ու Երուսաղէմ պիտի ըսէ.
«Իմ արիւնս Քաղդէացիներուն երկրին բնակիչներուն վրայ ըլլայ»։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՊԻՏԻ ՕԳՆԷ
36Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ահա ես քու դատիդ պաշտպան պիտի կանգնիմ,
Քեզի համար վրէժխնդիր պիտի ըլլամ,
Անոր ծովը պիտի ցամքեցնեմ,
Անոր աղբիւրը պիտի չորցնեմ։
37Բաբելոն աւերակի դէզեր,
Չագալներու բնակարան,
Զարմանքի եւ սուլելու ենթակայ պիտի ըլլայ։
Հոն մարդ պիտի չբնակի։
38«Անոնք առոյգ առիւծներու պէս մէկտեղ պիտի մռնչեն
Եւ կորիւններու պէս պիտի մրմռան։
39Երբ անոնք գինիէն տաքնան, անոնց կոչունք պիտի ընեմ
Ու զանոնք պիտի գինովցնեմ, որպէս զի զուարթանան
Եւ յաւիտենական քունով քնանան
Ու չարթննան», կ’ըսէ Տէրը։
40«Զանոնք սպանդանոցը պիտի իջեցնեմ գառնուկներու պէս
Կամ խոյերու պէս՝ նոխազներու հետ»։
ԲԱԲԵԼՈՆԻ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ
41«Ի՜նչպէս առնուեցաւ Սիսակը
Ու բոլոր երկրի պարծանքը բռնուեցաւ.
Բաբելոն ի՜նչպէս աւերակ եղաւ ազգերուն մէջ
42Ծովը Բաբելոնի վրայ ելաւ,
Անոր ալիքներուն շատութենէն ծածկուեցաւ ան։
43Անոր քաղաքները աւերակ,
Անջրդի երկիր ու անապատ եղան։
Այնպիսի երկիր մը եղան, ուր մարդ չի բնակիր
Ու անկէ մարդու զաւակ չ’անցնիր։
44Բաբելոնի մէջ Բէլը պիտի պատժեմ
Ու անոր բերնէն՝ իր կլլածը պիտի հանեմ
Ու անգամ մըն ալ ազգեր անոր պիտի չդիմեն։
Բաբելոնի պարիսպն ալ պիտի փլչի։
45«Անոր մէջէն ելէ՛ք, ո՛վ իմ ժողովուրդս
Եւ ամէն մարդ թող իր անձը ազատէ
Տէրոջը սաստիկ բարկութենէն։
46Չըլլայ թէ երկրին մէջ տարածուած լուրէն
Ձեր սիրտը թուլնայ ու վախնաք,
Երբ մէկ տարուան մէջ լուր մը,
Հետեւեալ տարուան մէջ ուրիշ լուր մը գայ,
Երկրին մէջ բռնութիւն ըլլայ,
Իշխան իշխանի դէմ ելլէ։
47«Անոր համար ահա օրեր կու գան,
Երբ Բաբելոնի կուռքերը պիտի պատժեմ.
Անոր բոլոր երկիրը պիտի ամչնայ,
Անոր բոլոր սպաննուածները անոր մէջ պիտի իյնան։
48Այն ատեն երկինք ու երկիր եւ բոլոր անոնց մէջ եղածը
Բաբելոնի վրայ պիտի խնդան,
Վասն զի աւերողները հիւսիսէն պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը։
49Ինչպէս Բաբելոն Իսրայէլի սպաննուածները վար ձգեց,
Այնպէս Բաբելոնի մէջ բոլոր երկրին սպաննուածները պիտի իյնան»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՏԳԱՄԸ ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԻՍՐԱՅԵԼԱՑԻՆԵՐՈՒՆ
50«Ո՛վ սուրէ ազատուածներ, գացէ՛ք, մի՛ կենաք,
Հեռուէն Տէրը յիշեցէ՛ք
Ու Երուսաղէմ ձեր միտքը թող գայ։
51«Նախատինքներուն համար ամչցանք.
Ամօթը մեր երեսը ծածկեց,
Քանզի Տէրոջը տանը սրբարաններուն մէջ օտարազգիներ մտան։
52Անոր համար ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը,
Երբ անոր կուռքերը պիտի պատժեմ
Եւ անոր բոլոր երկրին մէջ վիրաւորներ պիտի հեծեն։
53Թէեւ Բաբելոն մինչեւ երկինք ելլէ
Ու իր #51:53 Եբր., զօրութեանը բարձրութիւնը ամրացնէզօրութիւնը բարձրութեան մէջ հաստատէ՝ ՝,
Իմ կողմէ աւերողներ պիտի գան անոր», կ’ըսէ Տէրը։
ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԱՒԵՐՈՒՄԸ
54Բաբելոնէն աղաղակի ձայն
Ու Քաղդէացիներու երկրէն մեծ կոտորածի ձայն կու գայ։
55Քանզի Տէրը Բաբելոնը կ’աւերէ
Ու անոր մեծ ձայնը կը խափանէ.
Որովհետեւ անոնց ալիքները շատ ջուրերու պէս կը գոռան
Եւ անոնց ձայնը աղմուկի փոխուած է։
56Քանզի Բաբելոնի վրայ աւերող մը եկաւ
Ու անոր զօրաւորները առնուեցան,
Անոնց աղեղները կոտրուեցան,
Քանզի Տէրը հատուցանող Աստուած ըլլալուն՝
Անշուշտ հատուցում պիտի ընէ։
57«Անոր իշխաններն ու իմաստունները,
Կուսակալներն ու նախարարները
Եւ զօրաւոր մարդիկը պիտի գինովցնեմ
Ու անոնք յաւիտենական քունով պիտի քնանան
Ու պիտի չարթննան», կ’ըսէ այն Թագաւորը
Որուն անունը Զօրքերու Տէր է։
58Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Բաբելոնի լայն պարիսպները բոլորովին պիտի փլին,
Անոր բարձր դռները կրակով պիտի այրին։
Ժողովուրդները պարապ տեղը
Ու ազգերը կրակի համար պիտի աշխատին ու յոգնին»։
ԵՐԵՄԻԱՅԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ԲԱԲԵԼՈՆ ԿԸ ՂՐԿՈՒԻ
59Այս խօսքն է որ Երեմիա մարգարէն պատուիրեց Մաասիայի որդիին Ներիայի որդիին Սարայիային, երբ անիկա Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին կողմէ, անոր թագաւորութեանը չորրորդ տարին, Բաբելոն գնաց ու Սարայիան գլխաւոր սենեկապետն էր։ 60Վասն զի Երեմիա Բաբելոնի վրայ գալու ամէն չարիքները գրքի մէջ գրեց, այսինքն այս բոլոր խօսքերը, որ Բաբելոնի դէմ ըսուած են։ 61Երեմիա Սարայիային ըսաւ. «Երբ Բաբելոն երթաս, նայէ՛ ու կարդա՛ այս բոլոր խօսքերը 62Ու ըսէ՛. ‘Ո՛վ Տէր, դուն այս տեղին համար ըսիր, թէ զանիկա պիտի աւերես ու մարդէ մինչեւ անասուն անոր մէջ բնակիչ պիտի չմնայ, հապա յաւիտենական ամայութիւն պիտի ըլլայ’»։ 63Երբ այս գիրքը կարդաս լմնցնես, անոր վրայ քար մը կապէ ու զանիկա Եփրատի մէջ նետէ 64Ու ըսէ՛. «Այսպէս պիտի ընկղմի Բաբելոն ու անգամ մըն ալ պիտի չկանգնի՝ իմ անոր վրայ բերելու չարիքներուս պատճառով եւ անոնք պիտի յոգնին»։
Երեմիային խօսքերը մինչեւ հոս են։

Currently Selected:

ԵՐԵՄԵԱՅ 51: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in